ՍԱՀՄՌԿԵՑՈՒՑԻՉ

Երէկ, սահմռկեցուցիչ դէպք մը ցնցեց ամբողջ Թուրքիան։ Այսպէս, յետմիջօրէի ժամերուն, Պէյօղլուի մէջ պատահեցաւ ահաւոր պայթում մը, որու հետեւանքով 6 հոգի զոհուեցաւ, 81 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Ո՛չ միայն Իսթանպուլի, այլեւ ամբողջ երկրի ամենաբանուկ՝ Իսթիքլալ պողոտային վրայ դէպքը պատահեցաւ ժամը 16.17-ին։

Այս յարձակումը մտահոգութիւն եւ ահ ու սարսափ ստեղծեց բովանդակ երկրին մէջ, նաեւ պոռթկում յառաջացուց՝ մինչ ամբողջ պետական աւագանին ալ վճռակամ պատգամներով հանդէս եկաւ եւ անմիջապէս շարժման անցաւ կացութիւնը հակակշռի տակ պահելու նպատակով։ Անվտանգութեան տեսախցիկները պահ ու պահ արդէն արձանագրած էին ամբողջ եղելութիւնը։ Պայթումի պատահած պահուն ահաւոր խուճապ մը ստեղծուեցաւ Իսթիքլալ պողոտային վրայ։ Անմիջապէս դէպքի վայր փութացին պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր. օրինակ՝ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա, իսկ որոշ ատեն անց նաեւ՝ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ։ Հարկ է նշել, որ արդէն հսկողութեան տակ առնուած է այն կինը, որ անվտանգութեան տեսախցիկներուն մէջ յստակօրէն կ՚երեւի՝ որպէս ռումբը թողած անձը։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան դէպքէն անմիջապէս վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ վճռակամ ազդարարութիւններ ըրաւ այս կապակցութեամբ։ Նախագահ Էրտողան, որ Մեծն քսանեակի գագաթաժողովին համար Էնտոնեզիա մեկնել կը պատրաստուէր, իր թռիչքէն առաջ, Իսթանպուլի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Ան յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը երբեք պիտի չկարողանայ հասնիլ իր նպատակին։ Նախագահին խօսքով՝ այս դէպքը ամբողջութեամբ պիտի բացայայտուի եւ անոր ետին կանգնած բոլոր տարրերը ի յայտ պիտի բերուին, նաեւ պիտի պատժուին օրէնքի ամենայն խստութեամբ։

Սարսափելի պայթումէն անմիջապէս վերջ յառաջացած անխուսափելի խուճապի մթնոլորտին մէջ՝ ոստիկանութեան, հրշէջ գունդի եւ այլ միաւորումներու ծառայողները հասան դէպքի վայր եւ օգնութիւն փութացուցին այնտեղ գտնուողներուն։ Աւելի ուշ, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու տեղեկացուց, որ Իսթանպուլի Անվտանգութեան տնօրէնութեան կողմէ հսկողութեան տակ առնուած է այն անձը, որ ռումբը թողած է Պէյօղլուի մէջ։

Այս ահաւոր դէպքը լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ համայն աշխարհի մէջ։ Պայթումէն անմիջապէս վերջ, աշխարհի բազում երկիրներէն սկսան զօրակցութեան պատգամներ հասնիլ Թուրքիոյ։ Միջազգային ընտանիքը յստակօրէն զօրակցեցաւ Թուրքիոյ՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով։

Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթունն ալ շեշտեց, որ այս ահաբեկչական յարձակումը թիրախաւորած է մեր քաղաքային բնակչութիւնը։ Այս եւ նման յարձակումները, իր խօսքով, կը համարուին հետեւանքը կարգ մը երկիրներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն տրուած աջակցութեան։ «Եթէ այս երկիրները կը ձգտին Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան, ապա անմիջապէս պէտք է դադրեցնեն ահաբեկչութեան համար իրենց ուղղակի կամ անուղղակի աջակցութիւնը», ըսաւ Ֆահրետտին Ալթուն եւ աւելցուց, որ պիտի յայտնաբերուին բոլոր անոնք, որոնք այս ահաբեկչական յարձակման ետին կանգնած են։ Անոնք ամենածանր ձեւով հաշիւ պիտի վճարեն եւ այս հանգամանքէն ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկած ունենայ։

Ֆահրետտին Ալթուն յիշեցուց, որ Թուրքիա անցեալի մէջ ալ դիմագրաւած է նման փորձութիւններ եւ իւրաքանչիւր անգամ այդ բոլորը յաղթահարած է եւ իւրաքանչիւր անգամ այդպիսի վիճակներէն դուրս եկած է ա՛լ աւելի հզօր եւ ա՛լ աւելի ամրապնդած ըլլալով իր միասնականութիւնը։

«Անատոլու» գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ըստ արժեւորումներու, Պէյօղլուի մէջ ռումբը թողած կինը կապ ունի ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2022