Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ
Հայ-ազէրի սահմանին վրայ այս շրջանին վերստին կ՚ապրուին լարուածութիւններ։ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ կը բանան հայկական դիրքերուն վրայ։ Մինչ այդ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ հայկական բանակին պատկանող երկու անօդաչու թռչող սարքեր դարձած են Ատրպէյճանի զօրքերուն թիրախը։ Թերթէրի շրջանին վար առնուած են հայկական երկու անօդաչու թռչող սարքեր։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները անմիջապէս հերքեցին այս պնդումները։
Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015