ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ, ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի 115-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԸ

«Դէպի անցեալ տարի մըն ալ սահեցաւ…
Հորիզոնէն Նոր տարի մը ծագեցաւ․․․»
Իգնա Սարըասլան

Այս տարի ականջալուր կ՚ըլլանք եւ կամ կը կարդանք շարք մը դարադարձերու մասին։ Մեր տան համակարգիչներու պաստառին վրայ կը տողանցեն աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած մեր հայատառ մամուլին, հայ մտաւորականներուն ծննդեան հարիւրամեակներն ու անոնց վրայ աւելցած տարիները։

Հեռատեսիլի հայերէն հաղորդումներու կարօտ շատ յաճախ կը փորձենք հոսկէ հոնկէ գտնել յայտագիրներ, որպէսզի քիչ մը մեզ լիցքաւորեն, մեր առօրեայի տաղտուկներէն, չեմ ըսեր մոռցնել տալու համար, այլ՝ քիչ թէ շատ շեղելու համար մեզ, մանաւանդ այս անվերջ համավարակի լուրերէն, քաղաքական անկայունութիւններու հետ մեր սրտի ցաւը մեղմելու -եթէ կարելի է այդպէս ըսել․․․- հազարաւոր մարդկային կորուստներու, որդեկորոյս ծնողներու եւ աղէտներու մասին։

Այնպէս որ օրուայ մէջ քիչ մը «ԵուԹուպ», քիչ մը երաժշտական հոլովակներ՝ այս կամ այն երգիչէն ունկնդրելով եւ օրուայ թերթերը «աչքէ անցընելով» համավարակին պարտադրած առանձնացած մեր առօրեայէն խուսափելով մեր օրը երանգաւորել կը փորձենք։

Մեզի եւ մեր դպրոցականներուն համար ի՜նչ դիւրութիւն է՝ պաստառին առջեւ անցնելով հայ մամուլէն կարդալ մեր աշխարհի զարմանազան լուրերը։

Իմ աշակերտական օրերուս կային մի քանի հեղինակաւոր շաբաթաթերթեր, որոնց ակնդէտ կը սպասէի, եղբօրս ղրկածները կամ՝ մօրեղբօրս տունէն առնելով ծայրէ ծայր կարդալը։

Այս օրերուն աւելի շատ կ՚ապաւինինք գրեթէ բոլոր թերթերը համակարգիչէն կարդալու եւ կամ՝ ժամանակ անցընելու համար հեռատեսիլի կայաններու հաղորդումներու եւ ֆիլմերու մէջ պտտկելու։

Սովորական հեռատեսիլի անհաշիւ մեր կայաններէն հայերէն լեզուով միայն «Հ-1»ը ունինք։ Ի մէջ այլոց՝ մեր տան մէջ իմ սիրած հաղորդումներէն մին է «1000 ու մէկ հարց» հաղորդաշարը, որ մեծ հաճոյքով կը դիտեմ, չեմ սիրեր խանգարուիլ այդ պահուն եւ կ՚երազեմ, որ շարունակուի նման հաղորդում։ Օրուան հիւրերը, ընդհանրապէս, զանազան մարզի արուեստագէտներ կ՚ըլլան, իսկ հարցում տեղացնողները՝ երկսեռ պատանիներ։ Իւրաքանչիւր հաղորդումին մէկ հիւր նստած կ՚ըլլայ կեդրոնը եւ շուրջ բոլորը նստարաններու վրայ բոլորաձեւ կը շարուին պատանի դպրոցականները։ Կը հիանամ մեր հայրենի դպրոցականներուն պատրաստած հարցումներուն՝ մանաւանդ համարձակութեան հետ իրենք-զիրենք ներկայացուցած ձեւին։

Անցնող դեկտեմբերի վերջին օրերուն էին, նոր տարիէն մի քանի օր առաջ թերեւս, այդ օրուայ հիւրը Ձմեռ պապիկն էր։ Շատ ճոխ ու գեղեցիկ սովորական կարմիր տարազով եւ դէմքը ծածկող փառահեղ սպիտակ ճեփ-ճերմակ մօրուքով, ակնոցին ետին պլպլացող գուրգուրոտ նայուածքով Ձմեռ պապիկ-Կաղանդ պապուկ մըն էր։

Շատ ճանչցած արդէն ներկաներէն շատերը գուշակեր էին այդ օրուայ հաղորդումին հիւրը. հայրենի տաղանդաւոր դերասան Լեւոն Յարութիւնեանն էր Կաղանդ պապուկ-Ձմեռ պապիկի դերով։

Պատանիներուն կողմէ շատ խելացի հարցումներ կային ուղղուած։ Շատեր դերասանին ձայնէն եւ աչքերէն հետեւցուցած էին արդէն, թէ ո՛վ էր իսկապէս օրուան հիւրը՝ Կաղանդ պապուկի տարազին մէջ։ Յամենայնդէպս, հարցումներու տեղատարափը երկար էր՝ շատ անգամ անձնական կամ ընդհանուր։

Օրինակ՝ հարցերէն մին էր, թէ Ձմեռ պապին սահնակ վարելու վկայական պէ՞տք է ունենայ, կամ ունի՞ եւ իր չուշացող պատասխանը կար անշուշտ, թէ՝ «ինք սահնակը վարելու պէտք չունի, ատիկա եղնիկներուն պարտականութիւնն է․․․»։

Ինծի համար ամենէն հետաքրքրականներէն մին ներկայ պատանիներէն մէկուն հարցումն էր.

-Կաղանդ պապուկ, եթէ մէկը քեզի նամակ գրէ եւ շատ տառասխալներ ունենայ, բառարան կը նուիրե՞ս իրեն…

Կաղանդ պապուկին պատասխանը բառացիօրէն դժուար թէ կարենամ կրկնել հոս, սակայն շատ տպաւորուած էի իր անմիջական պատասխանէն, թէ՝ «միայն բառարանով մարդ դժուար թէ լեզու կարենայ սորվիլ, հետը աշխատող ուսուցչուհի-դպրոց է պէտք․․․»։

Իսկ ես պիտի աւելցնէի՝ գիտակից հետապնդող ծնողքին հետ առօրեայ ընթերցում է պէտք… Ահա թէ ո՛ւր կու գայ բազմելու ՀԱՅԱՏԱՌ մամուլը։ Հայ բառերն ու նախադասութիւնները մեր պաստառներուն վրայ տողանցել տուող հայատառ մամուլին…

Բառարան բառը, կամ ամէն անգամ, որ բառարան մը ձեռքս առնեմ՝ բառ մը ստուգելու, զիս միշտ հեռու մի քանի տասնամեակ ետ կը տանի։ Հաւանաբար իմ նիւթէն շեղիլս եւ միւս հարցումներուն այնքան ալ ուշադրութիւն չդարձնելս անոր համար էր դարձեալ։ Անմիջապէս մտքով ետ գացեր էի ՍՆԱՎ-ի դպրոցական առօրեային։

Նիւ Եորքի միակ ամէնօրեան՝ Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ վարժարանը (ՍՆԱՎ) պետականօրէն արձանագրուած է Նիւ Եորք նահանգի Կրթական բաժանմունքին մօտ՝ որպէս «առանց կրօնական, առանց կուսակցական» հակումի վարժարան։ Այնպէս որ պարտաւոր էինք ընդունելու ամէն տեսակի կրօնական թէ ցեղային պատկանելիութեան հաւատարիմ ընտանիքներու զաւակներն ալ, եթէ դիմէին մեզի։

Մեր միակ կարելի լուսաբանութիւնը, որ կրնայինք տալ ծնողներուն՝ որպէս անկախ վարժարան, այն էր, որ հայերէն լեզուի դասաւանդութիւնը պարտադիր է եւ մաս կը կազմէ ՍՆԱՎ-ի ուսումնական ծրագրին, ինչպէս նաեւ տարին գոնէ երկու անգամ Հայց. Առաքելական Եկեղեցի յաճախել՝ Ս. Հաղորդութիւն ստանալու համար։ Այս վերջինը պարտադիր չէր, կրնային չմասնակցիլ եւ հիւրաբար եկեղեցւոյ մէջ նստիլ եւ հետեւիլ արարողութեան իրենց դասընկերներուն հետ, եթէ ծնողքը արտօնութիւն տար։ Տարիներու ընթացքին եկան ու գացին զանազան ազգերու պատկանելիութիւն ունեցող ընտանիքներ՝ մեծ մասամբ արձանագրուելով առաջին երկու փոքր դասարաններուն, որոնք էին Հայ պարտէզ (3-4 տարեկաններու համար) եւ Մանկապարտէզ (5 տարեկաններու համար)։

1990-ականներուն էր, երբ ընտանիք մը եկաւ՝ Պրիթիշ Կայանայի եւ Քոլոմպիայի խառնուրդ, զաւկին արձանագրութեան։ Նախորդներուն նման կը խորհէինք, որ երկու տարիէն պիտի ձգէին եւ ուրիշ տեղական վարժարան մը պիտի տանէին իրենց դուստրը, որովհետեւ գիտէինք, թէ իրենց միւս զաւակը ուրիշ տեղական կաթողիկէ վարժարան մը կը յաճախէր։ Ի զարմանք բոլորիս, այս աղջնակը յամառօրէն տարուէ տարի կրցաւ համոզել իր ընտանիքը, թէ դպրոց փոխել չէր ուզեր եւ ՍՆԱՎ-ի վեցերորդէն պիտի վկայուէր։ «Ո՜վ գիտէ, թերեւս օր մը Միացեալ Նահանգները ներկայացնող դեսպան մը կրնամ ըլլալ Հայաստանի մէջ եւ սորված հայերէնս շատ պէտք կ՚ըլլայ ինծի…», ըսած էր ծնողքին ալ, ինծի ալ՝ ապագայի վառ երազներ ունեցող այս աղջնակը։

