Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՎԱՂԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան վաղը Մոսկուայի մէջ պիտի տեսակցի Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ՝ քննարկելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները կը շօշափեն երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընթացքը, նաեւ ԵՏՄ-ի շրջանակներէն ներս համարկման ուղղեալ առկայ խնդիրներ։ Հարկ է նշել, որ քանի մը օր առաջ ալ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած էր Յովիկ Աբրահամեանի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի միջեւ։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2015