ՍԵՒՑԱՒ - ՀՆԴԿԱԽՏ (ԽՈԼԵՐԱ)

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

7. ԴԵՂԵՐ, ՈՐ ՊԷՏՔ Է ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՏԱՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒԻՆ՝ ՀԻՒԱՆԴԱՑՈՂԻՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

1. Բօտկինի կաթիլներ:

2. Ինոզեմցեվի կաթիլներ:

3. Վալերիանի կաթիլներ:

4. Հոֆֆմանի կաթիլներ:

5. Եզրեղիի կամ դափնի կեռասի կաթիլներ:

6. Դեղաբանական աղաթթւուտի խառնուրդ:

7. Քաֆուրի կամ մանանեխի սպիրտ:

8. Նաշատրի սպիրտ, օդեկոլոն, քացախ:

Այս դեղերուն սրուակներուն վրայ պէտք է պարզ դրուած ըլլան դեղերուն անունները եւ գործածելու ձեւը:

Անշուշտ, երբեք պէտք չէ յոյս դնել այս դեղերուն վրայ, այլ՝ հիւանդութեան պարագային անմիջապէս եւ իսկոյն ո՛չ մէկ վայրկեան չկորսնցնել եւ դիմել բժիշկին:

8. ԱԽՏԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԹՈՅՆԸ ՈՉՆՉԱՑՆԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑԸ

Խոլերահիւանդի առողջանալէն կամ մահանալէն յետոյ պէտք է վարակիչ թոյնը ոչնչացնել: Ատոր համար անհրաժեշտ է ախտահանել բնակարանը:

Ինչպէս արդէն ըսած ենք, մի քանի քաղաքներու մէջ կան առանձին հիմնարկութիւններ, որոնք այդ գործով (ախտահանելով) կը զբաղին, իսկ գիւղերուն մէջ ժողովուրդը ինք պէտք է այդ բանը ընէ:

Այս գրքոյկին մէջ զանազան մասերու մէջ մենք խօսած ենք բնակարանի եւ իրերու ախտահանութեան մասին, հիմա յառաջ բերենք այն միջոցները, որոնք պէտք է գործածել ախտահանութեան համար.

1. Կրակը առանց կասկածի ամենէն զօրաւոր ախտահանիչն է: Երբ մենք վարակուած առարկայ մը կ՚այրենք, թոյնն ալ անշուշտ անոր հետ կ՚այրի ու կ՚ոչնչանայ: Բայց քանի որ աղքատ ժողովուրդը կ՚ափսոսայ հիւանդին իրեղէնները այրելու, այդ ձեւը բոլորին ձեռնտու չէ:

2. Կիր. ասիկա ամենէն արժան եւ ուրեմն բոլորին ձեռնտու միջոցն է բնակարանները ախտահանելու համար: Կիրը երկու ձեւով կը գործածուի. չոր կամ ջրախառն: Բայց կիրն ալ բազմաթիւ վայրերէ ներս դժուարութեամբ կը ճարուի, հետեւաբար իւրաքանչիւր գիւղ պէտք է նախապէս պաշար պատրաստէ: Կիրը հիւանդին արտաթորութիւններուն վրայ կը լեցնեն, մեր գիւղական տուներուն հողէ յատակին վրայ, բակերը եւ առհասարակ վարակուած տեղերը:

Երբ կիրը ջուրին մէջ կը բանան, կաթնանման հեղուկ կը ստացուի, որ կիրի կաթ կամ կրակաթ կը կոչուի: Կրակաթ պատրաստելու համար պէտք է մաս մը կիր բանալ հինգ բաժին ջուրի մէջ: Այդ հեղուկը անմաքրութիւններուն վրայ կը լեցնեն եւ արտաքնոցներուն մէջ կը դնեն:

3. Քլորակիր. կը գործածուի ինչպէս հասարակ կիրը:

4. Սուլեմա. ասիկա զօրաւոր թոյն մըն է, որ միայն բժիշկին դեղատոմսով թոյլ կու տան դեղարաններէն դուրս հանել, հետեւաբար պէտք է շատ զգոյշ վարուիլ անոր հետ: Ախտահանութեան համար զանազան լուծուածքներ կը գործածեն (1 բաժին սուլեմա - 500 մ. ջուր, կամ 1 բաժին սուլեմա 1000-2000 ջուր): Այս լուծուածքով սենեակին պատերը, առաստաղը, կահ-կարասիներն ու այլ առարկաներ կը լուան: Սուլեման ընդհանրապէս մեծ ցրցիրներով կը ջրջնքեն ախտահանելի իրերը:

5. Կարբոլեան թթւուտ կամ կարբոլայ: Այդ դեղէն ալ զանազան լուծուածքներ կը պատրաստեն: 2-5 բաժին թթւուտ կը վերցնեն եւ 100 մ. ջուրի մէջ կը հալեցնեն: Այս լուծուածքով հիւանդին աղտոտած բոլոր իրեղէնները կ՚ախտահանեն կամ իրենց ձեռքերն ու երեսը կը լուան: Կարբոլեան թթւուտի թունդ լուծուածքները (օր. 5 մ. 100 մ. ջուրի մէջ) նոյնպէս օդը մաքրելու համար կը գործածուի՝ փչող գործիքներու միջոցով:

6. Լիզոլ. ասիկա թանձր եւ մուգ գոյնի հեղուկ մըն է, որ ջուրին կը խառնեն եւ իբրեւ ախտահանիչ դեղ կը գործածեն: Բաւարար է մէկ բաժին լիզոլ հալեցնել 100 մ. ջուրի մէջ եւ ախտահանութեան համար լաւ դեղ կը ստանաք:

7. Պղինձի եւ երկաթի արջասպ, քլոր եւ ֆորմալին. ասոնցմէ ամենէն զօրաւորը պղինձի արջասպն է, որմէ կը պատրաստեն 2 առ հարիւր տոկոսային լուծուածք (2 մ. արջասպ 100 բաժին ջուրի մէջ): Երկաթի արջասպը շատ աւելի թոյլ է եւ անկէ պէտք է վերցնել 15 բաժին 100 բաժին ջուրի մէջ: Երկու արջասպներն ալ հիւանդին փոխունքները ու դուրս գացածները ախտահանելու համար կը գործածուին:

Սպիրտը նոյնպէս լաւ միջոց է, բայց սղութեան պատճառով մեծամասնութեան համար անմատչելի է: Իսկ արաղը շա՜տ թոյլ է եւ ախտահանելու համար պէտք չէ:

8. Դեղ մըն ալ կայ - ատիկա ֆորմալինով ծուխ տալն է: Ասով բնակարանները կ՚ախտահանուին:

Երբ կը կամենան բնակարանները այս դեղով ախտահանել, պէտք է պատուհանները, դռները եւ բոլոր ծակերը լաւ ծածկել, որպէսզի ծուխը (կազերը) բնակարանէն դուրս չգան: Երբ որ բաւականին ծուխ գոյացացած է ֆորմալին այրելէն ու սենեակը մի քանի ժամով ծուխով լեցուն եղած է, դռներն ու պատուհանները կը բանան եւ օդը կը մաքրեն:

Պարտք կը համարենք զգուշացնել, որ ժողովուրդին մէջ բոլոր գործածուող դեղերը կացարանին մէջի վատ հոտը իբրեւ թէ ոչնչացնելու համար, ո՛չ միայն չեն մաքրեր օդը, այլ՝ ընդհակառակը, առաւել եւս կ՚աղտոտեն օդը եւ երբեք չեն կրնար խոլերային վարակիչ թոյնը սպաննել:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 7 եւ վերջ 

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2022