ՀԱՅՐ ՂՈՒԿԱՍ ԻՆՃԻՃԵԱՆ. ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ՈՒ ՄԵԾԱՐԺԷՔ ԵՐԱԽՏԱՒՈՐԸ
Մխիթարեան Միաբանութեան մեծավաստակ դէմքերու ոսկեմատեանին մէջ բարձր է արժէքը Հայր Ղուկաս Ինճիճեանի (Ղուզիոս Միքայէլեան), որ վախճանած է Յուլիս 2-ի օրը, 182 տարի առաջ։
Բանասէր եւ հայագէտ, պատմաբան ու աշխարհագրագէտ, աստղաբաշխութեան վարպետ եւ հասարակական գիտութիւններու հմուտ տեսաբան, բազմավաստակ խմբագիր ու մեծարժէք գիտուն՝ Հայր Ղուկաս Ինճիճեան անվիճելիօրէն կը հանդիսանայ գլխաւոր ռահվիրաներէն մէկը 19-րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքին։
Հայր Ղուկաս Ինճիճեան ոչ միայն արեւելքի խաւարամտութեան տակ հիւծող հայութեան առջեւ լայնօրէն բացաւ եւրոպական մտքին ու գիտութեան լուսամուտները, այլեւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր արժէքներուն ուսուցանողը, տարածիչն ու վերանորոգողը դարձաւ։
Յատկապէս իբրեւ մարմնաւորումը գիտուն մտաւորականի եւ անխոնջ հրապարակագրի եզակի համադրումի մը՝ Հայր Ղուկաս Ինճիճեան ամբողջ կէս դար հոգեմտաւոր սնունդ հասցուց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Իր ուսումնասիրութիւններն ու աշխատասիրութիւնները անուս բազմութիւններուն մատչելի դարձնելու բնատուր ձիրքը ունէր, աշխարհաբարի առաջին մշակողներէն եղաւ, հայ պարբերական մամուլի նախակարապետ դարձաւ ու յատկապէս Տարեգիրքերու հիմը դրաւ հայ իրականութեան մէջ։
Ծնած է 1758 թուականին, Պոլիս։ Մեծհայրը Ադրիանապոլսէն (Էտիրնէ) էր՝ հանրածանթ Ինճիճի Հաճի Միքայէլ անունով։ Հայրը՝ Պոլիս հաստատուած Ինճիճի Պօղոս Միքայէլեանն էր։ Իսկ մայրը՝ Տիրուհին, կը յիշատակուի իբրեւ քոյրը Մխիթարեան միաբանութեան մեծանուն պատմաբան Միքայէլ Չամչեանի (1738-1823)։
1770 թուականին հայրը Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն ուղարկեց 12-ամեայ իր զաւակը, որ իր ուշիմութեամբ գրաւեց ուշադրութիւնը միաբանութեան առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Ստեփանոս Ակունց Քուվերին (1740-1824) եւ վայելեց անոր հոգածութիւնն ու քաջալերանքը։ 1774 թուականին, 16-ամեայ պատանին ընտրեց հոգեւորականի կեանքը եւ դարձաւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։ Իսկ 1786 թուականի վերջերուն վերադարձաւ Պոլիս, ուր մնաց չորս տարի։ 1790 թուականին վերստին մեկնեցաւ Վենետիկ, ուր գործեց մինչեւ 1805 թուականի Մարտի 14-ը, երբ առողջական պատճառներով՝ բուժման համար դարձեալ վերադարձաւ Պոլիս, երկար ժամանակով հոն մնալու եւ աշխարհագրական որոշ վայրեր մօտէն ուսումնասիրելու մտադրութեամբ։
Հայր Ղուկաս Ինճիճեան աւելի քան քսաներեք տարի մնաց ու գործեց Պոլսոյ մէջ։ Մեծ ներդրում ունեցաւ 1810 թուականին հիմնադրուած Արշարունեաց միութեան աշխուժացումին եւ հզօրացման մէջ։
Միութեան նպատակն էր տարածել ռամիկ, այլեւ աշխարհաբար հայերէնով հրատարակուած գիրքերը։ Կազմած էր սեփական մեծ գրադարան մը, որ 1815 թուականին հրդեհի մը բռնկման հետեւանքով ամբողջապէս մոխիր դարձաւ։ Հրոյ ճարակ դարձան նաեւ մեծ թիւով իր ձեռագրերը, որոնց շարքին՝ «Օսմանեան պետութեան աշխարհագրութեան» նուիրուած իր ծաւալուն գործին երկրորդ եւ երրորդ հատորները։
1819 թուականին, Արշարունեաց միութեան հովանաւոր Գիւզեան ունեւոր ընտանիքը օրուան իշխանութեանց կողմէ ենթարկուեցաւ հալածանքի եւ Հայր Ղուկաս Ինճիճեան, իբրեւ ընտանիքին մտերիմը, խոյս տուաւ դէպի Օտեսա։ Թէեւ տարի մը ետք դրութիւնը կարգաւորուեցաւ եւ Հայր Ինճիճեան 1820 թուականին վերադարձաւ Պոլիս, բայց Գիւզեան ընտանիքի գլխուն եկած փորձանքին հետեւանքով՝ Արշարունեաց միութիւնը կազմալուծուած գտաւ։ Այդ պատճառով ալ, միութեան կողմէ նիւթապէս մատակարարուող Հայր Ղուկաս Ինճիճեանի հրատարակած մեծարժէք «Եղանակ բիւզանդեան-բազմավէպ» տարեգիրքը եւս դադրեցաւ լոյս տեսնելէ։
