Ի՞նչ Կը ԿԱՏԱՐՈՒԻ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՍԻՆԱ ՆԱՀԱՆԳԻՆ ՄԷՋ

Վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­գիպ­տո­սի Սի­նա նա­հան­գին մէջ ար­ձա­նագ­րուած դէպ­քե­րը կրնան բա­ւա­կան բարդ ի­րադ­րու­թիւն ստեղ­ծել զօրավար Ապ­տըլֆաթ­թահ Ալ Սի­սիի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար: Երկ­րին մէջ իշ­խա­նա­զուրկ ե­ղած եւ մա­հուան դա­տա­պար­տուած նախ­կին նա­խա­գահ ՝ Մու­համ­մէտ Մուր­սիի բան­տար­կու­թենէն ի վեր այս մա­կար­դա­կի ծանր բա­խում­ներ չեն գրանցուած: Բա­նա­կի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու մը, որ մեր­ժած է իր ա­նու­նը տալ ԱՖՓ լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան, խօ­սե­լով նկա­տել տուած է, թէ Սի­նա նա­հան­գի յատ­կա­պէս Շէյխ Զուայտ շրջա­նին մէջ գրան­ցուած բա­խում­նե­րը ե­ղած են ան­նա­խա­դէպ եւ թէ ա­ւե­լի քան երեք հարիւր իս­լա­մամէտ զի­նեալ­ներ նոյ­նիսկ շէն­քե­րու տա­նիք­նե­րէն ար­դիա­կան եւ ծանր զէն­քե­րով կրակ բա­ցած են բա­նա­կի ան­ցեր­գա­լա­յին կէ­տե­րուն վրայ: Ին­կած են եօթանասուն զո­հեր, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը բա­նա­կի զի­նուոր­ներ են: Զո­հուած­նե­րուն մէջ կան նաեւ չորս սպա­ներ: Ե­գիպ­տա­կան բա­նա­կը, ա­րա­գօ­րէն դուրս գա­լով «շո­քա­յի­ն» ի­րա­վի­ճա­կէն, յա­ջո­ղած է ա­րագ հա­կա­հա­րուած մը տալ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն: Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­ներ կը յայտ­նեն, որ բա­նա­կի հա­կա­հա­րուա­ծին ար­դիւն­քով սպան­նուած են շուրջ հարիւրքսան ա­հա­բե­կիչ­ներ:

