«ԱՐՀԵՍՏ ՈՒՆԵՑՈՂԸ ՅԱՒԵՐԺ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ»
Շատ խօսուած է այն մասին, որ արհեստը «ոսկի ապարանջան» մըն է։ Մանաւանդ մեր (ի նկատի ունիմ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները, ուրկէ կը սերիմ) հայագաղութներուն մէջ արհեստները մերոնց համար դարձան «փրկութեան լաստ»եր։
Ուշագրաւ էր, անշուշտ, արհեստներու տիրացած անձիք այդ ընդունակութիւններուն կը տիրանային ժառանգաբար եւ շատ անգամ տրուած այդ ժառանգութիւնը կը զարգացնէին ու կը հասցնէին բարձր գագաթներու։ Այդպէս եղաւ Պէյրութի պարագային, ուր տարբեր փուլերու ընթացքին զարգացան կօշկակարութիւնը, պայուսագործութիւնն ու առհասարակ կաշուեղէնի գործերը, որուն ալ յաջորդեց նոր փուլ մը, որ յատկանշուեցաւ ոսկերչութեամբ։ Այս միջոցներուն, անշուշտ, եղան նաեւ այլ արհեստներ, որոնք որոշակի բարգաւաճում եւ տարածում ապրեցան, սակայն մնացին լուսանցքային։ Անոնցմէ էր ինքնաշարժներու նորոգութիւնը իր տարբեր երեսակներով, հաստոցային փոքր գործարաններու, մեծ հաստոցներու նորոգութեան, դերձակութեան, վարսավիրներու, լուսանկարչութեան, ատաղձագործութեան եւ այլ ձեռային աշխատանքներու արհեստները։
Այս բոլորին առընթեր ուշագրաւ եղաւ, որ կարգ մը արհեստներու պարագային պէյրութահայեր չգոհացան միայն արհեստներով գործելու ընդունակութիւններէն, նաեւ ստեղծեցին ու կերտեցին այնպիսի հաստատութիւններ, որոնց միջոցաւ ո՛չ միայն վաճառեցին իրենց ձեռագործը, այլեւ բացուեցան դէպի միջազգային շուկաներ։
Անշուշտ, այս ժամանակներուն բաւական բարդ օրեր կը բոլորէ Լիբանանը ու կեանքի պայմանները այնքան դժուարացած են թէ՛ երբեմնի քմահաճ եւ թէ՛ նոյնիսկ շփացած լիբանանցի մը ստիպուած կը փոխէ իր վարքը, նաեւ նորոգել կու տայ իր կօշիկներն ու հագուկապը։
Արհեստաւորները՝ որոնք կը ստեղծէին նորը ու քայլ կը պահէին աշխարհի նորութիւններուն, այսօր կը գոհանան քիչ քանակութեամբ արտադրանքներով եւ ուժ կու տան հին հագուստը կամ նոյնիսկ մաշած կօշիկը նորոգելու գործին։ Ու այդ միջոցաւ ալ կ՚ապրին ու կը գոյատեւեն։ Այս կապակցութեամբ վերջին օրերուն ուշագրաւ նիւթ մը հրապարակած է «The Independant» կայքէջի արաբական բաժինը, որ իւրայատուկ տեսանիւթ մը պատրաստած է՝ մասնաւորապէս լիբանանահայ արհեստաւորներուն մասին։ Ստորեւ հայերէնի թարգմանելով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք սոյն նիւթը։
*
«The Independent-Arabya» կայքէջի լրագրողները վերջերս այցելութիւն մը տուած են Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ աւանը, ուր նկարահանումներ կատարած են շրջանի բնակիչ հայ արհեստաւորներուն մասին։
