ԿԱՊՈՅՏ ՑՈՒՑԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակի անդամները։ Ընտրութեան ընդառաջ թեկնածուները Պատրիարքարան փութացած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։ Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց թեկնածուները եւ ուրախութիւն յայտնեց՝ ընտրութեան սեմին Պատրիարքարան այցելելու զգայնութեան համար։ Զրոյցի տեւողութեան թեկնածուները Նորին Ամենապատուութեան հետ բաժնեցին յառաջիկայի վերաբերեալ իրենց մտադրութիւններն ու ծրագիրները՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց յատկացուած ժամանակին եւ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թեկնածուներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2022