ՈՒՂԻՂ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Ուաշինկթընի մէջ երէկ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ ու միջնորդութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Օրուան տեւողութեան ծաւալուեցան բազմակողմանի քննարկումներ։ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ տեղի ունեցաւ նաեւ առանձին հանդիպում մը։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները տեսակցեցան նաեւ ամերիկեան կողմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խիզախ քայլեր կ՚առնեն խաղաղութեան հասնելու համար։ «Այս հանդիպման նպատակն է զարգացնել այն դրական արդիւնքները, որոնք արձանագրուած են անցեալ մէկուկէս ամսուան ընթացքին՝ ամերիկեան կողմի նախաձեռնած քննարկումներուն ժամանակ։ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութեան աւելի քան երեսուն տարիները ահռելի մարդկային եւ նիւթական կորուստներու պատճառ դարձած են, մարդկային կեանքեր խլած են, թողնելով սպիներ, որոնք խոր են։ Բայց այժմ մենք երկու երկիրներէն ալ կը տեսնենք իրական ու համարձակ քայլեր՝ անցեալը ետեւ թողելու եւ դէպի կայուն խաղաղութիւն երթալու ուղղութեամբ», ըսաւ Էնթընի Պլինքըն։ Կը հաղորդուի, որ ան չէ յստակացուցած, թէ որոնք են այն քայլերը, որոնց շուրջ գոյացած է փոխըմբռնում։ Մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած նաեւ այն բանակցութիւններուն շուրջ կամ խաղաղութեան հասնելու հաւանական տարբերակներուն առընչութեամբ։ Էնթընի Պլինքըն միայն ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն բարեկամական յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի հետ ու պատրաստ է իր հնարաւորութիւններու շրջանակներէն ներս նպաստել՝ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող այս հակամարտութեան կարգաւորման։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ յանձնառու է ամէն ինչ ընել, որպէսզի Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին աջակցի տեւական խաղաղութեան հասնելու ջանքերուն ուղղութեամբ։ «Սա, կը կարծեմ, աւելի լաւ ու պայծառ ապագայի մը հեռանկարն է։ Եւ ես կը դրուատեմ ձեզ ու ձեր կառավարութիւնները՝ խիզախութեան ու այն յանձնառութեան համար, զոր ի ցոյց կը դնէք այդ ճանապարհին», ըսաւ Էնթընի Պլինքըն։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ երէկ ուշ երեկոյեան ամփոփ տողերու մէջ անդրադարձան Ուաշինկթընի բանակցութիւններու արդիւնքներուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ նշուեցաւ, որ նախարարները Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալուած են Սպիտակ տան մերձակայ «Պլէր հաուզ»ի մէջ։ Արտաքին գործոց նախարարները կարծիքներ փոխանակած են հաւանական խաղաղութեան պայմանագրի տարրերուն վերաբերեալ։ Անոնք արձանագրած են, որ գոյութիւն ունին շարք մը խնդիրներ, որոնք տակաւին հասցէագրման կարիք ունին։ Երկու կողմերն ալ վերահաստատած են հոկտեմբերի 6-ին Փրակի եւ հոկտեմբերի 31-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ստանձնած յանձնառութիւնները։ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով պայմանաւորուած են՝ թափ հաղորդել իրենց բանակցութիւններուն ու նոր հանդիպում մը ունենալ յառաջիկայ շաբաթներուն։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են ամերիկեան կողմին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները հիւրընկալած ըլլալու բերումով։
Էնթընի Պլինքընի կարճ ելոյթէն վերջ երէկուան եռակողմանի բանակցութիւնները շարունակուեցան դռնփակ։ Հանդիպման ընթացքին Պլինքընի կողքին էին ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ եւ Կովկասի բանակցութիւններու գծով յատուկ ներկայացուցիչ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքեր եւ այլ պաշտօնատարներ։ Բանակցութիւններուն ժամանակ Արարատ Միրզոյեանի կողքին էին՝ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունց եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն Վահան Կոստանեան, Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան, Դաւիթ Կարապետեան եւ Վահան Յունանեան։ Հարկ է նշել, որ սա անցեալ սեպտեմբերի սկիզբին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած արիւնալի բախումներէն յետոյ եղաւ Հայաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու արդէն երկրորդ դէմ առ դէմ հանդիպումը։ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, սահմանային արիւնալի բախումներէն շաբաթ մը անց Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ տեսակցած էին։ Աւելի վերջ ալ անոնք Աստանայի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցած էին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ։ Ուրեմն, Ուաշինկթընի երէկուան հանդիպումը եկաւ համալրել այդ շարքը։
«Ուղիղ երկխօսութիւնը իրական, տեւական խաղաղութեան հասնելու լաւագոյն ձեւն է եւ մենք ուրախ ենք այդ բանին աջակցելով։ ԱՄՆ լիովին կը սատարէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան», երէկուան բանակցութիւններուն առթիւ Ուաշինկթընի մէջ յայտարարեց Էնթընի Պլինքըն։