ՏԱՐԵՎԵՐՋԸ, ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐԸ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ

Իւրաքանչիւր տարի, ամանորեան եւ Ս. Ծնունդի տօներու այս օրերուն, մարդիկ կ՚ապրին տօնական եռուզեռի մէջ: Այս առիթով շուկաները եւ առեւտուրը կ՚աշխուժանան, մարդիկ հեւքի մէջ կ՚ըլլան՝ պատրաստելու ամանորեան ամենէն համադամ ճաշերը եւ անուշեղէնները, նաեւ կը մտածեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի ուրախացնեն իրենց սիրելիները՝ սիրուն նուէրով մը: Բայց, մասնաւորաբար, մանուկներուն համար են այս տօները, որպէսզի մանկական հրճուանքով թեւակոխեն իրենց կեանքի նոր փուլը: Շատ յաճախ ալ ասիկա առիթ է, որ տան փոքրիկներուն նոր խաղալիկներ նուիրելու ընթացքին մեծահասակներն ալ պահ մը վերադառնան իրենց մանկութեան եւ երեխայութեան օրերուն, կարօտով յիշեն իրենց կեանքի այդ հատուածին անհոգ օրերը… Ամանորեան օրերը մանկական եւ երեխայական այդ անմեղ կարօտի ջինջ զգացումը կ՚արթնցնեն մարդու հոգիին խորերը:

Տօնական այս օրերուն է նաեւ, երբ մարդ ներհայեցողութեան կը դիմէ եւ կը փորձէ իր մէջ յայտնաբերել տարբեր անձ մը, տարբեր այն անձէն, որ բոլորին ծանօթ է տարուան միւս բոլոր օրերուն ընթացքին ծաւալած իր գործունէութեան եւ վարուելակերպին ընդմէջէն: Սա նաեւ իւրայատուկ առիթ մըն է, որ մէկը ինքնաքննութեան դիմէ, ձեւով մը ներքին հաշուետուութեան մը: Պահ մը կանգնի հոգիի հայելիին առջեւ եւ գեղարուեստական ժապաւէնի պէս իր միտքէն անցընէ անցեալի վատ թէ լաւ դրուագները: Ինքնիրեն հարց տայ, թէ կրցա՞ծ է անցնող ժամանակաշրջանին գործել իբրեւ լաւ մարդ, եղա՞ծ է տիպար օրինակ մը իր շուրջիններուն, օգտակար հանդիսացա՞ծ է մարդոց, կրցա՞ծ է ընել այդ, ինչ որ կ՚երազէր, որ ըլլայ…

Կեանքը բաւական դժուարացած է: Նիւթականացումը հետզհետէ աւելի իր դրոշմը կը դնէ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն վրայ՝ այնպէս մը, որ անոնք մեծապէս այլեւս կը պարպուին իրենց սկզբնական պարունակէն, հոգեւոր էութենէն եւ իրենց կարգին կը վերածուին տեսակ մը «առեւտրական գործառնութիւններ»ու: Արհեստագիտութեան եւ ճարտարարուեստի անհամեմատ զարգացումն ու աշխատանքային առօրեային դժուարութիւնները պատճառ կը հանդիսանան, որ մարդիկ սպառին իրենց առօրեայ հեւքին մէջ ու ընկճախտի գերիները դառնան: Իսկ այսպիսի պայմաններու մէջ տեղ չի մնար մարդկայնական մաքուր զգացումներուն, որոնք տօնական օրերու էութիւնն իսկ կը կազմեն: Բայց հակառակ այս բոլոր դժուարութեանց, Ամանորը, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը իրենց հրաշքը կը կատարեն մարդոց հոգիներուն մէջ՝ սերմանելով բարութեան հունտերը, որոնք մարդկայնականութեան, մարդասիրութեան հիմքերն են:

Մարդկայնականութեան այդ սկզբունքներուն վրայ հիմնուելով է, որ իւրաքանչիւր անձ Նոր տարուան կամ Ս. Ծնունդի օրերուն, ճոխ կամ համեստ սեղանի առջեւ գոհութիւն կու տայ Աստուծոյ, որ տարի մը եւս բոլորուեցաւ քիչ թէ շատ ուրախ մթնոլորտի մէջ: Եւ տօնական այդ սեղանին շուրջ բարեմաղթանքներ կ՚ուղղուին: Ի՞նչ են այդ բարեմաղթանքները, եթէ ոչ մարդկայնական խոր զգացումներէ մեկնած իղձեր՝ ուղղուած մեր հարազատներուն, բարեկամներուն, ընկերներուն եւ մարդկութեան մէջ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Մենք անոնց կը մաղթենք առողջութիւն, բարօրութիւն, յաջողութիւն կեանքին մէջ, հեզասահ աշխատանք եւ ամենէն կարեւորը՝ խաղաղութիւն: Միւս բոլոր բարեմաղթանքներէն ալ առաջնակարգ է խաղաղութիւնը: Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ մեզի խաղաղութիւն պարգեւելու համար: Պարգեւելու համար Իր խաղաղութիւնը եւ ոչ թէ մարդոց խոստացած խաղաղութիւնը: Մեծ, շատ մեծ տարբերութիւն կայ այս երկուքին միջեւ: Մինչ մարդոց խոստացած խաղաղութիւնը խաբուսիկ է ու փխրուն, Քրիստոսի պարգեւած խաղաղութիւնը աստուածային է, երեւութական խաղաղութիւնը չէ ան, այլ՝ խորքային:

Այս օրերուն, դժբախտաբար, մարդկութիւնը կլանուած է պատերազմներով: Համաշխարհային մակարդակի վրայ մրցավազք մը կայ մահաբեր զէնք եւ սպառազինութիւն կուտակելու, մարդիկ իրենց միջեւ հարցերը կը փորձեն լուծել զինու զօրութեամբ՝ փոխանակ անսալու խելքի եւ իմաստութեան կանչին, փոխանակ դիմելու երկխօսութեան տարբերակին: Դժբախտաբար, պատերազմներու այս սպառնալիքներէն հեռու չենք նաեւ մենք՝ հայերս: Եւ տօնական այս օրերուն առիթով մեր լաւագոյն մաղթանքը կրնայ ըլլալ այն, որ Մանուկ Յիսուսը իր աստուածային խորքային խաղաղութիւնը պարգեւէ համայն մարդկութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան եւ հայոց հայրենիքին: Աստուածային խաղաղութիւնը, որ նաեւ արժանապատիւ, արդար խաղաղութիւնն է: Խաղաղութիւնը, որ հիմնուած չէ այսինչ կամ այնինչ մեծապետական երկրի շահերուն վրայ…

Մարդիկ խնայել նոր տառապանքներէ, մարդկութիւնը խնայել նոր արիւնահեղութենէ: Ասիկա ամանորեան տօներու մեծագոյն նուէրը կ՚ըլլայ…

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

(Պէյրութ)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022