ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆԱՑԱԾ ԵՐԵՒԱՆ
Հայաստանի մէջ, երէկ, արդէն տասնչորրորդ օրուան դրութեամբ ոստիկանութիւնը կասեցուց «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան բողոքի ցոյցը։ Երկու շաբաթէ ի վեր կաթուածահար եղած էին երթեւեկութիւնն ու բնականոն կեանքը:
Երեւանի գլխաւոր պողոտաներէն մէկը՝ Բաղրամեան պողոտան հարիւրաւոր ցուցարարներու կողմէ գրաւուելէ ետք քաղաքը ամառուան տաք օրերուն թեւակոխած է նոր հանգրուան մը, որ ձեւով մը նոր հանգրուան մըն է ո՛չ միայն Երեւանի, այլեւ՝ Հայաստանի նորօրեայ պատմութեան մէջ: Անցեալին ժողովուրդը զանազան բողոքներով կամ պահանջներով տասնեակ անգամներ փողոց դուրս եկած է, բայց այլեւայլ պատճառներով կա՛մ ճնշուած է անոնց բողոքի ալիքը, կա՛մ ժողովուրդը ինք՝ հեռանկար չտեսնելով զիջած է եւ չէ շարունակած բողոքը: Այս անգամ՝ 2015 թուականի Յունիսին Երեւանի մէջ սկսած բողոքի ցոյցը աննախադէպ էր: Առաջին անգամ Հայաստանի անկախութեան պատմութեան մէջ ցուցարարները տասն օրէ աւելի յամառ կը մնային իրենց բողոքին մէջ եւ կը մերժէին հեռանալ փողոցէն, մինչեւ որ լուծում չգտնէր իրենց բարձրացուցած հարցը: Իսկ հարցը հետեւեալն էր.
Հայաստանի Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբը 17 Յունիսին կայացած նիստի ընթացքին միաձայն որոշում ընդունած է Հայաստանի ելեկտրական ուժանիւթի սակագինը բարձրացնել 6.93 դրամով, քանի որ այդ համակարգը անցնող տարիներուն չէ ստացած անհրաժեշտ շահոյթը եւ սակագինը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւն զգացուած է: Ըստ այդ որոշման, 1 Օգոստոսէն սկսեալ 1 քիլօվաթ ելեկտրական հոսանքի դիմաց Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է վճարեն 48.78 հայկական դրամ։ Այդ մէկը, ըստ ուսումնասիրողներու ներկայացուցած տուեալներու, ամենաբարձր սակագինն է կովկասեան տարածքաշրջանին մէջ, եւ առհասարակ բարձր է նախկին ԱՊՀ-ական երկիրներու մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սահմանուած սակագիներուն հետ համեմատած:
Հայաստանի մէջ, ուր պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն 30 առ հարիւր աղքատութիւն կայ, առկայ է գործազուրկներու բարձր թիւ, իսկ սահմանուած միջին ամսականներն ալ ցած են եւ հեռու՝ միջազգային որեւէ սանդղակէ, ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացումը չէր կրնար անտարբեր ձգել երկրի առօրեայով եւ ապագայով մտահոգ մանաւանդ երիտասարդ քաղաքացիները: Ելեկտրական հոսանքի սակագինի յաւելումը, բնականաբար, իր հետ պիտի բերէր այլ ծառայութիւններու եւ ապրանքներու սղաճ, ինչ որ անխուսափելի պիտի ըլլար:
Աճող գիներու դէմ այս պայքարը ոտքի հանած էր Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան տարբեր խումբեր եւ շարքային քաղաքացիներ, որոնք, նախօրքք քննարկումներ կազմակերպելով ընկերային ցանցերու միջոցաւ, նախաձեռնեցին «Ո՛չ թալանին» քաղաքացիական շարժումը, որ միջազգային ասպարէզին մէջ ստացաւ Electric Yerevan անուանումը:
