ՆՈՐ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՆԵՐ

Ի բերանոյ քումմէ. պարզապէս այս բնութագրումը հարկաւոր է տալ ռուս յայտնի վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասովի այն դիտարկումներուն, որոնց մէջ ան յստակօրէն կը բացայայտէ, որ այսօր Հարաւային Կովկասի կտրուածքով Մոսկուա յայտնուած է ոչ-նախանձելի դրութեան մը մէջ։ Թարասով բառացիօրէն կ՚ըսէ, որ միջազգային հանրութիւնը (նկատի ունի Արեւմտեան պլոքը) սկսած է կոտրուած ապակիի կտորներ նետել Ռուսաստանի ոտքերուն առջեւ, հետեւաբար նկատել կու տայ, որ այդ ապակիներուն վրայէն քալելը բաւականին բարդ է ու վտանգաւոր։

Այսօրուան դրութիւնը, անշուշտ, փոխկապակցուած է Ուքրայնայի պատերազմով, որ ո՛չ միայն միջազգային տագնապ մը դարձաւ, այլեւ բազմաթիւ քարտեր խառնեց Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հայաստանի գտնուած Հարաւային Կովկասի մէջ։

Թէ ի՞նչ հունով պիտի ընթանան զարգացումները։ Տակաւին պարզ չէ, թէ Հայաստանին ու Արցախին նոր պատերազմ մը կը սպասէ՞. բան մը, որու մասին կը խօսի հայ վերլուծաբաններուն մեծամասնութիւնը։ Յստակ է միայն, որ կան մեծ մտավախութիւններ եւ Ռուսաստանի բացայայտ նահանջին դիմաց՝ Հայաստանի իշխանութիւնները՝ փոխելով իրենց նախկին «սառնասրտութիւն»ը, անոր հանդէպ այսօր մեծ ջերմութիւն կը ցուցաբերեն ու դարձած են անոր իսկական գործիքը։ Գլխաւորաբար Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է այդ դերը համակարգողը ու աւելի քան յստակ է, որ ան մէկդի դնելով ամէն տեսակի յորդոր ու խրատ՝ յառաջ կը տանի (եւ սա կը կատարէ բացայայտօրէն ու բացարձակօրէն) ո՛չ միայն ռուսամէտ «հասկնալի» գիծ մը, այլ աւելի անդին երթալով՝ մէկդի դրած է նոր մակարդակի հաւասակշռութիւններու թելերուն վրայ խաղալու բոլոր հնարաւորութիւնները։

Գուցէ վտանգաւոր է այդ լարախաղացութիւնը, բայց եւ այնպէս, աւելի վտանգաւոր է այն փաստը, ըստ որու, Մոսկուա դանդաղ բայց հաստատ քայլերով կը բռնէ Հարաւային Կովկասէն հեռանալու ճանապարհը (գուցէ ժամանակաւորապէս)։

Ամէն պարագայի աւելի քան ուշագրաւ է, որ ռուս վերլուծաբանին մօտեցումները կամ պատգամները աւելի քան որեւէ ժամանակ ուղղուած են Հայաստանին, երբ անոր ականջները կը թուին փակ ըլլալ։

