ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՒԻՂՆԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՐԴԸ
Գրական աշխարհը խոր կսկիծով իմացաւ վաստակաշատ եւ բազմակողմանի գրական մշակին՝ Ժիրայր Դանիէլեանի մահուան բօթը: Բանասէր, գրականագէտ, մանկավարժ, հրապարակագիր ու խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան մեծ բաց մը գոյացուց սփիւռքահայ գրական ոլորտին մէջ:
Մտաւորականին հետ ծանօթացման առաջին առիթը ներկայացաւ ինծի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կազմակերպած 2006 թուի, Անթիլիասի Հայ գրականութեան նուիրուած Սփիւռք-Հայաստան գիտաժողովի ընթացքին: Դանիէլեան իր ծանրակշիռ գրական լիցքաւորումով եւ հեղինակային բարձր ներկայութեամբ, որակական մակարդակ մը կը պարգեւէր իւրաքանչիւր աշխատանքային եւ ընկերական հաւաքներուն:
Արեւմտահայ գրականագիտութեան երբեմնի ակադեմական մակարդակի չքացած սերունդի՝ արժանաւոր շառաւիղն էր ան: Եւ բոլորովին զարմանալի չէր Արամ Ա. Կաթողիկոսին շեշտաւորուած արժեւորումն ու խոր վստահութիւնը յանձինս մտաւորականին, լիբանանահայ գրական լայնածիր գործելադաշտին մէջ։ Այդ գնահատումի արգասիքն էր 2005 թուին՝ Նորին Սրբութեան կողմէ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին եւ յատուկ պատուոյ կոնդակին շնորհումը իրեն:
Երկրորդ հանդիպումս պատահեցաւ Ծաղկաձորի մէջ կայացած Գրողներու համահայկական ժողովին: Ինչպէս միշտ՝ Ժիրայր Դանիէլեան կ՚առանձնանար իր ազնուական մտաւորականի կերպարով, յարգալիր ու նրբանկատ զուսպ պահուածքով եւ բնականաբար՝ բանասէրի իր մտաւոր պահեստէն վարարող գիտելիքներով: Կոչումին հաւատարիմ անձ էր ան, անպաճոյճ եւ առանց դոյզն սնափառութեան: Այդ առթիւ ես եւ որդիս՝ Տիգրանը ստացանք իր նոր լոյս տեսած «Հայ գրականութեան բաւիղներուն մէջ» լայնածաւալ հատորը, այնքան անեղծ ու գորովալից մակագրութեամբ, ճիշդ իր հոգիին յար եւ նման:
Հատորը ինծի հաղորդեց մէկ շունչով ընթերցանութեան բերկրանքը: Եւ հոս պէտք է նշեմ, որ միշտ հաւատացողն եմ, թէ որեւէ գիրքի ընթերցանութենէն ետք, արժեւորման ամենահամեստ եւ նախնական արժեչափը ներսիդիդ բան մը շարժելու եւ հոգեկան աշխարհդ գայթակղեցնելու բերկրանքն է, զոր նախնական գնահատման ջերմաչափը կը հանդիսանայ, որեւէ գրական ստեղծագործութեան պարագային:
Հատորին մէջ ի մի բերուած էին տարբեր ժամանակներու եւ այլազան գրական հանդէսներու մէջ տպուած՝ հեղինակին գրական ուսումնասիրութիւններն ու գեղարուեստական բծախնդիր վերլուծութիւնները, որոնք շահեկան աղբիւր կը համարուին Հայ գրականագիտութեան պատմութեան մէջ:
Բազմաբնոյթ բանասէրը իր ուսումնասիրական աշխատանքը տարածած էր սփիւռքահայ գրական այլազան ոլորտներու վրայ, ի մասնաւորի մամուլի եւ գեղարուեստական գրականութեան յետեղեռնի ժամանակահատուածի ստեղծագործութիւններուն: Բացառիկ բծախնդրութեամբ եւ անվիճելի ճշդապահութեամբ մէջբերուած է իւրաքանչիւր գրական գիտելիքի մանրամասնութիւնը, ուղղելով ամէն շեղում կամ տեղեկատուական խեղաթիւրում: Ժիրայր Դանիէլեան իր խորազննին բանասէրի դժուարահաճութեամբ արդարեւ կոչուած էր ըլլալու գիտական անշեղ հետազօտող եւ գրական հաւաստի ու վաւերական աղբիւր մը:
Ժիրայր Դանիէլեան մարդկային կերպարին մասին կարելի է երկարօրէն խօսիլ՝ արտայայտուած իր մօտիկ բարեկամներու մեջբերումներէն: Վերյիշեցի սակաւադէպօրէն կատարած այցելութիւններս Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարանը (ուր քրոջս դուստրերը կը յաճախէին) եւ երբեմնի անակնկալ հանդիպումներս Ժիրայր Դանիէլեանին հետ: Համեստ, բարեհամբոյր եւ երբեմն ալ հիւմորիստ, սիրելի տնօրէնն էր ան բոլոր աշակերտներուն համար: Չեմ մոռնար նմանապէս անոր մարդկային կերպարին գորովալից երեսը, երբ Պէյրութի տան պատշգամէս կը դիտէի զինք՝ թոռան ձերքէն բռնած՝ նուիրեալ մեծ հօր դերին մէջ երբ Ս. Խաչ դպրոց կ՚առաջնորդէր իր սիրելի թոռը:
Վերջին հանդիպումս անոր հետ կայացաւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախկին նախագահին՝ հանգուցեալ Լեւոն Անանեանի հոգեճաշի սեղանին վրայ: Տխրութիւնը համակած էր զայն: Մահուան դամբանական մըն ալ ճաշարանին մէջ արտասանեց, որուն մանրամասնութիւնները չեմ յիշեր, սակայն գիտեմ ինչպէս սովորաբար, միշտ իր սրտառուչ եւ բովանդակալից ճառով յուզեց բոլորս: Տարիներ վերջ անողոք հերթականութեամբ ինքն ալ պիտի լքէր այս աշխարհը:
Այո՛, պրն. Ժիրայրը հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհիկ կեանքին, յառաջացնելով այնպիսի բաց մը, զոր լեցնելը հաւանաբար տարիներու կը կարօտի:
Մենք ազգովին հացի, լոյսի եւ օդի չափ կարիքը ունինք նման մշակներու: Մեր ազգային մշակոյթի անխոնջ եւ յառաջապահ նուիրեալներն էին Դանիէլեաններու սերունդը: Ի մասնաւորի սփիւռքահայ գրականութեան կենսատու աւիշն էին եւ պիտի մնան մեր գիր ու գրականութեան, բանասիրութեան, հրապարագրութեան եւ այլազան մշակոյթի ոլորտներու սպասարկուներ, յարգանք ու խոնարհում անոնց նմաններուն:
Այսպիսի առիթներու ի պատշաճէ պէտք է ըսել. երկնային լոյսերու մէջ ննջէ հանգուցեալը, եւ կ՚ուզեմ այս պարագային ձեւափոխել յայտնի ասոյթը:
-Ժիրայր Դանիէլեանը իր լուսեղէն էութեամբ թող միաւորէ երկրային լոյսը երկնայինին հետ:
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
28 նոյեմբեր 2022