ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Սուրբերու բարեխօսութեան հարցը միշտ զբաղեցուցած է մարդոց մտածումները: Յատկապէս «բարենորոգչական-բողոքական» շարժումի ծագած օրերուն եւ մինչեւ մեր օրերը, սուրբերու բարեխօսութեան հարցը միշտ քննարկելի հարցերէն է: Այսօրուան եւ յաջոր շաբաթներու ընթացքին, մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերապատիւ Տ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետ Մելոյեանի տուած բացատրութիւնները այս մասին: Հայր Սուրբին տուած բացատրութիւնները քաղած ենք իր կայքէն՝ www.hayrvaghinag.com-էն: Յայտնենք նաեւ, որ Գերապատիւ հայր սուրբը իր բացատրութիւնները տուած է հարցում-պատասխանի ձեւով: Սուրբերու բարեխօսութեան մասին հարցումներն ու պատասխանները այլ հարցերու մասին հարցումներու եւ պատասխաններու հետ՝ Պէյրութի մէջ հրատարակուած են նաեւ գիրքով 2015 թուականին:
Այսպէս, Գերապատիւ հայր սուրբը իր բացատրութիւնները կը սկսի մարտահրաւէրով մը.
ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺՈՂՆԵՐՈՒՆ
Անոնք որոնք կ՚ըսեն, թէ սուրբերը չեն բարեխօսեր կամ սուրբերուն բարեխօսութեամբ չեն կրնար հրաշքներ գործուիլ, մարտահրաւէր կ՚ուղղեմ անոնց տեսերիզ մը պատրաստելու, եւ տեսերիզին մէջ յստակ կերպով ըսելու, թէ՝ անցնող երկու հազար տարիներու ընթացքին սուրբերուն բարեխօսութեամբ գործուած բոլոր հրաշքներն ու կատարուած բոլոր բժշկութիւնները սո՛ւտ են, եւ կամ Սատանային զօրութեամբ կատարուած են։
Կա՛մ անցնող երկու հազար տարիներու ընթացքին Քրիստոսի սուրբերուն բարեխօսութեամբ գործուած հարիւր-հազարաւոր հրաշքները սուտ են եւ բարեխօսութիւնը սուտ, եւ կամ՝ անոնց բարեխօսութեամբ գործուած հարիւր-հազարաւոր հրաշքները ճշմարիտ են եւ բարեխօսութիւնը ճշմարիտ:
Սուրբերուն բարեխօսութիւնը հաստատող Սուրբգրային ուղղակի վկայութիւններ.
1) Յայտնութեան գիրքին 6.9-11-ին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Աստուծոյ Խօսքին իրենց հաւատարմութեան եւ տուած վկայութեան համար սպաննուած մարդոց հոգիները, իրենց խօսքը ուղղելով Աստուծոյ՝ բարձրաձայն կ՚ըսեն. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասես, սուրբ եւ ճշմարիտ Տէր, ե՞րբ պիտի դատես երկրի բնակիչները եւ մեր արեան վրէժը լուծես անոնցմէ»։ Այս հատուածին վերաբերեալ կ՚ուզեմ մի քանի հաստատումներ կատարել.-
ա) Եթէ սուրբերը չեն բարեխօսեր եւ եթէ չեն կրնար Աստուծմէ բան մը խնդրել կամ պահանջել երկրի վրայ ապրող մարդոց կապուած, այդ պարագային, Աստուծոյ Խօսքին իրենց հաւատարմութեան եւ տուած վկայութեան համար սպաննուած յիշեալ մարդոց հոգիները ինչպէ՞ս իրենց խօսքը կ՚ուղղեն Աստուծոյ։ Ինչո՞ւ համար յիշեալ սուրբերը պիտի կանչէին զԱստուած՝ եթէ երբեք գիտէին որ Ան սուրբերուն կանչին ու աղօթքին ականջ չի տար։
բ) Յիշեալ նահատակուած սուրբերը կը խնդրեն Աստուծմէ, որ դատէ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ապրող այն մարդիկը՝ որոնք զիրենք սպաննեցին «Աստուծոյ Խօսքին իրենց հաւատարմութեան եւ տուած վկայութեան համար»: Այս իրողութիւնը ցոյց չի՞ տար, որ ննջեցեալ սուրբերը կրնան Աստուծոյ ներկայացնել իրենց պահանջները կամ խնդրանքները ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ ապրող մարդոց համար կամ անոնց վերաբերեալ:
գ) Աստուած պատասխանե՞ց յիշեալ սուրբերուն աղաղակին թէ ոչ։ Այո՛, պատասխանե՛ց։ Կը կարդանք. «Անոնցմէ իւրաքանչիւրին ճերմակ պարեգօտ մը տրուեցաւ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԸՍՈՒԵՑԱՒ՝ որ կարճ ժամանակ մը եւս հանգիստ ընեն, մինչեւ որ ամբողջանայ թիւը իրենց ծառայակիցներուն եւ եղբայրներուն, որոնք իրենց նման պիտի սպաննուին» (Յյտ 6.11)։
«ԱՆՈՆՑ ԸՍՈՒԵՑԱՒ» բառերը յստակ կերպով ցոյց կու տան, որ անոնց աղաղակին ու կանչին ձայնը լսուեցաւ։ Ճիշդ է որ անոնց խնդրանքը կամ պահանջքը իսկոյն չկատարուեցաւ, բայց չկատարուելուն պատճառը այն էր՝ որ տակաւին ժամանակը չէր եկած որ Աստուած դատէր երկրի բնակիչները եւ անոնց արեան վրէժը լուծէր անոնցմէ, ինչ որ 11-րդ համարը ցոյց կու տայ։ Աստուած լսե՛ց անոնց աղաղակը ու պատասխանեց անոնց, բայց դեռ ժամանակը չէր եկած անոնց խնդրանքը կատարելու: Մեզմէ որո՞ւն խնդրանքը իսկոյն կը կատարուի։ Մենք գիտենք, որ Աստուած կը լսէ մեր աղօթքը, բայց գիտենք նաեւ, որ յարմար ատենին միայն կը պատասխանէ։
դ) Վերոյիշեալ համարներուն համաձայն, խումբ մը նահատակուած սուրբեր Տիրոջ վրէժխնդրութիւնը կը խնդրեն ընդդէմ զիրենք սպաննող մարդոց. հարցում. եթէ նահատակուած սուրբերը կրնան Տիրոջ վրէժխնդրութիւնը խնդրել զիրենք սպաննողներուն համար, ինչո՞ւ պիտի չկրնան իրենց բարեխօսութեամբ Տիրոջ օրհնութիւնն ու ողորմութիւնը հայցել մարդոց համար:
2) Աղքատ Ղազարոսին առակին մէջ, կը կարդանք ընդարձակ երկխօսութեան մը մասին՝ Աբրահամին եւ դժոխք նետուած մեծահարուստին միջեւ (Ղկ 16.24-31)։
Հարուստը Աբրահամէն կը խնդրէ Ղազարոսը քովը ղրկել, որպէսզի կաթիլ մը ջուրով իր ծարաւը յագեցնէ (Ղկ 16.24)։
Աբրահամ կը յիշեցնէ մեծահարուստին երկրի վրայ իր վայելած բարիքները, եւ Ղազարոսին քաշած տառապանքը (Ղկ 16.25)։
Մեծահարուստը կ՚աղաչէ Աբրահամին, որ Ղազարոսը ղրկէ երկրի վրայ ապրող իր եղբայրներուն մօտ, որպէսզի զգուշաւոր կեանքի հրաւիրէ զիրենք (Ղկ 16.27-28)։
Աբրահամ մեծահարուստին կ՚ըսէ, թէ իր եղբայրները Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէները ունին, որոնց խօսքերը պէտք է գործադրեն (Ղկ 16.29)։
Մեծահարուստը կը պատասխանէ, թէ Օրէնքին ու մարգարէներուն խօսքերը բաւարար չեն, այլ պէտք է մէկը յարութիւն առնէ մեռելներէն ու երթայ իրենց, եւ այն ատեն միայն անոնք պիտի ապաշխարեն (Ղկ 16.30)։
Աբրահամ կ՚եզրակացնէ ըսելով. «Եթէ Մովսէսի Օրէնքին ու մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, մեռելներէն յարութիւն առնող մըն ալ պիտի չկարենայ համոզել զիրենք» (Ղկ 16.31)։
Քանի մը նշումներ.-
ա) Եթէ դժոխք գացած մեծահարուստը կրցաւ դրախտ գտնուող Աբրահամէն օգնութիւն խնդրել, երկրի վրայ ապրող հաւատացեալը ինչո՞ւ պիտի չկարենայ դրախտաբնակ սուրբերէն օգնութիւն խնդրել։
բ) Կարեւոր է նկատի առնել, որ մեծահարուստը իր խօսքը ուղղեց եւ իր խնդրանքը ներկայացուց Աբրահամին եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ, եւ սա ցոյց կու տայ, որ ան ուզեց իր խնդրանքին պատասխանը ստանալ Աբրահամի միջոցաւ կամ անոր միջնորդութեամբ: Արդեօք ասիկա ցոյց չի՞ տար, որ մենք կրնանք սուրբերուն միջոցաւ կամ միջնորդութեամբ նաեւ ստանալ մեր աղօթքներուն ու խնդրանքներուն պատասխանները:
գ) Անոնք որոնք կ՚ըսեն. «Սուրբերուն պէտք չէ դիմել. ուղղակի Աստուծոյ պէտք է դիմել», ի՞նչպէս կը բացատրեն մեծահարուստին դիմելը Աբրահամին։ Այս իրողութիւնը ցոյց չի՞ տար որ մենք կրնանք Աստուծմէ խնդրել, որ իր սուրբերը օգնութեան ղրկէ, կամ ցոյց չի՞ տար որ մենք կրնանք ուղղակիօրէն սուրբերուն օգնութեան դիմել:
դ) Եթէ դժոխք նետուած մեծահարուստը կրնայ բարեխօսել երկրի վրայ ապրող իր եղբայրներուն համար (Ղկ 16.27-28), որքա՜ն աւելի դրախտ գացողները կրնան բարեխօսել երկրի վրայ ապրողներուն համար:
ե) Եթէ դժոխք նետուած մեծահարուստը կրնայ Աբրահամին միջնորդութիւնը խնդրել երկրի վրայ ապրող իր եղբայրներուն համար, որքա՜ն աւելի հաւատացեալը ինք կրնայ խնդրել սուրբերուն միջնորդութիւնը երկրի վրայ գտնուող իր հարազատներուն համար։
զ) Եթէ դժոխք նետուած կամ տակաւին երկրի վրայ ապրող անձ մը չի կրնար երկխօսութեան մտնել դրախտին մէջ եղող սուրբի մը հետ, այդ պարագային, ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել մեծահարուստին երկխօսութեան մէջ մտնելը Աբրահամին հետ։
է) Զգո՛յշ ըլլանք ըսելու. «Մեծահարուստը բարեխօսեց, բայց իր բարեխօսութիւնը անպատասխան մնաց»: Անոր բարեխօսութեան անպատասխան մնալը փաստ մը չէ, որ սուրբերը չեն բարեխօսեր եւ անոնց բարեխօսութիւնը չի պատասխանուիր: Մեծահարուստին բարեխօսելը իր եղբայրներուն համար՝ յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ ննջեցեալներ կրնան բարեխօսել, իսկ թէ ինչո՛ւ իր բարեխօսութիւնը չընդունուեցաւ, պատճառը այն է՝ որ դժոխք նետուած էր ան, եւ Աստուած չի՛ պատասխաներ դժոխք նետուած անձի մը բարեխօսութեան:
3) Բարեխօսութեան առաջին օրինակը կը գտնենք Ծննդոցի 4-րդ գլուխին մէջ: Կայէն սպաննեց իր եղբայրը՝ Աբէլը:
Աբէլին արեան ձայնը, այլ խօսքով՝ անոր հոգին, կանչեց զԱստուած, եւ Աստուած լսեց անոր կանչը, եւ ոչ միայն լսեց, այլեւ՝ պատասխանեց: Փաստօրէն, Աստուած եկաւ Կայէնին մօտ եւ անոր ըսաւ. «Քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ» (Ծն 4.10): Սպաննուած Աբէլը բողոքեց եւ Աստուած լսեց անոր բողոքին ձայնը, եւ եկաւ հաշիւ պահանջելու անոր եղբօրմէն ու դատելու զանիկա. հարցում. երբ Աստուած կը հաստատէ, թէ լսեց Աբէլին արեան ձայնը, որ գետնէն կը բողոքէր ու կը կանչէր, ասիկա ցոյց չի՞ տար, որ Աստուծոյ մարդիկը որոնք կը ննջեն կամ կը սպաննուին՝ կրնան աղօթել, բողոքել, կանչել, պահանջել, աղաչել, եւ լսուիլ ու պատասխանուիլ Աստուծոյ կողմէ: Եթէ մէկը մտածէ, թէ Աբէլին ըրածը աղօթք չէր, այլ՝ բողոք, անոր կ՚ըսեմ. «Եթէ Աստուած հաւատացեալ ննջեցեալի մը բողոքին ձայնը կը լսէ՝ ինչպէ՞ս կրնայ անոր աղօթքը չլսել»:
4) Յիսուս խաչին վրայ եղած ժամանակ ըսաւ. «Էլի՛, Էլի՛, լա՞մա սաբաքթանի», որ կը նշանակէ. «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս» (Մտ 27.46): Շուրջինները երբ լսեցին Յիսուսի այս բացագանչութիւնը՝ ըսին. «Եղիան կը կանչէ: Ձգեցէք տեսնենք, Եղիան պիտի գա՞յ զԻնք ազատելու» (Մտ 27.47,49): Ի՞նչ ցոյց կու տան «ձգեցէք տեսնենք, Եղիան պիտի գա՞յ զԻնք ազատելու» բառերը: Ցոյց չի՞ տար որ հրեաներ կը հաւատային, որ եթէ օգնութեան կանչէին Աստուծոյ սուրբերը՝ անոնք պիտի գային ու օգնէին իրենց: Այս իրողութիւնը չի՞ հաստատեր սուրբերու բարեխօսութիւնը։ Եթէ սուրբերը մարդոց կանչին ու աղաղակին չեն ընդառաջեր, այդ պարագային ինչո՞ւ խաչին մօտ գտնուող հրեաները սպասեցին ու ակնկալեցին Եղիա մարգարէին գալը եւ Յիսուսին օգնելը: Եղիա մարգարէին գալուստին սպասելը եւ անոր գալուստը ակնկալելը յստակ կերպով ցոյց կու տայ, որ հրեայ ժողովուրդին մտայնութեան մէջ հաստատուած էր այն համոզումը, թէ սուրբեր կու գան՝ եթէ կանչուին, եւ կ՚օգնեն՝ եթէ խնդրուի իրենցմէ:
5) Երբ Եղիա կը պատրաստուէր երկինք համբարձուելու՝ Եղիսէ խնդրեց իրմէ ունենալ իր հոգիին կրկնապատիկը. հարցում. Եղիա մարգարէին հոգիին կրկնապատիկը Եղիսէին շնորհելը որո՞ւն գործն էր, Աստուծո՞յ, թէ՝ Եղիային: Յստակ է որ Աստուծոյ. բայց հետաքրքրական չէ՞ որ Եղիսէ Եղիայէ՛ն է որ կը խնդրէ անոր հոգիին կրկնապատիկը եւ ո՛չ թէ Աստուծմէ. ասիկա ցոյց չի՞ տար, որ մենք Աստուծոյ սուրբերէն շատ բան կրնանք խնդրել: Չաճապարենք մեր դատաստաններուն մէջ, եւ չըսենք թէ Եղիա տակաւին երկինք չէր փոխադրուած, այլ երկրի վրայ էր երբ Եղիսէ խնդրեց իրմէ անոր հոգիին կրկնապատիկը ունենալ: Ճիշդ է ասիկա, բայց չմոռնանք նաեւ որ Եղիա իր երկինք փոխադրուելէն ե՛տք էր որ իր հոգիին կրկնապատիկը շնորհեց Եղիսէին: Դ.Թագաւորաց 2.9-15 համարներուն ուշադիր քննութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած Եղիային երկրէն բաժնուելէն ե՛տք էր որ անոր միջոցաւ՝ անոր հոգիին կրկնապատիկը շնորհեց Եղիսէին: Արդ, ինչպէս Աստուած Եղիային երկրէն բաժնուելէ ետք՝ անոր միջոցաւ շնորհեց Եղիսէին անոր սրտի խնդրանքը, այնպէս ալ, մեզմէ բաժնուող սուրբ եւ արդար մարդոց աղօթքով, Աստուած կը շնորհէ մեզի մեր սրտի խնդրանքները, եթէ հարկաւ անոնք Իր կամքին համաձայն ըլլան:
6) Երկրորդականոն գիրքերէն՝ Բարուքի գիրքին մէջ կը կարդանք. «Ո՛վ Իսրայէլի մեռելներ, աղօթեցէք մեզի համար» (Բարուք 3.4): Այս հաստատումը ամենայն յստակութեամբ կը պարզէ, թէ ննջեցեալներ կրնան մեզի համար աղօթել: Ուրիշներ կրնան չընդունիլ Երկրորդականոն գիրքերը, բայց Հայ ու Արեւելեան միւս եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ Կաթոլիկ եկեղեցին, բոլորը կ՚ընդունին Երկրորդականոն գիրքերը իբրեւ «օգտակար ու դաստիարակիչ գիրքեր» Գրիգոր Տաթեւացիին իսկ բառերով, եւ նոյնիսկ անոնցմէ բաժիններ ունինք մեր Ճաշոցի գիրքին մէջ: Հետաքրքրական է գիտնալ, որ Գրիգոր Տաթեւացին Երկրորդականոն գիրքերը կը կոչէ՝ «Աստուածաշունչ գիրքեր», իսկ ներկայիս մեր կողմէ գործածուող 66 գիրքերը կը կոչէ՝ «Աստուածակերտ գիրքեր»:
7) Երկրորդականոն գիրքերէն՝ Բ.Մակաբայեցիներու գիրքին 15.11-16 համարներուն մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Յուդա Մակաբայեցին իր երազին մէջ կը տեսնէ Օնիա անունով քահանայապետ մը, որ վաղուց մեռած էր, եւ որ կ՚աղօթէր ու կ՚աղաչէր Աստուծոյ հրեայ ազգի պահպանութեան համար:
Այս վկայութիւնը սքանչելի կերպով ցոյց կու տայ, թէ ննջած հաւատացեալները կրնան աղօթել ու աղաչել Տիրոջ մեր փրկութեան ու պահպանութեան համար:
Յուդա Մակաբայեցին միաժամանակ տեսաւ վաղուց մեռած Երեմիա մարգարէն եւ տեսաւ, թէ ինչպէս Օնիա քահանայապետը վկայութիւն կու տար Երեմիային մասին՝ ըսելով. «Ասիկա մեր եղբայրասէր ծերունին է, որ միշտ ու յաճախ աղօթք կը մատուցէ Աստուծոյ»: Անկէ ետք, Երեմիան սուր մը տուաւ Յուդա Մակաբայեցիին ու ըսաւ. «Ընդունի՛ր այս սուրբ սուրը իբրեւ Տիրոջ կողմէ տրուած պարգեւ, որովհետեւ անով է որ պիտի ոչնչացնես թշնամիները»: Տուեալ հատուածին մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Օնիա քահանայապետը կը վկայէ, որ Երեմիա մարգարէն «միշտ ու յաճախ աղօթք կը մատուցէ Աստուծոյ», եւ թէ ինչպէս Երեմիա մարգարէն, ո՛չ միայն կ՚աղօթէ, այլեւ՝ սուր կը յանձնէ Յուդա Մակաբայեցիին, որպէսզի անով յաղթէ թշնամիներուն: Այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ սուրբերը ո՛չ միայն կրնան աղօթել ու աղաչել մեզի համար, այլ նաեւ կրնան «սուր» տալ մեզի, այլ խօսքով՝ օգնութիւն հայթայթել, պահպանութիւն ընել, զօրակցութիւն յայտնել, պաշտպանութիւն շնորհել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