ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ԴԷՊՔԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները միշտ կը շարունակուին։ Երէկ գիշեր պատահած են նոր դէպքեր։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները զանազան տրամաչափէ հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Այս առաւօտ, ժամը 08.00-ի դրութեամբ առաջնագծին վրայ իրադրութեան յարաբերական կայունութիւն հաստատուած է։ Դէպքերուն հետեւանքով հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2022