ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կը ստանայ շնորհալի կինը:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ» (Առ 11.16):

Շնորհալի կին. ո՞վ է շնորհալի կինը. բոլոր այն կիները, որոնք՝

ա. Հաւատարիմ են իրենց կոչումին՝ առաջին հերթին՝ մայրութեան եւ երկրորդ հերթին՝ իրական կին ըլլալուն:

բ. Գիտակցութիւնը ունին իրենց վստահուած պարտաւորութեան՝ աստուածավախ, հայրենասէր-ազգասէր եւ բարոյական ամուր հիմեր ունեցող երեխաներ դաստիարակելուն:

գ. Աստուծմէ իրենց տրուած գեղեցկութիւնը, շնորհքը, իմաստութիւնը կ՚օգտագործեն նոյն Ինքն Աստուծոյ փառքին համար, եւ ո՛չ թէ իրենք զիրենք անառակութեան եւ փառասիրութեան կու տան՝ վստահելով իրենց աստուածատուր գեղեցկութեան, շնորհքին ու իմաստութեան, ինչ բանը կ՚անգիտանան:

դ. Աստուածավախ, բարոյականութեամբ պարսպապատուած, խոհեմ եւ իմաստուն հիմքերու վրայ՝ ամուր եւ առողջ ընտանիքներ կը կազմեն՝ իրենց ամուսիններուն հետ միասին:

Տակաւին կարելի է շարքը երկարել շնորհալի կիներու յատկութիւնները թուարկելու, սակայն այսքանով բաւարարուինք, որովհետեւ այսքանը բաւարար է, հասկնալու Իմաստունին ըսածը, թէ՝ շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ, քանի որ վերը թուարկուած չորս յատկութիւնները ունեցող կինը, իր շրջապատին յարգանքն ու ակնածանքը կը կրէ, միաժամանակ իրեն աջակից ունենալով Աստուծոյ օրհնութիւնն ու օգնականութիւնը: 

Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեան այսպէս կը նկարագրէ կնոջ կերպարը.

«Կինն իբր մայր վիճակին մէջ ճանչցած եմ միայն... անոր գեղեցկութիւնը՝ զգայական հրապոյրներէ զերծ՝ մայրենի նուիրականութեան մը պաշտամունքին մեծարանքովը վսեմացած տեսեր եմ միայն. մանկութեան մէջ ընտանեկան յարկի դասն ա՛յս եղած է միշտ:

Կինն հոմանիշ է կեանքին:

Քրիստոնէութեան առաքեալներէն մէկը՝ կնոջ փրկութեան պայման նկատած է որդեծնութեան օրհնութիւնն ու մայր ըլլալու պաշտօնը:

Մէն մի ծնունդ փրկանքն է մօր:

Մայրական սրտի կաթումներն ու տրոփումները չունեցող կամ իրմէ բխող կենդանի շառաւիղներու մէջ չբազմապատկուած կինը ապաժաման կը մնայ իր ճակատագրին մեծութեանը:

Մանուկներու երկրպագութիւնը չվայելող կինն իր պատուանդանէն գլորուած արձան մըն է, որ սրբավայր չունի:

Մայրութիւնը պաշտամունքն է ընտանիքին: Իսկ այդ պաշտամունքին խորհրդականութիւնը անեղծ կը պահուի բարի համբաւով անառագաստ սրբութեամբը ընտանեկան տաճարին»:

Հ. Ի՞նչ կը ստանան զօրաւոր մարդիկը:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Զօրաւոր մարդիկը՝ հարստութիւն [կը ստանան]» (Առ 11.16): Առաջին մօտեցումով, կը տարուինք մտածելու, թէ այսօրուան կեանքին օրէնքն է, որ զօրաւորը մարդիկը կրնան դիւրութեամբ հարստութիւն ձեռք բերել: Սակայն, եկէք փորձենք հոգեւոր ակնոցներով մօտենանք այս արտայայտութեան, եւ այդպէս փորձենք ընկալալել ըսուածը:

Նախ փորձենք հասկնալ, թէ ո՞վ է զօրաւոր մարդը: Աշխարհիկ հասկացողութեամբ զօրաւոր մարդիկը իրականութեան մէջ ամենէն տկար եւ ամենէն վախկոտ մարդիկն են:

Զօրաւոր մարդիկը անոնք են, որոնք հակառակ աշխարհին պատճառած դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն, հակառակ հազար ու մէկ տեսակ արգելքներուն, հակառակ գայթակղութիւններով լեցուն փորձութիւններուն կը շարունակեն պայքարիլ այդ բոլորին դէմ, հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ եւ ենթարկուելով Անոր կամքին՝ որ բարի է եւ դէպի փրկութիւն առաջնորդող:

Զօրաւոր մարդիկը անոնք են, որոնք համարձակութիւնը ունին յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան նոյնիսկ իրենց կեանքերը զոհել, վկայ այն բիւրաւոր նահատակներն ու մարտիրոսները, որոնք իրենց հաւատքին համար իրենց կեանքը զոհեցին:

Զօրաւոր մարդիկը անոնք են, որոնք խոհեմութեամբ եւ իմաստութեամբ կը վարուին դժուարութիւններու ընթացքին, չեն աճապարեր, լաւ կը մտածեն, Աստուծոյ օգնութիւնը կը խնդրեն, եւ նոր միայն յառաջ կ՚ընթանան:

Զօրաւոր մարդիկը անոնք են, որոնք չեն տարուիր աշխարհի արդած գայթակղութիւններէն, այլ՝ իրենց ճակատի քրտինքով կը վաստակին իրենց հացը, գողութենէ եւ կողոպուտէ հեռու կը մնան, անկեղծ եւ զօրաւոր սիրով կը սիրեն իրենց կիները՝ եւ հաւատարիմ կը մնան անոնց, առանց դաւաճանելու, կը հոգան ու կը գուրգուրան իրենց զաւակներուն եւ կարելի ներածին չափով ճիշդ դաստիարակութիւն կը ջամբեն անոնց՝ սկսելով աստուածավախութենէն, կը յարգեն ու կը պատուեն իրենց ծը-նողները:

Դարձեալ կարելի է շարքը երկարել, սակայն բաւարարուինք այսքանով:

Սրբազան Պօղոս առաքեալ զօրաւոր մարդոց երկար շարք մը կը ներկայացնէ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, ուր մէկ առ մէկ կը թուէ հաւատքի անցեալ ախոյեանները: Ախոյեան տիտղոսին արժանի են անոնք՝ որոնք զօրաւոր են, տկար մարդիկը չե՛ն կրնար ախոյեաններ ըլլալ: Այսպէս, Պօղոս առաքեալ կը գրէ.

«Իր հաւատքով էր որ Աբէլ Կայէնէն շա՛տ աւելի լաւ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած վկայեց Իր արդար ըլլալուն մասին, ընդունելով Իր մատուցած նուէրները: Եւ թէպէտ Աբէլ մեռաւ, բայց իր հաւատքին օրինակը խօսուն կը մնայ միշտ:

Իր հաւատքին համար էր որ Ենովք երկինք փոխադրուեցաւ, առանց մահ տեսնելու…:

Իր հաւատքով էր որ Նոյ երկիւղածութեամբ անսաց Աստուծմէ ստացած իր հրահանգին՝ գալիք եւ դեռ անտեսանելի բաներու մասին, եւ տապանը շինելով իր ընտանիքը փրկեց…:

Իր հաւատքով էր որ Աբրահամ հնազանդեցաւ Աստուծոյ կոչին, որպէսզի ելլէ երթայ այն տեղը՝ որ իբրեւ ժառանգութիւն պիտի ստանար. եւ ճամբայ ելաւ, առանց գիտնալու թէ ո՛ւր կ՚երթայ…:

Իր հաւատքով էր որ Սառա ինք ալ, որ ամուլ էր, որդեծնութեան սերմը ընդունելու զօրութիւնը ստացաւ եւ իր յառաջացած տարիքին մէջ զաւակ ծնաւ, որովհետեւ վստահութիւն ունեցաւ Աստուծոյ վրայ, որ զաւակ խոստացաւ իրենց…:

Հաւատքով էր որ Աբրահամ զոհ մատուցանեց Իսահակը, երբ Աստուած զինք կը փորձէր:

Հաւատքով էր որ Յակոբ իր մահուընէն առաջ օրհնեց Յովսէփի որդիներէն իւրաքանչիւրը, եւ "իր գաւազանին ծայրին կռթնելով՝ երկրպագութիւն ըրաւ Աստուծոյ":

Հաւատքով էր որ Յովսէփ իր վախճանման պահուն յիշեցուց Իսրայէլի ժողովուրդին Եգիպտոսէն ելլելու խոստումը, եւ կարգադրութիւն ըրաւ նաեւ իր աճիւններուն փոխադրութեան համար:

Հաւատքով էր որ Մովսէսի ծնողները տեսնելով ծնած մանուկին կայտառ ըլլալը՝ մինչեւ երեք ամիս պահեցին զայն, առանց վախնալու թագաւորին հրամանէն:

Հաւատքով էր որ Մովսէս երբ մեծցաւ՝ մերժեց փարաւոնին աղջկան զաւակ կոչուիլ: Նախընտրեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան՝ կարճ ժամանակի մը համար մեղքերու հաճոյքը վայելել: Եգիպտոսի գանձերէն շա՜տ աւելի մեծ հարստութիւն նկատեց՝ Քրիստոսի կրած նախատինքները կրել, որովհետեւ աչքերը յառած էր Աստուծոյ վարձատրութեան: Հաւատքով էր որ Եգիպտոսը թողուց, առանց վախնալու թագաւորին զայրոյթէն, եւ իբրեւ անտեսանելի Աստուածը տեսնող մարդ՝ գիտցաւ համբերել: Հաւատքով էր որ Զատիկը հաստատեց եւ հրահանգեց արիւն սրսկել դռներուն վրայ, որպէսզի մահուան հրեշտակը չմօտենայ Իսրայէլի անդրանիկ զաւակներուն:

Հաւատքով էր որ Իսրայէլի ժողովուրդը Կարմիր ծովէն անցաւ…

Հաւատքով էր որ Երիքովի պարիսպները կործանեցան…

Հաւատքով՝ կիներ տեսան իրենց մեռելներուն յարութիւն առնելը: Շատեր տանջանքի տակ մեռան՝ մերժելով ազատութիւնը, որպէսզի լաւագոյն կեանքի մը համար յարութիւն առնեն: Ուրիշներ նախատինքներու եւ ծեծերու ենթարկուեցան, շղթաներու եւ բանտերու համը առին: Քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձութեանց մատնուեցան, սուրով սպաննուեցան, ոչխարի կամ այծի մորթով ծածկուած շրջեցան՝ զրկանք, հալածանք ու չարչարանք կրելով, թափառական ապրելով անապատներու մէջ կամ լեռներու վրայ, քարայրներու կամ խոռոչներու մէջ: Արդարեւ աշխարհը արժանի չէր այդ մարդոց» (Կարդա՛լ Եբր 11-րդ գլուխը):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 23

9 դեկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2022