ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Եւ այս ինն ամսուան մեռելային դրութենէն, անթափանցելի խաւարի մէջէն, մեծ բնութեան հրաշքային ուժով, ան յանկարծ լոյս աշխարհ կ՚իյնայ, նոր անհատ մը կը դառնայ, որ իր սեփական կեանքը պիտի ունենայ: Ի՞նչ ահագին է այդ փոփոխութիւնը: Մէկ վայրկեանուան մը ընթացքին այս էակին ամբողջ կենցաղը պիտի փոխուի: Անոր խուփ աչքերը անսովոր լոյսին պիտի բացուին, անոր խուլ ականջները պիտի դղրդան դուրսի ձայներէն, անոր ամբողջ մարմինը, որ տաք հեղուկի մէջ կը լողար, այժմ յանկարծ օդով շրջապատուած է, որու տաքութիւնը շատ աւելի ցած է մօր արգանդին տաքութենէն, եւ այս նուրբ՝ դեռ կարմիր մաշկը, որ միայն մաղձաջուրին սովոր էր, հիմա կոշտ ձեռքերէն եւ կոշտ փաթաթաններու մէջ կը գռգռուի: Ինչքա՜ն զգոյշ պէտք է ըլլալ այդ նորաբողբոջ, օտար երկրէն, օտար միջավայրէն, օտար կլիմայէն տեղափոխուած կոկոնին հետ:

Եւ մանուկը իր կազմուածքին այս ահագին դղրդումին տակ կը ճչայ: Եւ ինչքան զիլ ու բարձր է այս ճիչը, այնքան լաւ, որովհետեւ ճիչին բարձրութիւնը երեխային կազմուածքին ամրութեան, անոր աշխուժութեան եւ առողջութեան չափն է:

Ասիկա առաջին ճիչն է, որ մանուկին բերանն ու շնչափողը լորձունքներէն կը մաքրէ: Ան է, որ կը լայնացնէ եւ օդով կը լեցնէ մինչեւ այն վայրկեանը կծկուած եւ չաշխատած թոքերը: Եւ շրջապատողներուն համար ան է ամենէն զօրաւոր ապացոյցը, որ երեխան ողջ է:

Այս սկզբնական ճիչին, փոքր մանուկի կեանքին ամբողջ ընթացքին, կը հետեւի անդադար ուրիշ ճիչեր, որոնք լացի տեղ կը բռնեն: Երեխան կը ճչայ ամէն անգամ, երբ որեւէ մէկ բան կը նեղացնէ զինք. կա՛մ կապերը, կամ աղտոտութիւնները, որոնք ժամանակին չեն սրբուիր, կամ փորացաւը եւ կամ ի վերջոյ անօթութիւնը:

Մայրերը, առանց քննելու եւ հասկնալու ճիչին պատճառը, ամէն անգամ երեխային բերանը ծիծ կը դնեն, կ՚օրօրեն, նանիկ կ՚ըսեն՝ որպէսզի քնացնեն, համոզուած ըլլալով, որ երեխային անհանգստութեան պատճառը միշտ անօթութիւնն է: Անոնք ի վերջոյ պիտի հասկնան, որ պարուրի մէջ կապկապած անլեզու փոքր էակը բացի անօթութենէ, ճչալու ուրիշ բազմաթիւ պատճառներ ալ ունի:

Գործնական խրատ մը տանք անուշադիր մայրերուն: Եթէ երեխան ծիծը կը մերժէ, կամ կաթը բերանէն կը թափէ, կամ ծիծ ուտելէն ետք չի՛ հանգստանար, այլ՝ կը շարուանակէ ճչալ, գիտցէ՛ք, որ ան ուրիշ բանէ կը տանջուի: Թուլցուցէք անոր կապերը, փոխեցէք փաթաթանները՝ եթէ թրջուած են. տեսէ՛ք, թերեւս բան մը ցաւ կը պատճառէ անոր, միջատ մը կը կծէ, կամ քորոց կը ծակէ1…:

Երեխաներուն մկանները դեռ մօր արգանդին մէջ կը սկսին գործել, ատիկա այն շարժումներն են, որոնք մայրը կը զգայ: Իսկ ծնունդէն անմիջապէս ետք երեխան կրնայ անմիջապէս արագ եւ բաւական ուժով շարժել իր անդամները. միայն վիզին մկանները տակաւին երկար ժամանակ չեն կրնար գլուխը պահել: Վեց ամսական երեխան արդէն կրնայ կանգնիլ, իսկ մէկ տարեկանը կամ մէկուկէս տարեկանը արդէն քալել կը սկսի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ


1 Աւելի մանրամասն տե՛ս, պ. Բժ. Ա. Զարգարեանցին յօդուածը «Ինչի՜ համար կու լան երեխաները», «Առողջ.» N0N0 18 եւ 20, 1904 թուական (Ա. շրջան):

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2022