ԱՃՊԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ընդհանուր առմամբ դրական կը գնահատէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ անցեալ ամառ ունեցած հեռախօսազրոյցն ու Փրակի մէջ ունեցած հանդիպումը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութենէն։ Ծաւալուն այս հարցազրոյցին ընթացքին Փաշինեան արտայայտուեցաւ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Էրտողանի եւ իր խօսոյթները անհամատեղելի չեն եղած։ «Եթէ ըլլայ հետեւողական աշխատանք, ըլլայ քաղաքական կամք եւ փափաք, այդ խօսոյթները կրնան համադրուիլ իրարու հետ, ինչ որ կը նշանակէ յարաբերութիւններու կարգաւորում», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ եթէ կարելի դառնայ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար բանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը, ապա սա լուրջ յառաջընթաց մը պիտի ըլլայ։ «Մենք հիմա այս բանին վրայ կ՚աշխատինք, բայց ես չեմ ուզեր, որ մենք աճպարարութեան մէջ իյնանք, որ հիմա, մէկ երկու օրուան մէջ այդ խնդիրը պիտի լուծենք։ Իմ ըսածը այն է, որ մենք պէտք է հետեւողականօրէն երթանք այդ բանին», շարունակեց Նիկոլ Փաշինեան։
Մանրամասնելով իր մօտեցումները՝ Փաշինեան հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար կը տեսնէ հնարաւորութիւն, խօսակցութիւնը կը զարգանայ։ Երէկուան հարցազրոյցի ընթացքին ան մատնանշեց, որ երկու մայրաքաղաքներու միջեւ երկխօսութիւնը կանգ չէ առած։ Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ այն դի-տարկման, թէ Թուրքիա-Հայաստան հաւանական կարգաւորումը պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններու, սակայն Թուրքիա կը խօսի Ատրպէյճանի մասին։ Ան շարունակեց. «Այո՛, կ՚ըսուի՝ առանց նախապայմաններու, բայց բոլորս ալ գիտենք, որ Ատրպէյճան այդ խօսակցութեան մէջ ներկայ է։ Բայց, այն, որ պաշտօնական մակարդակի վրայ կ՚արձանագրուի, որ յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին առանց նախապայմաններու, առնուազն վատ չէ։ Թուրքիա կրնար նաեւ պաշտօնական մակարդակի վրայ արձանագրել, որ կայ նախապայման՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար»։
Ի շարունակութիւն՝ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսկ ո՞վ կ՚ըսէ, որ մենք չենք ուզեր Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել։ Մենք ալ կ՚ուզենք Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել։ Եւ ես Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ փորձած եմ նաեւ շարք մը նրբութիւններ ներկայացնել, թէ Հայաստան շարք մը հարցերու վերաբերեալ ինչպէս կը տեսնէ Թուրքիոյ դիրքորոշումները, ինչպէս կ՚ընկալէ, ինչպէս կը մեկնաբանէ։ Եւ փորձած եմ նաեւ հասկնալ, թէ Թուրքիան Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի իր շարք մը դիրքորոշումները ինչպէս կ՚ընկալէ։ Վերջին շրջանին Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ կը հնչեն յայտարարութիւններ, որոնք որոշակի նոր խօսոյթ կը բերեն։ Օրինակ, վերջերս ես նկատեցի, որ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ բանբերը, որ նաեւ արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդական է, իր հարցազրոյցին մէջ կարեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը, ինչ որ նոյնպէս շատ կարեւոր եւ նուրբ բաղադրիչ մըն է։ Այո, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները շատ սերտ են, սակայն, չեմ գիտեր՝ Թուրքիոյ մօտեցման փոփոխութիւն կ՚ըլլա՞յ, թէ չըլլար, երբ բոլորի համար ակնյայտ ըլլայ, որ Ատրպէյճան ուղղակի կը խոչընդոտէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ առանց անոր հիմնաւորման պատճառներ ունենալու»։
Հուսկ, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու շփման, նաեւ իր եւ Թուրքիոյ նախագահի անձնական շփումներու լոյսին տակ Փաշինեան ըրաւ խորհրդածութիւններ։ Ան այդ շփումներու արդիւնքով կը տեսնէ, որ կան հնարաւորութիւններ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ «Սակայն սա չի նշանակեր, որ ես կ՚երաշխաւորեմ, թէ կը լուծուին այդ հարցերը։ Սա կը նշանակէ, որ խօսակցութիւնը աւարտած չէ, ընդհակառակն՝ խօսակցութիւնը սկսած է եւ կը զարգանայ, կանգնած չէ», եզրափակեց Նիկոլ Փաշինեան։