ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պա­լա­թի «Օ­րա­խա­յիմ» հրէից հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ կազ­մա­կեր­պե­ցին իֆ­թա­րի սե­ղան մը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ւան­դա­կան դար­ձած հա­ւա­քոյթ մըն է այս մէ­կը եւ իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի Րա­մա­զա­նի շրջա­նին ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ փայ­լուն դրսե­ւո­րում մը ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լի հա­մա­կե­ցու­թեան մթնո­լոր­տը։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար կա­-տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րու մի­ջա­վայ­րը ար­ժե­ւո­րե­լու տե­սան­կիւ­նէն՝ նման հա­ւա­քոյթ­նե­րը միշտ ու­նե­ցան խրա­խու­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Այս տա­րուան իֆ­թա­րի սե­ղա­նի մթնո­լորտն ալ հա­մա­հունչ էր նոյն ո­գիին։ Ե­րե­կոյ­թի պատուոյ հիւրն էր Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հին։ Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պաշ, Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րա­րու­թեան խորհր­դա­կան դես­պան Էն­կին Սոյ­սալ, քա­ղա­քի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն քա­ղա­քա­պետ­ներ եւ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ե­րես­փո­խան­ներ՝ Սե­լի­նա Տո­ղան եւ Մար­գար Է­սաեան, Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ, Իս­թան­պու­լի միւֆ­թի Ռահ­մի Եա­րան, շարք մը բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կալ­ներ, դի­ւա­նա­գէտ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ  եւ հիւ­րեր։

Ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով մաս­նակ­ցե­ցան այս ե­րե­կոյ­թին։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան պա­տուոյ սե­ղա­նին շուրջ էր՝ Յու­նաց Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիար­քին, Հրէից Րա­բու­նա­պետ Ռաւ Իս­հաք Հա­լե­ւա­յի, Ա­սո­րի­նե­րու Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Մետ­րա­պո­լիտ Եու­սուֆ Չե­թի­նի, Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նի եւ այլ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ա­ռըն­թեր։ Բո­լոր հա­մայնք­նե­րուն կող­մէ աշ­խար­հա­կան գոր­ծիչ­ներ ալ ներ­կայ գտնուե­ցան հա­ւա­քոյ­թին՝ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ զրուե­ցե­լով թէ՛ ի­րա­րու հետ եւ թէ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րուն հետ։

Ե­րե­կոյ­թի յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ՝ Լո­լի­թա Ա­սի­լի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ հրեայ հա­մայն­քի նա­խա­գահ Իս­հաք Իպ­րա­հիմ­զա­տէհ։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, որ անդ­րա­դար­ձաւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թեան առ­կա­խուած ըլ­լա­լու հար­ցին։ Ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ Վա­սիփ Շա­հին եւ Ատ­նան Էր­թէմ։ Մինչ այդ հրա­պա­րա­կուե­ցան նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի եւ Փոխ-վար­չա­պետ Պիւ­լենտ Ա­րըն­չի պատ­գամ­նե­րը։

Ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր, իսկ ա­ւար­տին քրիս­տո­նեայ, մահ­մե­տա­կան եւ հրեայ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ ար­տա­սա­նե­ցին ա­ղօթք­ներ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015