ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի սա­կա­գի­նի բարձրաց­ման բե­րու­մով ծնունդ ա­ռած բո­ղո­քի ա­լի­քը ե­րէկ թե­ւա­կո­խեց նոր հանգ­րուան մը։ Եր­կու շա­բաթ համ­բե­րե­լէ վերջ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը եր­թե­ւե­կու­թեան բա­ցաւ Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան եւ այս­պէ­սով Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ կեան­քը յա­րա­բե­րա­բար վե­րա­դար­ձաւ բնա­կա­նոն հու­նի։ Բազ­մա­տաս­նեակ ցու­ցարար­ներ տա­րուե­ցան ոս­տի­կա­նու­թեան կեդ­րոն, իսկ ա­ւե­լի վերջ ա­զատ ար­ձա­կուե­ցան։

Այս մթնո­լոր­տին մէջ, Բաղ­րա­մեան պո­ղո­տան թէեւ ա­զա­տուե­ցաւ, սա­կայն հա­կազ­դե­ցու­թեան ա­լի­քը չհան­դար­տե­ցաւ եւ ցոյ­ցը տե­ղա­փո­խուե­ցաւ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րակ։ Ցու­ցա­րար­նե­րը ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ար­դէն սկսան հա­ւա­քուիլ այն­տեղ, իսկ ա­նոնց­մէ ո­մանք սկսան հա­ցա­դու­լի։ Հա­մա­կար­գող խում­բի ան­դամ­նե­րէն Դա­ւիթ Սա­նա­սա­րեանն ալ յայ­տա­րա­րեց հա­ցա­դուլ ու կոչ ուղ­ղեց քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, որ­պէս­զի միա­նան ի­րենց պայ­քա­րին։ Յայ­տա­րա­րուե­ցաւ նաեւ, որ Հինգ­շաբ­թի բո­ղո­քի հան­րա­հա­ւաք մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրա­յ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015