Վերադառնալով Սթանիսլաւ Թարասովին, հարկ է նշել, որ ան այդ կանխատեսումները կատարած էր՝ «Անդրկովկասի մէջ Ռուսաստանի համար ամենակարեւորը չուշանալն է» խորագրեալ յօդուածով, որուն կարեւոր հատուածները կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի Փրակի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ քառակողմ հանդիպումէն ետք Եւրոմիութեան խորհուրդը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կը խօսուի Անդրկովկասի երկու հակամարտ պետութիւններու սահմանին ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութեան մեկնարկին մասին։ Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կ՚ընդգծուի, որ «Հայաստան համաձայնած է աջակցիլ քաղաքացիական առաքելութեան, իսկ Ատրպէյճան համաձայնած է համագործակցիլ անոր հետ՝ այնքան, որ այդ կը վերաբերի իրեն»։ Սա կը նշանակէ հետեւեալը։ Թէեւ Ռուսաստանի մասնակցութեան շնորհիւ հնարաւոր եղաւ դադրեցնել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումները, սակայն, հակառակ Ռուսաստանի դիւանագիտական ջանքերուն՝ այդ մէկը ինչ-որ համաձայնութեան վերափոխելու, Եւրոմիութեան առաքելութեան յայտնուելու մասին որոշումը առնուած է առանց անոր մասնակցութեան։ Յիշեցնենք, որ ԵՄ-ի դիտորդներու այսպիսի առաքելութիւն մը ստեղծելու գաղափարը բարձրաձայնած էին Աւստրիոյ, Լիթուանիոյ եւ Ռումանիոյ՝ Եւրոմիութեան համապատասխան լիազօրութեամբ երեք արտաքին գործոց նախարարները՝ անցեալ տարուան յունիսին Անդրկովկաս կատարած այցելութեան ժամանակ։

Պատահական չէ, որ Ռուսաստանի անորոշ յայտարարութիւններու ֆոնին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Վետանտ Փաթել ողջունած է ԵՄ-ի քայլը՝ զայն կապելով «համապարփակ խաղաղ գործընթացի» նոր ազդակին հետ։ Այս արձագանգէն կարելի է հետեւցնել, որ տարածաշրջանին մէջ կը յայտնուին նոր դերակատարներ, որոնք հնարաւորութիւն կը ստանան ամրագրելու իրենց ներկայութիւնը եւ անմիջականօրէն մասնակցելու երկարաժամկէտ հակամարտութեան կարգաւորման՝ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքմամբ։ Սա այն քաղաքական շահաբաժինն է, որ Արեւմուտքին հնարաւորութիւն կու տայ նպաստաւոր պայմաններով կառչիլ տարածաշրջանէն:

Այս առումով Երեւանի եւ Պաքուի դիրքորոշումները հնարքային կը թուին։ Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան փաստը՝ 1991 թուականի սահմաններով, ինչ որ կ՚ենթադրէ անոր համաձայնութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը անոր կազմին մէջ դասելու ուղղութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործունէութիւնը վերակենդանացնելու անոր յամառ փորձերը կ՚աւարտին ԵՄ-ի առաքելութեան յայտնուելու մասին միջանկեալ որոշմամբ, որ ցոյց կու տայ Հայաստանի տարածքի ճակատագիրը եւ անոր կարգավիճակը միջազգային երաշխիքներու ձեւաչափով որոշելու մտադրութիւնը, ի հարկէ, Եւրոմիութեան մասնակցութեամբ։ Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, ապա առաքելութեան գործունէութեան անոր համաձայնութիւնը կը վկայէ, թէ ան պատրաստ է ԵՄ-ի համակարգմամբ որոշել տարածքի կարգավիճակը՝ նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի անառարկելի ներառումը Ատրպէյճանի կազմէն ներս։ Հակառակ պարագային Երեւան-Պաքու երկխօսութիւնը կը բացառուէր։

Աւելի՛ն, ձեւաւորուող գործընթացի տրամաբանութիւնը տարածաշրջանի իրավիճակին վրայ կը բերէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու գոյութեան կամ բացի անոնցմէ, եւրոպական խաղաղապահ զօրակազմի մը յայտնուելու հարցը։

Եթէ Պաքու իսկապէս երկխօսութեան երթայ Ստեփանակերտի հետ, ինչպէս կ՚ըսէ Փաշինեան, ուրեմն հաւանական է, որ Ատրպէյճան Ռուսաստանի հետ քննարկումներու ժամանակ ձգտի ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման։ Յստակ է նաեւ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին անցեալ սեպտեմբերի բախումները թատրերգական բնոյթ ունին։ Այժմ նման դէպքերու կրկնութեան վտանգը հասած է նուազագոյնի։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ յաջորդիւ: Մոսկուան կ՚ըսէ, որ կը շարունակէ մատը զարկերակին վրայ պահել տարածաշրջանին մէջ, թէեւ Պրիւքսել իր աչքին առջեւ կը սեփականացնէ հակամարտութեան գօտիին մէջ ռուսական խաղաղութեան համաձայնութեան առաջարկները։