Շարժումը Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ 17 Յունիսին կազմակերպեց արտօնուած բազմահազարանոց հանրահաւաք, որու ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, մասնաւորապէս, Սերժ Սարգսեանին պահանջ ներկայացուցին՝ մինչեւ 22 Յունիս, ժամը 16:00-ը չեղեալ նկատել ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի թանկացման որոշումը: Հանրահաւաքի մասնակիցները այդ ընթացքին Ազատութեան հրապարակին վրայ անցուցին շուրջօրեայ նստացոյց: 22 Յունիսին, չստանալով իրենց պահանջներուն պատասխանը, անոնք խաղաղ երթով յառաջացան դէպի Բաղրամեան պողոտայ, սակայն ոստիկանական յատուկ ջոկատները կասեցուցին անոնց երթը դէպի Բաղրամեան պողոտայի միջնամասը: Ցուցարարները Հայաստանի Գրողներու միութեան շէնքին հանդիպակաց ճանապարահատուածին, Բաղրամեանի սկզբնամասին վրայ յայտարարեցին նստացոյց: Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան Երեւանի փոխ-ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանի միջոցաւ ցուցարարներուն փոխանցեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքերը այն մասին, թէ ան պատրաստ է նախագահական նստավայրին մէջ ընդունիլ հինգ ցուցարար: Այս առաջարկը նստացոյցի մասնակիցները մերժեցին՝ յայտարարելով, որ իրենց պահանջը յստակ է՝ կասեցնել ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացումը եւ քննարկելու ոչ մէկ բան ունին: 23 Յունիսի առաւօտեան՝ ժամը 05.30-ի սահմաններուն, ոստիկանական յատուկ ստորաբաժանումները սկսան ձեռնարկել յատուկ գործողութիւններու՝ գործի դնելով ջրցան եւ բռնութիւն: Այդ գործողութիւններու ժամանակ ձերբակալուեցաւ երկու հարիւր երեսունեօթ քաղաքացի, որոնց կարգին նաեւ՝ լրագրողներ, իսկ շուրջ քսանհինգ հոգի հիւանդանոց փոխադրուեցաւ՝ բռնութիւններու եւ վիճաբանութիւններու ընթացքին ստացած վնասուածքներու պատճառաւ: Յաջորդ օրը ձերբակալուածները ազատ արձակուեցան, եւ աւելի շատ ցուցարարներ փողոց իջան ու կրկին գրաւեցին Բաղրամեան պողոտայի սկիզբը՝ յայտարարելով, որ ծեծն ու բռնութիւնը ոչ մէկ բանի կրնան հաս-ցնել եւ իրենք պատրաստ են մինչեւ վերջ պայքարիլ՝ հարցի վերջնական լուծումին համար:
Շարժումը յաջորդող օրերուն գրաւեց հազարաւոր մասնակիցներ եւ իր տարածումը գտաւ Հայաստանի տարբեր մարզերու եւ նոյնիսկ սփիւռքի մէջ՝ կրելով համայնքի կամ երկրի անունը՝ Electric Gyumri, Electric Dilijan, Electric Lebanon եւայլն։
Բաղրամեան պողոտայի վրայ շարունակուող բողոքի ցոյցի մասին անցնող օրերուն շատ գրուեցաւ, քննարկուեցան ամենատարբեր մանրամասներ, որոնցմէ կարեւորագոյն կարելի է նկատել այն, որ քաղաքացիական հասարակութեան մէջ տեղի ունեցած է աննախադէպ համախմբում մը, որ ճնշելու շատ փորձեր կատարուեցան, սակայն շարժման անդամները ա՛լ աւելի համախմբուած են եւ շարժումը իր հետ բերած է նաեւ համախմբումի, իրարու թիկունք կանգնելու լուսաւոր կէտեր: Եղած են մարդիկ, որոնց պսակի օրը համընկած է ցոյցի օրերուն եւ անոնք հարսանեկան հագուստով գացած են Բաղրամեան՝ աջակցելու ցուցարարներուն, այլ մարդիկ տարեդարձ տօնած են, կայացած են համերգներ, ոգեւորիչ ելոյթներ: Ցուցարարներուն իրենց աջակցութիւնը բերած են եւ տակաւին կը