Ընդհանրապէս կաթոլիկ հայերու նկատմամբ հալածանքի տարիներ էին 1820-ականները. 1828 թուականի սկիզ-բը, Պոլսոյ կաթոլիկ հայերը աքսորուեցան իշխանութեանց կողմէ։ Հայր Ինճիճեան՝ Պոլիս մնալը այլեւս վտանգաւոր համարելով՝ նոյն տարուան Մայիսին վերջնականապէս գնաց Վենետիկ, ուր տարի մը առաջ վախճանած Հայր Գաբրիէլ Աւետիքեանի (1751-1827) փոխարէն ընտրուեցաւ միաբանութեան փոխառաջնորդ։ Այդ պաշտօնին վրայ ալ վախճանեցաւ 2 Յուլիս 1833 թուականին։
Հանրագիտական աղբիւրները միաձայնութեամբ կը շեշտեն, որ Հայր Ղուկաս Ինճիճեան իր անունին կապեց բանասիրական եւ խմբագրական բեղուն վաստակ մը։ Յատուկ գնահատանքի արժանի են.
- 1791-ին Վենետիկ լոյս տեսած իր «Տեսութիւն համառօտ հին եւ նոր աշխարհագրութեան» չափածոյ երկը, որ նաեւ լրիւ թարգմանուած է իտալերէնի, իսկ մասնակիօրէն՝ ֆրանսերէնի։
- 1794-ին հրատարակուած «Ամարանոց բիւզանդեան» գիրքը։
- 1799-1802-ին՝ «Տարեգրութիւն»ներու շարքը, որ «Ազդարար»էն յետոյ երկրորդ պարբերականը եղաւ հայ իրականութեան մէջ, նաեւ եղաւ առաջինը՝ իր գործածած աշխարհաբար լեզուով։ Կը պարունակէ ժամանակաշրջանի հասարակական-քաղաքական իրադարձութեանց մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։
- 1803-1820-ին, «Տարեգրութիւն»ներու փոխարէն, լոյս տեսած «Եղանակ բիւզանդեան-բազմավէպ» աշխարհաբար տարեգիրքը, աւելի ճոխ ու բազմազան բովանդակութեամբ, նաեւ՝ աւելի մեծ ծաւալով ու գեղեցիկ նկարազարդումներով։
- 1824-էն սկսեալ հրատարակուած «Դարապատումներ» շարքը, տարեկան մէկ կամ երկու հատորով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէ դարաշրջանի մը քաղաքական եւ մշակութային իրադարձութեանց պատմութիւնը։
Հայր Ղուկաս Ինճիճեանի թողած ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ պատմաբանասիրական եւ աշխարհագրական ուշագրաւ հետազօտութիւններ, որոնք կը պարունակեն հարուստ նիւթ՝ հին Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, տեղագրութեան եւ հնութեանց մասին։
Անոնց կարեւորագոյններն են՝
- «Աշխարհագրութին չորից մասանց աշխարհի» բազմահատորեակի առաջին մասին Ա. հատորը եւ երկրորդ մասին Ե.-Զ. հատորները (1806, 1804)։
- «Ստորագրութիւն հին Հայաստանեայց»ը (1822), ուր մանրամասնօրէն ներկայացուած են պատմական Հայաստանի տասնվեց նահանգները, տրուած է անոնց տեղագրական եւ աշխարհագրական նկարագիրը։
- «Հնախօսութիւն աշխարհագրական Հայաստանեայց աշխարհի» (երեք ստուար հատորներ, տպուած Վենետիկ, 1835-ին)։
Հայր Ղուկաս Ինճիճեան հրատարակած է նաեւ քանի մը մասնայատուկ աշխատութիւններ, որոնք իբրեւ դասագիրք օգտագործուած են ատենին, ինչպէս «Պատմութիւն կենդանեաց ի չորս կարգս բաժանեալ՝ ի ցամաքային, ի ջրային, յերկակենցաղ եւ յօդային» (Վենետիկ, 1801։ Բ. տպագրութիւն՝ 1810)։
Վերջապէս, բայց վերջինը, յատուկ յիշատակութեան արժանի է Հայր Ղուկաս Ինճիճեանի աշխատասիրութիւնը «Ազգասիրութեան մասին», որ հայ մտքի եւ գիտութեան մեծարժէք այս Մխիթարեանը գրած էր 1812-ին, Արշարունեաց ընկերութեան խնդրանքով՝ ներկայացնելու համար իր համոզումներն ու տեսակէտները ի պաշտպանութիւն հայոց ազգային հոգեմտաւոր գանձարանին։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