Պրիւքսել նոյնիսկ իր վրայ կը վերցնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանային խնդիրներու լուծումը՝ թէեւ Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի հիմնական քարտէսները Մոսկուայի տրամադրութեան տակ են։ Միւս կողմէ, Հայաստանէն որոշ փորձագէտներ համոզուած են, թէ սահմանազատումն ու սահմանագծումը կ՚իրականացուի 1919-1920 թուականներու քարտէսներով, իսկ մի գուցէ Վերսայի խաղաղութեան վեհաժողովին Պաքուի ու Երեւանի ներկայացուցած տարբերակով։ Հայ փորձագէտները կը պնդեն, որ Ատրպէյճան հրաժարած է Խորհրդային սահմաններէն՝ ինքզինք ճանչնալով որպէս Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920) իրաւայաջորդ՝ ընդունելով համապատասխան սահմանադրական օրինագիծը։ Սա կը նշանակէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը կ՚որոշուի առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան, ինչ որ որոշակի պայմաններով կրնայ ձեռնտու ըլլալ Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ։

Պատահական չէ, որ այս իրավիճակին դիմաց բարկացած է Իրան։ Այսպէս կոչուած Փրակի փոխզիջումներէն յետոյ Թեհրանէն բարձրացաւ յայտարարութիւն. «Հայաստան-Իրանի սահմանը գրաւելու համար եթէ Ատրպէյճան յարձակի, ապա Կովկասի մէջ մեծ աշխարհաքաղաքական պատերազմի մը սկիզբը կ՚ըլլայ։ Որեւէ քայլ, որ կասկածի տակ կը դնէ Իրանի անվտանգութիւնը, կը յանգեցնէ մեր միջամտութեան»։

Ճիշդ է, դժուար է ըսել, թէ ինչո՞ւ Իրանի մէջ կայ այնպիսի տպաւորութիւն մը, որով Ատրպէյճան կը պատրաստուի զաւթել Հայաստանի տարածքի մէկ մասը։ Կայ գործօն մը, որ կ՚անհանգստացնէ Իրանը։ Սա Զանգեզուրի միջանցքի բացման հաւանականութիւնն է։ Ճանապարհ, որ պիտի կապէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանին հետ։ Իրան մտավախութիւն ունի, որ կրնայ կտրուիլ Հայաստանէն եւ այդ ժամանակ Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքին դերը կը մեծնայ Անդրկովկասէն անդին։ Այսպիսով, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրադարձութիւնները շատերուն համար անսպասելի ընթացք մը կ՚ունենան։ Ակնյայտ դարձած է Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի հետաքրքրութեան աճը: Միեւնոյն ժամանակ, աւելի յստակօրէն տեսանելի դարձած են Ռուսաստանը տարածաշրջանէն դուրս մղելու քաղաքականութեան ուրուագիծերը։ Ռուսաստանի ոտքերուն առջեւ, փորձագէտներէն մէկուն խօսքով, «սկսած են նետել կոտրուած ապակիներ, որոնց վրայ քալելը վտանգաւոր է»: Աւելի՛ն, գրեթէ կասկած չկայ, որ Մերձաւոր Արեւելքի անկայունութիւնը հնարաւոր է տեղափոխուի Կովկաս։ Ուստի, տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու շարժը Մոսկուայի օրակարգին վրայ կը դնէ ազդեցութեան ոլորտներու վերաբաշխման խնդիրը այնտեղ։

Հիմա գլխաւորը չուշանալն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2022