շարունակեն բերել նաեւ հոգեւորականներ, մշակոյթի, արուեստի նշանաւոր դէմքեր, հանրային գործիչներ, որոնց ներկայութիւնը Բաղրամեանի վրայ, աջակցութենէ աւելի, ոստիկանութեան հետ բախումները կանխելու նպատակ ունէր: Կառավարութիւնը քանի մը լուծում առաջարկեց ցուցարարներուն, որոնցմէ մէկն ալ այն էր, որ կառաւարութիւնը ինք պիտի հոգայ սակագինի աւելցած գումարը։ Սակայն այդ մէկը կրկին անընդունելի նկատեցին ցուցարարները՝ նշելով, որ իրենք պետական պիւճէի հաշւոյն ոչ մէկ լուծում կ՚ուզեն: 26 Յունիսի երեկոյեան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութենէն ներս միջազգային հաշուեքննութիւն կ՚իրականացուի: 27 Յունիսի երեկոյեան Սերժ Սարգսեան խորհրդակցութիւն իրականացուց տնտեսական քաղաքականութեան պատասխանատուներուն հետ եւ յայտարարեց, որ մինչեւ Ելեկտարական ցանցերու մէջ հաշուեքննութեան եզրակացութեան կազմումը, կառավարութիւնը ինք պիտի ստանձնէ սակագինի բարձրացման ամբողջ բեռը՝ նշելով, որ ընթացող ծրագրերուն կամ ընկերային ծախսերուն չեն դիպչիր, այլ գումարներ կը հայթայթեն անվտանգութեան հետագայ ամրապնդման համար նախատեսուող միջոցներէ:
28 Յունիսի երեկոյեան «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները հանդէս եկան յայտարարութեամբ՝ Բաղրամեան պողոտային մէջ հաւաքուած ցուցարարներուն կոչ ընելով երթով յառաջանալ դէպի Ազատութեան հրապարակ եւ այնտեղ «կայացնել խելամիտ որոշումներ»: Ցուցարարներու շատ քիչ մասը հետեւեցաւ կոչին, իսկ մեծ մասը բողոքը շարունակեց Բաղրամեան պողոտային վրայ: Ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ միջոցներու պիտի ձեռնարկէ՝ ցրուելու համար Բաղրամեան պողոտային վրայ մնացողները, սակայն որեւէ գործողութեան չդիմեց:
30 Յունիսին «Ո՛չ թալանին»ը վերադարձաւ Բաղրամեան պողոտայ:
Բաղրամեան պողոտային վրայ քաղաքացիներու նստացոյցը տակաւին կը շարունակուէր մինչ երէկ: Նստացոյցի մասնակիցները ցերեկուան եւ գիշերուան ժամերուն նստած կը մնային փողոցը, մայթերուն վրայ եւ հակառակ Երեւանի աննախադէպ տապին, չէին հեռանար փողոցէն: Անոնք կ՚ուտէին, կը կարդային, կը զրուցէին, կ՚երգէին, հարցազրոյցներ կու տա-յին տեղական եւ օտար լրատուամիջոցներու, կը քաջալերէին տունը մնացող քաղաքացիները՝ միանալ իրենց եւ միասին շարունակել պայքարը:
Ցուցարարները կը պահանջէին հրապարակել մանրամասներ, թէ ինչպէ՛ս կուտակուած է Հայաստանի ելեկտրական ցանցերու ահռելի պարտքը, այն պարագային, երբ ժողովուրդը կը վճարէ ելեկտրականութեան համար, եւ Հայաստանի մէջ այս մէկը առաջին վճարումն է, որ մարդիկ ամէն ամսուան սկիզբը պարտաճանաչօրէն կը կատարեն: «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութինը Հայաստանի խոշոր հարկատուներէն մէկն է: Այդ ընկերութիւնը, ինչպէս ծանօթ է, կը պատկանի ռուսական «ԻՆՏԵՐ ՌԱՕ ԵԷՍ» խումբին, որ Ռուսաստանի ելեկտրականութեան ուժանիւթի արտահանման եւ ներմուծման գործարկուն է: Հայաստանի ելեկտրական ցանցերը այդ խումբին մէջ մտած է 2006 թուականին: «ԻՆՏԵՐ ՌԱՕ ԵԷՍ»ը կը գլխաւորէ աւելի քան տասնչորս երկիրներու մէջ գտնուող քսան ընկերութիւններէ բաղկացած խումբը:
Նախ, կատարենք պատմական ակնարկ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ անցեալ ունեցած է Հայաստանի ելեկտրական ուժանիւթի դաշտը եւ ինչպէ՛ս անցած է ռուսական ընկերութեան: Հայաստանի ելեկտրական ուժանիւթի ասպարէզը աւելի քան հարիւր տարուան պատմութիւն ունի: Ելեկտրականութիւն արտադրող առաջին ջրային կայանը հիմնուած է 1903 թուականին: Խորհրդային Միութեան տարիներուն Հայաստանի ելեկտրականութիւնը պետական հսկողութեան ներքեւ էր:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Հայաստանի տնտեսական իրավիճակը շրջադարձային փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, որու արդիւնքին 1992-1995 թուականներուն Հայաստան ելեկտրականութեան ճգնաժամի առջեւ կեցաւ: Ելեկտրականութիւն բաշխող ընկերութիւններէն ներս չափազանց ծանր իրավիճակ ստեղծուած էր. անկախութեան առաջին տարիները, կառոյցներու բացակայութիւնը անհսկելի վիճակ մը յառաջ բերած էին եւ այդ ասպարէզին մէջ մեծ չարաշահումներու սկիզբ դրուած է նոյն այդ տարիներուն: Չկային ելեկտրանութիւն գործածող անհատներու եւ ընկերութիւններու մասին ստոյգ տեղեկութիւններ, գործածուած հոսանքի դիմաց կ՚արձանագրուէր վճարումներու ցած մակարդակ, համատարած յափշտակումներ, «ձախ» ու անհատական լարանցումներ, ելեկտրականութիւնը ցանցերէն կը գողցուէր պատասխանատուներուն ջանքերով, մարդիկ, այլ հնար չունենալով, բնակարանները կը տաքցնէին միայն ելեկտրականութեամբ, ինչ որ բազմակի կը գերբեռնէր ցանցերը, եւ, որու իբրեւ հետեւանք, տեղի կ՚ունենային վթարներ, որոնք կ՚ուղեկցէին սարքաւորումներու փճանալուն: Այդ բոլորը յանգեցուց անոր, որ 1996 թուականին ստեղծուեցան վաթսունչորս ցանցային պետական ձեռնարկութիւններ, որոնք օժտուեցան յատուկ պարտաւորութիւններով եւ պատասխանատու նկատուեցան ելեկտրական ուժանիւթի վաճառքի համար:
Բայց այդ կառոյցը երկար կեանք չունեցաւ, անոնց մէջ ալ չարաշահումներու եւ սխալ կառավարումի վտանգներ կային: Արդէն իսկ 1997 թուականին ընդունուեցաւ «ուժանիւթի մասին» օրէնքը եւ ստեղծուեցաւ ուժանիւթի կարգաւորման յանձնախումբը, որ սկիզբ դրաւ ուժանիւթի համակարգի վերակազմաւորման եւ առեւտրականացման՝ հիմնուած պարտականութիւններու բաժանման վրայ արտադրութեան, փոխանցման, կարգաւորման եւ բաշխման միջեւ:
Համախմբման եռանդուն գործընթացի արդիւնքին վաթսունչորս փոքր, անարդիւնաւէտ գործող ցանցային ձեռնարկութիւններու փոխարէն կազմուեցան տասնմէկ խոշոր ձեռնարկութիւններ: Հետագային անոնք միաւորուեցան չորս տարածքաշրջանային, իսկ 2002 թուականին՝ Հայաստանի միասնական բաշխիչ ելեկտրական ցանցի՝ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» Փակ բաժնետիրական ընկերութեան մէջ: Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարեց սեփականաշնորհման մրցոյթ, եւ ընկերութեան սեփականատէրը դարձաւ «Midland Resources Holding» ընկերութիւնը, որ միջանկեալ օղակ հանդիսացաւ Հայաստանի ելեկտրական ցանցերը ռուսական ընկերութեան յանձնելու ճանապարհին: Այսօր ռուսական խումբին պատկանող ընկերութիւնը ունի տասնմէկ մասնաճիւղ (որոնցմէ չորսը՝ Երեւանի մէջ) եւ կը զբաղի Հայաստանի տարածքին ելեկտրական ուժանիւթի բաշխմամբ, փոխանցմամբ եւ վաճառքով՝ սպասարկելով շուրջ 950 հազար բաժանորդի:
