ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու շարք մը գործակիցները, որոնք փութացած էին իր օրհնութիւնը ստանալու՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց Թոփգաբուի ընդհանուր կացութեան, թաղային խորհուրդի գործունէութեան, մանաւանդ՝ դպրոցի կացութեան շուրջ։

Հուսկ, ան գնահատեց թաղային խորհուրդին գործունէութիւնը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Թոփգաբուի ընտանիքին՝ յաջողութիւն մաղթելով մօտալուտ սիրոյ սեղանին համար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2022