«ԻՍՔԱՆՏԷՐ-Մ». ԳԱՂՏՆԻ՞Ք
Ռուսաստան Հայաստանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ՝ «Իսքանտէր-Մ» տեսակի հրթիռային համակարգեր մատակարարելու շուրջ։ Համապատասխան պայմանագիրը տակաւին ստորագրուած չէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ գործակալութիւնը ռուսական ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան բնագաւառի աղբիւրներու տուեալներուն հիման վրայ տեղեկացուց, թէ այս համաձայնագրերուն վերաբերեալ ամբողջ տեղեկատուութիւնը գաղտնիք կը համարուի։
Աւելի առաջ այս հրթիռներու արտադրութեան գրասենեակը յայտարարած էր, թէ մինչեւ 2016 թուականը «Իսքանտէր» համակարգերը պիտի չվաճառուին դուրսը։ Բայց այդ համակարգերը ընդգրկուած են այս սպառազինութիւններու ցանկին վրայ, որոնց վաճառքը արտասահմանի մէջ կը թոյլատրուի։ Անցեալ տարի Ղազախիստան հետաքրքրութիւն ցոյց տուած էր անոնց նկատմամբ, իսկ այս տարուան Յունիսին՝ Սէուտական Արաբիայէն պատուիրակութիւն մը այցելած էր Մոսկուա՝ մասնակցած այնտեղ կազմակերպուած ժամանակակից սպառազինութիւններու վերաբերեալ ֆորումին, որպէսզի բանակցութիւններ վարէ «Իսքանտէր» հրթիռային համակարգեր ապահովելու առաջադրութեամբ։
Հարկ է յիշեցնել, որ նախընթաց օր Հայաստանի Ազգային ժողովը վաւերացուց՝ Ռուսաստանէն 200 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ վարկ ստանալու վերաբերեալ պայմանագիր մը, որ նախատեսուած է ռուսական արտադրութեան նորագոյն սպառազինութիւններ գնելու համար։ Քննարկումներու ընթացքին Հայաստանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Արա Նազարեան յայտարարած էր, թէ այդ վարկէն ոչ մէկ լումայ պիտի օգտագործուի ուրիշ ծախսեր փակելու նպատակով։ Ըստ իրեն, Հայաստանի զինեալ ուժերը կ՚ունենան նորագոյն սպառազինութիւններ, ինչ որ էական նշանակութիւն կ՚ունենայ տարածքաշրջանի ռազմական հաւասարակշռութեան համար։ Վերջին տարիներուն բազմամիլիոն տոլարներու գործարքներով Ատրպէյճան կը ներածէ Ռուսաստանի մէջ արտադրուած զէնքեր ու սարքաւորումներ։ Սկիզբին Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները մտահոգութիւն չէին յայտներ այս մասին, բայց աւելի վերջ սկսան դժգոհիլ եւ հետզհետէ բարձրաձայնել իրենց անհանգստութիւնը։