«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԵՑ) ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնն է Եւկենի Պիպին, որու անուան հետ ալ անցնող օրերուն առընչուեցան ցանցէն ներս տեղի ունեցած սխալ կառավարումը եւ չարաշահումները: Սխալ կառավարման հետեւանքով ՀԵՑ-ը կրած է միլիոնաւոր տոլարի վնասներ, կու-տակուած է պարտքեր, որու պատճառաւ սակագինի բարձրացումը անխուսափելի դարձաւ: Մասնագէտները հաստատեցին, որ Հայաստանի ելեկտրականութեան համակարգին մէջ առկայ բարդ իրավիճակը ունի բացառապէս տնտեսական, այլ ոչ թէ՝ քաղաքական պատճառներ:
Բաղրամաեան պողոտայի վրայ գիշերող ցուցարարները կը յայտարարեն, որ նոյնիսկ միջազգային հաշուեքննութիւնը բաւարար հիմք չէ իրենց համար՝ պողոտան պարպելու ու տուն երթալու համար: Անոնք փաստարկներ կը բերեն, որ ամէն տարի միլիոնաւոր դրամներ կը վատնուին նման հաշուեքննութիւններու համար, բայց համակարգին մէջ չարաշահումները չեն դադրիր: Ցուցարարները սակագինի բարձրացման պահանջին զուգահեռ կը պահանջեն գտնել եւ պատասխանատուութեան ենթարկել չարաշահման յանցաւորները:
Յատկանշական հանգամանք մը, որու մասին անհրաժեշտ է նշել «Ո՛չ թալանին» շարժման առթիւ: Յստակ կարելի է նշել, որ շարժումը կազմաւորուեցաւ, համախմբուեցաւ եւ մինչ այսօր ալ այդ վիճակին մէջ կը մնայ ընկերային ցանցերու շնորհիւ: Ցանցերու միջոցաւ արագ տարածուող հաղորդագրութիւնները, համացանցին վրայ ստեղծուած «Ո՛չ թալանին» խումբերը, միջոցառումները մեծ լսարան ունին համացանցէն օգտուողներու շրջանակին մէջ: Թուային լրատուամիջոցներու մասնագէտները նշեցին, որ այս շարժումը Հայաստանի մէջ ձեւաւորեց ընկերային ցանցերէն օգտուելու նոր մշակոյթ, Թուիթըր ցանցի հնարաւորութիւնները առաջին անգամ լիովին գործածուեցան Հայաստանի մէջ կարճ հաղորդագրութիւններ տարածելու եւ ամենակարեւորն է՝ միջազգային դաշտի ուշադրութիւնը Հայաստանի վրայ կեդրոնացնելու առումով:
Այս տարուան մէջ չորս անգամ Հայաստանը յայտնուեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներու գլխաւոր լուրերու կարգին. ինչպէս՝ Կիւմրիի դէպքի, Քարտաշեաններու այցի, Հռոմի Սրբազան Պապի Ս. Պատարագի եւ այլ ածանցեալ միջոցառումներու առթիւ:
«Ո՛չ թալանին» կամ միջազգային ասպարէզին մէջ Electric Yerevan բնաբանով ծանօթ շարժումով կրկին Հայաստանը յայտնուեցաւ միջազգային մամուլի ուշադրութեան ներքոյ:
Թէ ի՛նչ կը սպասուի Բաղրամեան պողոտայի վրայ գիշերած ցուցարարներէն, տակաւին անորոշ է, անորոշ է նաեւ, թէ ինչպէ՛ս հանգուցալուծում պիտի գտնէ ելեկտրականութեան սակի հարցը, եւ առհասարակ, աճող սակերը դէպի ո՛ւր պիտի հասցնեն պայքարող երիտասարդութիւնը եւ երկրի բնակչութիւնը: Երիտասարդութիւնը կը յայտարարէ, որ ելեկտրականութեան հարցը ընդամէնը սկիզբն է. առանց կաշառակերութեան, ապականութեան եւ փտածութեան երեւոյթներու, երկիր ունենալու իրենց պայքարը տակաւին նոր սկսած է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024