Յի­շեց­նեմ, որ այս ա­նակն­կալ գրո­հէն ա­ռաջ ե­գիպ­տա­կան դա­տա­կան հա­մա­կար­գը ծանր հա­րուած ստա­ցած էր: Իս­լա­մամէտ­նե­րու դէմ ան­դուլ պայ­քա­րի գլխա­ւոր դրօ­շա­կիր հա­մա­րուող ոճ­րա­դատ ա­տեա­նի պետ, դա­տա­խազ՝ Հի­շամ Պա­րա­քաթ (65 տա­րե­կան) կը սպան­նուէր Գա­հի­րէի «Մասր Ալ Ժա­տի­տա» թա­ղա­մա­սին մէջ, զոհ եր­թա­լով ա­կա­նուած ինք­նա­շար­ժի մը պայ­թու­մին: Ա­ւե­լի ուշ պարզ կը դառ­նար, որ ա­կա­նուած ինք­նա­շար­ժը կը պատ­կա­նի ար­գի­լեալ «Իս­լամ եղ­բայր­նե­ր» շար­ժու­մի մէկ ան­դա­մին: Վե­րա­դառ­նա­լով Սի­նա­յի խնդրին, պէտք է նշել, որ Սա­տաթ-Պե­կին հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­մամբ այդ շրջա­նը եւ ըստ կնքուած հա­մա­ձայ­նագ­րին ա­պաս­պա­ռա­զի­նուած շրջան կը հա­մա­րուի եւ Ե­գիպ­տո­սի բա­նա­կը պար­տա­ւոր է Իս­րա­յէ­լէն թոյլ­տուու­թիւն ստա­նալ շրջա­նին մէջ յա­ւե­լեալ զօր­քեր տե­ղադ­րե­լու հա­մար: Իսկ Ռա­ֆահ շրջա­նը, որ կը հա­մա­րուի դէ­պի պա­ղես­տի­նեան Կա­զզէ ե­ղող միակ անց­քը վեր­ջին շրջա­նին, մշտա­կան պա­տու­հաս դար­ձած է Ե­գիպ­տո­սի հա­մար: Նախ­կին նա­խա­գահ Մուր­սի ա­մէն լիա­զօ­րու­թիւն տուած էր պա­ղես­տին­ցի զի­նեալ­նե­րուն եւ ա­նոնք այ­սօր դար­ձած են տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն շրջա­նին մէջ: Լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ նաեւ կը խօ­սին, որ այս ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րու ե­տին կը կանգ­նի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ISIS) խմբա­ւոր­ման Սի­նա­յի ջո­կա­տը: Այս բո­լո­րը ի հար­կէ քըն-նարկ­ման ա­ռար­կայ են, բայց եւ այն­պէս գաղտ­նիք մը բա­ցա­յայ­տած չենք ըլ­լար, ե­թէ հաս­տա­տենք, որ շրջա­նին մէջ իս­լա­մամէտ զի­նեալ­նե­րը ոչ միայն ISIS-ի, այլ նաեւ մօ­տիկ կը հա­մա­րուին պա­ղես­տի­նեան «Հա­մա­ս»ին: Սի­սի-«Համ­աս» յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը մնան լա­րուած, ո­րով­հե­տեւ Ե­գիպ­տո­սի գոր­ծող նա­խա­գա­հը ամ­բող­ջա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ կը պա­հէ սահ­մա­նա­յին ամ­բողջ հա­տուա­ծը եւ ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ դէ­պի Կա­զզէ զէն­քի ներ­հոս­քին:

Ա­կա­նում­ներ, պայ­թում­ներ, ա­հա­բեկ­չու­թիւն եւ բա­նա­կին դէմ հեր­թա­կան դար­ձած յար­ձա­կում­ներ: Այս հանգրուա­նին մէջ է Ե­գիպ­տո­սը այ­սօր: Ու բնա­կան է, որ այս ի­րա­վի­ճա­կէն օգ­տուող­նե­րէն կը հա­մա­րուի Իս­րա­յէ­լը: Չմոռ­նանք նաեւ ը­սել, որ Իս­րա­յէ­լի հա­մար «հին ե­րա­զ» կը հա­մա­րուի Սի­նան, դարձ­նել պա­ղես­տի­նեան նոր տա­րածք եւ ընդ­հա­ն­րա­պէս ձեր­բա­զա­տիլ Կա­զզէի «գլխա­ցա­ւան­ք»էն: Այս ա­ռու­մով պարզ չէ, պա­ղե­ստի­նեան ընդ­հա­նուր կե­ցուած­քը, բայց եւ այն­պէս յստակ է, որ «Հա­մաս», վրդո­ված է Գա­հի­րէի պաշ­տօ­նա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րէն: Ամերիկայի Միա-ցեալ Նահանգներու հա­մար եւս «հա­ճե­լի եւ օգ­տա­կա­ր» գա­ղա­փար է պա­ղես­տի­նեան «այ­լընտ­րան­քա­յին հայ­րե­նի­ք» ստեղ­ծե­լու հին վար­կա­ծին ջու­րի ե­րես հա­նուի­լը: Իս­րա­յէլ նոյն մօ­տե­ցու­մը փոր­ձած է կի­րա­ռել Լի­բա­նա­նի մէջ 1970-ա­կան­նե­րուն: Այլ ա­ռու­մով Միացեալ Նահանգներու հա­մար շատ խորթ է, որ իր վա­ղե­մի դաշ­նա­կի­ցը Միւ­պա­րա­քի յետ­նորդ Սի­սին (որ նոյն­պէս «բա­նա­կի դպրո­ց»ի ան­դամ է) այս­քան սի­րա­լիր կա­պեր հաս­տա­տէ Մոս­կուա­յի հետ: Մեր մտքե­րուն մէջ տա­կա­ւին թարմ է Վլատ­իմիր Փու­թի­նի տուած այ­ցե­լու­թիւ­նը Գա­հի­րէ, ուր ան ոչ միայն զի­ն-ւո­րա­կան եւ տնտե­սա­կան կա­րե­ւոր հա­մա­ձայ­նագ­րեր կը կնքէր, այլ ա­ռիթ կը ստեղ­ծէր, որ նոյ­նիքն Սի­սի Մոս­կուա­յի «Կար­միր հա­պա­րա­կ»ին վրայ մաս­նակ­ցի Բ. Աշ­խա­րահ­մար­տի 9 Մա­յի­սի յաղ­թա­նա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն: Խոր­քին մէջ այս դէպ­քե­րու ժամկէտը եւս բա­ւա­կան կա­րե­ւոր է այն ի­մաս­տով, որ Սու­րիոյ, Եէ­մէ­նի եւ Լի­պիոյ ան­լոյծ տագ­նապ­նե­րէն ետք ISIS-ի հո­սան­քը կը փոր­ձէ գե­տին շա­հիլ Ե­գիտպ­տո­սի մէջ: Վեր­լու­ծա­բան­ներ նոյն թե­մային մա­սին խօ­սե­լով կար­ծիք յայտ­նած են, որ տե­ղի ու­նե­ցած այս ան­նա­խա­դէպ գրո­հին հե­տե­ւան­քով Ե­գիպ­տո­սի այս տա­րուան զբօ­սաշր­ջա­յին ե­ղա­նա­կը մեծ կո­րուստ­ներ պի­տի կրէ:

Բա­ցի այս նա­խադ­րեալ­նե­րէն, ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի մէջ յա­ռա­ջա­տար ա­ռաջ­նոր­դի բա­ցա­կա­յու­թեան տագ­նա­պը եւս կը մնայ ա­ռաջ­նա­յին: Զօրավար Սի­սի հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Գա­հի­րէի մէջ գու­մա­րուած վեր­ջին հա­մա­րա­բա­կան ժո­ղո­վին կա­րե­ւոր եւ տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ, սա­կայն երկ­րին մէջ «Իս­լամ եղ­բայ­ր­նե­ր»ու դէմ առ­նուած կտրուկ քայ­լե­րը կրնան ա­նոր օ­րի­նա­կա­նու­թեան միա­ւոր­նե­րէն պակ­սեց­նել: Ե­գի­պտացի ժո­ղո­վուր­դը կը հա­ւա­տայ, որ իր փրկու­թիւ­նը ու­նի մէկ ե­րաշ­խա­ւոր եւ այն երկ­րի հզօր բա­նա­կին գո­յու­թիւնն է: Կրօ­նա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կան բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րը ծանր հա­րուած ստա­ցան, վեր­ջին օ­րե­րուն բա­նա­կին դէմ կա­տա­րուած անս­պա­սե­լի հա­րուած­նե­րուն հե­տե­ւան­քով եւ այդ մէ­կը ա­ւե­լիով կ­՚ու­ժե­ղաց­նէ երկ­րի օ­րի­նա­պահ մար­մին­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը: Կա­րե­ւոր ու հիմ­նա­րար է քա­ղա­քա­կան լու­ծում­ներ տալ «Իս­լամ եղ­բայր­նե­ր»ու խնդրին ու յատ­կա­պէս Նա­խա­գահ Մու­համ­մէտ Մուր­սիի հար­ցը լու­ծել շատ նուրբ ե­րանգ­նե­րով՝ ա­ռանց յա­ւե­լեալ ցնցում­նե­րու տա­նե­լու եր­կի­րը:

Սի­նա­յի մէջ կա­տա­րուող գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը մտա­հո­գիչ կրնան ըլ­լալ, ե­թէ իս­լա­մամէտ զի­նեալ­նե­րու ներ­հոս­քը շա­րու­նա­կուի եւ այդ մէ­կը բնա­կան է կրնայ կա­տա­րուիլ ար­տա­քին դրդում­նե­րով:

Այս ընդ­հա­նուր պատկերին վրայ ա­րա­բա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ այլ գա­ղա­փա­րա­կան տագ­նա­պի մը նա­խանշոյլ­նե­րը կ­՚ե­րե­ւին: Այս­պէս, ե­գիպ­տա­ցի ա­նուա­նի լրագ­րող Ֆահ­մի Հուայ­տի, իր «Ալ Շու­րու­ք» թեր­թին մէջ ստո­րագ­րած յօդուա­ծով հարց կ­ու ­տայ. «Ո՞վ է ա­րաբ­նե­րուն թշնա­մի­ն»: Ան տար­բեր պատ­ճառ­ներ թուար­կե­լէ ետք պահ մը մո­ռա­ցու­թեան կը մատ­նէ Իս­րա­յէ­լը եւ կը բա­ցատ­րէ, որ ըստ ի­րեն ա­րաբ­նե­րու թիւ մէկ հա­կա­ռա­կոր­դը այ­սօր Ի­րա­նի իս­լա­մա­կան հան­րա­պե­տու­թիւնն է: Ան ծանր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու կ­՚ար­ժա­նա­նայ եւ ա­նոր կա­տա­րած դի­տար­կում­նե­րը կը հա­մա­րուին ա­նըն­դու­նե­լի: Ինչ ալ ըլ­լան մե­ղադ­րանք­նե­րը, այ­սօր յստա­կօ­րէն կ­՚ու­րուագ­ծուի, որ յատ­կա­պէս Ծո­ցի ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին հա­մար թիւ մէկ թշնա­մին Իս­րա­յէ­լը չէ, այլ Ի­րանն է: Խնդի­րը ու­նի բա­զում ազ­դե­ցիկ եւ հան­գու­ցա­ւոր դրոյթ­ներ եւ Ի­րա­նի յատ­կա­պէս վեր­ջին շրջա­նի ու­նե­ցած վատ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ ա­րաբ­նե­րուն մօտ ստեղ­ծած է Ի­րա­նը, որ­պէս «հե­ռան­կա­րա­յի­ն» հա­կա­ռա­կորդ եւ մրցա­կից տես­նե­լու դրու­թիւն մը: Այս բո­լո­րը մեղմ բա­ռե­րով ը­սուած, ու այս­տեղ անհ­նա­րին է մոռ­նալ շիի-սիւն­նի դա­րա­ւոր հա­կա­մար­տու­թեան սեր­մե­րուն գո­յու­թիւ­նը: Այ­սօր այդ հա­կա­մար­տու­թեան նոր տե­սա­դաշ­տը Ե­գիպ­տոսն է: Հոն է, որ Իս­րա­յէլ ու Միացեալ Նահանգներ ա­մէն կերպ պի­տի փոր­ձեն Սի­սին Մոս­կուա­յէն հե­ռաց­նե­լով դարձեալ ի­րենց գիր­կը «բե­րե­լ»: Պի­տի յա­ջո­ղի՞ն ա­յդ մէկը ը­նել: Պի­տի զի­ջի՞ Ե­գիպ­տո­սի նոր ա­ռաջ­նոր­դը, ո­րուն հա­մար Սու­րիոյ մէջ կա­տա­րուած խա­ղե­րը լա­ւա­գոյն օ­րի­նակն են ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի շա­հակ­ցա­կան եւ ա­պա­բա­րոյ խու­սա­նա­ւում­նե­րուն:

Խա­ղը բաց է ու վտան­գա­ւոր, մա­նա­ւանդ, որ Ե­գիպ­տո­սի պէս հզօր երկ­րի մը մէջ քաո­սա­յին նոր ի­րա­վի­ճա­կի մը ստեղ­ծու­մը կրնայ պա­տու­հա­սել ո՛չ միայն Գա­հի­րէն, Սի­նան ու Ռա­ֆա­հը, այլ՝ ամ­բողջ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015