ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քահանայ Ճիվանեան։ Դեկտեմբերի 18-ին նախատեսուած է եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որու ընդառաջ տիկնանց կազմի անդամուհիները Պատրիարքարան փութացած էին՝ ստանալու համար Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց ու ապագայ ծրագիրներուն շուրջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը, որ պիտի հովանաւորէ արարողութիւնները, բարձր գնահատեց Ալթըմէրմէրի եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները  եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2022