Ակներեւ է նաեւ, որ կայանը ցոյց տալով հանդերձ Լիբանանի տնտեսութեան տագնապահար դրութիւնը՝ երեւելի ճիգով մը ակնդիրին կը փորձէ ներկայացնել ձեռային արհեստներու կարեւորութիւնը, անոնց աւանդը եւ, անշուշտ, հայ արհեստաւորներուն ճարտարութիւնն ու վարպետութիւնը։
Գաղտնիք չէ, անշուշտ, որ Մեծ եղեռնի հետեւանքով ցիրուցան դարձած արեւմտահայոց փրկուած մասը, որ կայք հաստատեց Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մէջ, նոր կեանքի մը նետուեցաւ՝ ապաւինելով արհեստներուն։ Անոնցմէ բազմաթիւներ մտան արհեստի աշխարհ շարունակելով այն ժառանգութիւնը, որ ունէին իրենց նախահայրերը։
Անշուշտ յաջողութիւնը պիտի չուշանար՝ մանաւանդ այն պատճառով, որ ձեռքի ունակութիւններուն, աշխատասիրութեան եւ կամքին զուգահեռ անոնք ապաւինեցան արդիականութեան ոգիին՝ դառնալով անուանի ու վստահելի վարպետներ։
Պուրճ Համուտի նեղ թաղամասերուն մէջ կամաց-կամաց աճիլ ու ծաղկիլ սկսան արհեստի յայտնի վարպետներ, որոնք իրենց ստորագրութիւնը դրին կօշկագործութեան, ոսկերչութեան, շապկագործութեան եւ զանազան ոլորտներու մէջ։
Ինչպէս վերը նշեցինք՝ «The Independent-Arabya»ն, որ չէր մոռցած արագ հայեացքով մը հանրութեան ներկայացնել այսօրուան տնտեսական դժուարութիւնները, կարճ զրոյցներ ալ կը կատարէր այն հայերուն հետ, որոնք պատմած են ներկայ ընդհանուր պատկերին մասին։
Կանանց կօշիկներու վարպետ արհեստաւոր Յովիկ Պետրոսեան մասնաւորապէս կ՚ըսէր. «Այսօրուան պայմաններուն հետեւանքով մեր արհեստը պարզապէս զբաղում դարձաւ։ Տունը չմնալու համար աշխատանքի կու գանք ու մեր շուրջ ամէն օր գործարաններ կը փակուին։ Նախապէս այս արհեստով սերունդներ ապրեցան, իսկ այսօր նոր սերունդի անդամներ արհեստով չեն հետաքրքրուած. շատ են պատճառները, սակայն գլխաւորը Լիբանանի տագնապահար վիճակն է»։
Իր կարգին, վերջին տարիներուն իր ընտանիքը արժանապատիւ կերպով ապրեցնելու նպատակով կօշկակարութենէ հնակարկատի արհեստին նետուած Սարգիս Աբգարեան կ՚ըսէր. «Տասնհինգ տարիէ ի վեր այս արհեստին մէջ եմ ու պայմաններու բերումով գործս զարգացաւ։ Կեանքի պայմանները դժուարացան ու մարդիկ չեն հրաժարիր իրենց հին կօշիկներէն եւ ստիպուած են նորոգութեան դիմել։ Ամէն պարագայի, արհեստը «ոսկեայ ապարանջան» է։ Արհեստը մնայուն է եւ արհեստաւոր մը անօթի չի մնար»։
Հայկական սփիւռքի հիմնական կէտն ու գլխաւոր անկիւնաքարը համարուող Պուրճ Համուտը, որ է նաեւ ապրող մշակոյթի, կենցաղի եւ հայկական ոգիի իրական շտեմարանը, մեծ դեր ունեցած է սփիւռքի կազմաւորման մէջ։ Այդ դերին մէջ ապահովաբար մեծ տեղ յատկացուած է արհեստներուն, ինչ որ կերպով մըն ալ արեւմտահայոց մշակութային-հոգեւոր մեծ ժառանգութեան շարունակութեան ու երթին իրական արտայայտիչն ու հայելին դարձաւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան