ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՇՆԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Մի­ջազ­գա­յին Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Թո­մաս Պախ եւ եւ­րո­պա­կան Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Փաթ­րիք Հի­քէ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին պի­տի այ­ցե­լեն Ե­րե­ւան՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան ազ­գա­յին կո­մի­տէի հիմ­նադ­րու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Նոյն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին նաեւ շուրջ քսան եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէ­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը։ Հան­դի­սու­թիւն­նե­րը նա­խա­տե­սուած են Սեպ­տեմ­բե­րի 28-31-ին։

Այդ նոյն օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ նախ­կին խորհր­դա­յին տասն­հինգ պե­տու­թիւն­նե­րու ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէ­նե­րուն ֆո­րու­մը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, բա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րուի նաեւ Դա­ւի­թա­շէ­նի մէջ կա­ռու­ցու­մը շա­րու­նա­կուող ո­ղիմ­պիա­կան ա­ւա­նին, որ վիթխարի ձեռքբերում մը պիտի ըլլայ եր-կրի մարմնամարզի ոլորտին համար։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2015