ՏՔԹ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ ՔԷՊԷՔԻ ՄԷՋ

Գա­նա­տա­հայ հա­մայն­քի սի­րուած ու յար­գուած ե­րէց սե­րուն­դի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն Տքթ. Ար­թօ Տէ­միր­ճեան վեր­ջերս պար­գե­ւատ­րուած է Քէ­պէ­քի Ա­տամ­նա­բոյժ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ։ Այս­պէս, «Ա­պա­գայ» շա­բա­թա­թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ար­ժա­նա­ցած է այդ ըն­կե­րակ­ցու­թեան 2015 թուա­կա­նի պա­տուոյ մրցա­նա­կին։

Հարկ է նշել, որ սոյն մրցա­նա­կը հաս­տա­տուած է 2007 թուա­կա­նին ու կը շնոր­հուի ըն­կե­րակ­ցու­թեան այն ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց բա­ցա­ռիկ վաս­տա­կով զար­գա­ցու­ցած են ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան բնա­գա­ւա­ռը։

Տքթ. Ար­թօ Տէ­միր­ճեան հե­ղի­նա­կած է ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան կա­լուա­ծին վե­րա­բե­րեալ բազ­մա­թիւ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ եւ գի­տա­կան յօ­դուած­ներ։ Ան ե­ղած է նաեւ Մոն­րէա­լի հա­մալ­սա­րա­նի ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան բաժ­նի եր­կա­րա­մեայ դա­սա­խօ­սը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2015