ՀԲԸՄ-Ի ԵՐԵՒԱՆԻ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ մար­դա­սի­րա­կան ծրագ­րե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուող տասն­վեց հայ ու­սա­նող­ներ ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն։ Այդ ու­սա­նող­նե­րը Հա­յաս­տան մեկ­նած են Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Լի­բա­նա­նէն, Ռու­սաս­տա­նէն եւ Ֆրան­սա­յէն։ Ծրագ­րի նպա­տակն է աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մաս­նա­գի­տա­կան եւ գործ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն տալ Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ի­րա­րու հետ մեր­ձեց­նե­լով աշ­խար­հի զա­նա­զան ծայ­րե­րէն հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ։ Փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նակ­ման ա­մառ­նա­յին այս ծրա­գի­րը հիմ­նուած է եւ ար­դէն շուրջ քսան տա­րիէ ի վեր աշ­խու­ժօ­րէն կը գոր­ծէ Նիւ Եոր­քի մէջ։ Վեր­ջին վեց տա­րի­նե­րուն Փա­րի­զը, իսկ այս տա­րի ալ Լոն­տո­նը նե­րառ­նուած են սոյն շրջագ­ծին մէջ։

Սփիւռ­քա­հայ ու­սա­նող­նե­րու հետ այս առ­թիւ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի փոխ-նա­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեան, որ ա­նոնց փո­խան­ցեց նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը։ Փոխ-նա­խա­րար Սրա­պիո­նեան գո­հու­նա­կու­թեամբ վեր­յի­շեց, թէ ան­ցեալ տա­րի եւս նա­խա­րա­րու­թիւ­նը մեծ սի­րով հիւ­րըն­կա­լած էր այս ծրագ­րին մաս­նա­կից հայ տա­ղան­դա­ւոր ու­սա­նող­նե­րը։ «Մեր նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ձեր ա­ռա­ջին հանգ­րուանն է հայ­րե­նի­քի մէջ», ը­սաւ Սրա­պիո­նեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ի­րենք բո­լոր ջան­քե­րը պի­տի ներդ­նեն, որ­պէս­զի ե­րի­տա­սարդ­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ ստա­նան հա­մա­պար­փակ եւ ամ­բող­ջա­կան գի­տե­լիք­ներ ազ­գա­յին պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ու հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու շուրջ։

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը դի­տե­ցին նա­խա­րա­րու­թեան ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան եւ ձեռ­նար­կած ծրագ­րե­րուն վե­րա­բե­րեալ տե­սա­նիւթ մը, որ­մէ յե­տոյ Սերժ Սրա­պիո­նեան պա­տաս­խա­նեց ա­նոնց հար­ցում­նե­րուն։

Այս զրոյ­ցէն վերջ, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ շրջե­ցան նա­խա­րա­րու­թեան կա­ռու­ցուած­քա­յին ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րուն մէջ, ծա­նօ­թա­ցան ա­նոր դրուած­քին եւ ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­նե­րու մթնո­լոր­տին։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015