ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ներկայ մեր աշխարհին մէջ ամենամեծ տարածում գտած երեւոյթներէն են միջազգային եւ միջպետական կազմակերպութիւններն ու ընկերութիւնները: Անոնք շատ մեծ դեր ունին բաց աշխարհին մէջ եւ ներպետական, տարածքային-շրջանային եւ համաշխարհային քաղաքականութեան ու տնտեսութեան վրայ ազդեցութիւններ ունին եւ անոնց միջոցաւ շատ մը տեսանելի եւ անտեսանելի ծրագիրներ կ՚իրականան: Եւ ինչքան ալ անկախ է ներկայ աշխարհին մէջ անոնց գործունէութիւնը, տակաւին անոնք կը մնան յարաբերաբար ուղղորդուած միջազգային մեծ քաղաքականութիւններու վարման կեդրոններէն:
Միջազգային կազմակերպութիւններն ու արտասահմանային ընկերութիւնները անցեալին եղած են շատ քիչ եւ անոնք աւելի զարգացան, աճեցան ու կայացան Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն, ՄԱԿ-ի հիմնադրութենէն եւ յատկապէս Սովետական Միութեան քայքայումէն ետք: Կազմակերպութեան կամ ընկերութեան մը միջազգայնացումը սերտօրէն առընչուած է համաշխարհայնացման հետ եւ տեղ մը նոյն այդ մարմինները համաշխարհայնացման գործիքներն ու առարկանները կրնանք համարել: Անոնք աշխարհը աւելի բաց ու փոխ-ամբողջացուող կը դարձնեն եւ միաժամանակ անոնց առկայութիւնն ու գործունէութեան եղանակը սնունդ կու տայ ու կը սնուի դրամատիրական համակարգէն:
Տարատեսակ են միջազգային կազմակերպութիւններն ու ընկերութիւնները եւ անոնք հիմնապէս կը դասակարգուին երկու խմբաւորումներով.
- Առաջինը՝ միջազգային մարդասիրական, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային ու լրատուական կազմակերպութիւններն են եւ անոնցմէ սերած ու անոնց պատկանող միջազգային ընկերութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները, շրջանային գրասենեակներն ու անհատներն են: Այս կազմակերպութիւնները պետութիւններու եւ իրենք իրենց միջեւ ալ յարաբերութիւններ իրականացնողներ են եւ ինքնին պետութիւններու հետ մեծ գործունէութիւններ կը տանին:
- Երկրորդը՝ միջազգային առեւտրական, մակնիշային ու գովազդական ընկերութիւններն են, որոնք հետզհետէ վերածուեցան տիրական ու ամենածաւալուն ընկերութիւններու: Այս խմբաւորման պատկանող ամենանշանաւոր ու հարուստ ընկերութիւնները՝ արհեստագիտականներն ու անոնց հետ առընչուած կապակցային ու ընկերային լրատուութեան պատկանող (Social Media) ընկերութիւններն են, որոնք կը ղեկավարեն համաշխարհային նորաձեւոթիւնը եւ ձեւով մըն ալ մշակութային եւ ընկերային ուղենիշներ կը հաստատեն:
Միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ընկերութիւններու կայացումը որքան ալ միջազգային ոլորտի սեփականութիւնը ըլլայ, այնուամենայնիւ, անոնք իրենց ծնման վայրով, հասցէով ու սկզբնական նպատակներով՝ եթէ չըսենք ազգային, ապա նուազագոյնը ներպետական կառոյցներ են: Օրինակ՝ Միջազգային Կարմիր խաչը, որ բարեսիրական է իր վայրով ու հիմնադրութեամբ զուիցերական թեքում ունի, ինչպէս Ֆրանքոֆոնիան կազմակերպութիւնը ֆրանսական, իսկ Միջազգային Կարմիր մահիկը իսլամական, սէուտական է:
Այս կէտն է, որ կը ստեղծէ մեր արդի աշխարհի կառոյցի պարունակութիւններէն մէկը։ Արդարեւ, միջազգային կազմակերպութիւններն ու ընկերութիւնները եւ միջազգային մեծ լոպիինկը կը կատարուին անոնց միջոցաւ եւ լծուած են իրագործելու ներպետական, ներազգային ու շրջանային ու միջազգային մեծ ծրագիրներ: Օրինակ՝ ամէն երկիր (մանաւանդ փոքրերն ու դատ ունեցողները) կը փորձէ իր հարցերը արծարծել ու միաւորներ-շահեր ունենալ Մարդու իրաւունքներու, ԻՒՆԻՍԷՖ-ի եւ նոյնիսկ անոնցմէ աւելի ցած դասակարգումով՝ Լրագրողներ առանց սահմաններու, «Էմնեսթի Ինթերնէյշընըլ» եւ շատ մը կազմակերպութիւններու մէջ:
Բայց հոս պէտք է յիշել, որ համաշխարհայնացումն ալ տէրեր ու համակարգողներ ունի եւ ան իր բոլոր կազմակերպութիւններով ու ընկերութիւններով օրէնքներու եւ սահմանադրոյթներով կը գործէ:
Այո, ներկայիս մեծ ընկերութիւնները իրենց պիւտճէներով կը գերազանցեն պետութիւններու պիւտճէները եւ անոնց կատարած գործունէութիւնները այնքան լայնատարած կ՚ըլլան, որ պետութիւնները անզօր են երբեմն անոնց դիմաց: Եւ շատ մը դիտորդներ կ՚ըսեն, որ մօտաւոր ապագային նոյն այդ մեծամեծ ընկերութիւնները արդէն պիտի հիմնեն իրենց սեփական բանակները եւ վերջնականապէս իրենց կամքը պիտի թելադրեն պետութիւններուն, երկիրներուն եւ մարդոց: Բայց հոս նորէն կը դառնանք համաշխարհայնացման մեծ կեդրոններու կէտին. կը կարծենք, որ այդ մեծամեծ ընկերութիւնները չեն կրնար ամենամեծ ու գերպետական ուժին իրենց կամքը պարտադրել՝ որքան ատեն որ տակաւին ապակեդրոն թուացող աշխարհի որոշման ընդունման կեդրոնները կը պատկանին գերտէրութեան մը կամ առաւելագոյնը մի քանի պետութեան:
Միջազգային կազմակերպութիւններն ու ընկերութիւնները իրենց գործունէութեամբ, տեսակներով եւ նպատակներով նոր աշխարհի կերտիչներն են եւ մեր ժամանակներուն համեմունք ու երանգ տուին: Եւ հակառակ իրենց բերած պատկանելիութեան, ինքնութեան, մշակութային նոր հասկացողութիւններուն եւ անոնց արդի «միջազգային մարդ» կերտումի խնդրայարոյց կամայ կամ ակամայ մղուածութեան, անոնք մեծ ուժականութիւն, յառաջդիմութիւն, թափանցիկութիւն եւ տեղ մըն ալ հարստացում բերին հասարակութիւններուն եւ միջազգային յարաբերութիւններուն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
6 նոյեմբեր 2022