Մինչեւ երրորդ դասարան բաւական լաւ ընտելացաւ ու հետեւեցաւ հայերէն դասընթացքներուն։ Ըստ մօր խոստովանութեան, նոյնիսկ ամէն ընթրիքէն առաջ հայերէնով կ՚արտասանէր «Ճաշակեսցուք»ը, որմէ բառ մը իսկ չէին հասկնար ընտանիքին մնացեալ անդամները։ Իսկապէս մինչեւ վեցերորդ դասարան շարունակեց մնալ այս աղջնակը, աւարտական հանդէսին ալ իր հայերէն բաժինը արտասանեց եւ իր դասընկերներուն հետ «Մեր հայրենիք» ալ երգեց։ Հայրը բժշկական ուսանող էր՝ առանց եկամուտի, իսկ մայրը շատ լաւ ամսականով հեռատեսիլի կայանի մը գրասենեակէն ներս լաւ պաշտօն մը ունէր, կը հասնէր ընտանիքին բոլոր ծախսերուն։ Տարի մը նիւթական նեղ կացութեան մատնուած ըլլալով, մայրը ինծի խորհրդապահաբար տեղեկացուցած էր, որ օրը օրին պիտի չկարենար վճարել կրթաթոշակի ամսականները, բայց անպայման մինչեւ տարեվերջ պիտի փակէր իր հաշիւը։ Այս խօսակցութենէն հազիւ շաբաթ մը վերջ էր, երբ մայրը ներկայացաւ դպրոց, օրուայ բարի լոյսէն վերջ ինծի երկարեց ստորագրուած փողգիր մը։ Հարցական կեցուածքիս անմիջապէս պատասխանեց. «Գիտեմ, մի՛ զարմանաք, ասիկա կրթաթոշակի հաշւոյն չէ։ Խնդրեմ ինծի հայերէն-անգլերէն բառարան մը գտէք, որպէսզի աղջկանս հայերէն դասերուն կարենամ օգնել, կարդացածը հասկնամ։ Չեմ գիտեր՝ ո՞ւր կը ծախուի եւ քանի՞ կ՚արժէ. կը խնդրեմ, դուք գնեցէք եւ լեցուցէք պէտք եղած գումարը»։

Ահաւասիկ պարտաճանաչ ու հոգատար մայր մը։ Հայու արեան կաթիլ մը իսկ իր երակներուն մէջ չունեցող այս մայրը իր զաւկին հայերէն դասերուն հետեւելու համար հայերէն-անգլերէն բառարան կ՚ուզէր ունենալ իր տան մէջ։

Քանիցս պատմած եմ այս աղջնակին եւ իր ընտանիքին մասին։ Այսօր երբ մեր մամուլը եւ մեծ մասամբ աշխատակիցները Մեսրոպեանը կը պանծացնեն ի գին ամէն դժուարութեանց՝ մանաւանդ նիւթական շատ նեղ պայմաններու բեռին տակ կքած, ես ինծի հարցում կու տամ.

-Կաղանդ պապուկը այս օրերուն որքա՜ն գործ ունի կատարելիք։ Ի՞նչ կրնայ ընել, որպէսզի մեր հայ մամուլը մնայ իր բարձունքին վրայ։ Այդ բառարանէն քանի՜ հասցէներու պէտք է հասցնէ, որ տառասխալներով վխտացող մեր գրութիւններուն աւելիով կարենանք ուշադիր դառնալ։

Իսկ Ձմեռ պապիկ-Կաղանդ պապուկ Լեւոն Յարութիւնեանին խորհուրդը որքան տեղին է. միայն բառարանով կարելի՞ է լեզու սորվիլ ու ճիշդ գրել…

Դպրոցներ, պատրաստուած ուսուցիչներ, հայատառ մամուլ եւ մանաւանդ՝ հոգատար ու հետապնդող ծնողներ են պէտք հայօրէ՛ն զարգացած սերունդներ դաստիարակելու՝ ո՛չ միայն տառասխալներ սրբագրելու, այլեւ մեր ոսկեղնիկ լեզուն ճիշդ, մաքուր ու զուլալ խօսելու, գրելու եւ պահպանելու համար։

Բարի 115-ամեակ ժամանակներու պարտադրանքը անտեսող եւ ժամանակին հետ քայլ պահող, յառաջ ընթացող հայատառ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին։ Մաղթենք, որ այս տարուան Կաղանդ պապուկը քիչ մը աւելի ուշադիր ու հոգատար ըլլայ հայ մամուլին նկատմամբ։

Յուսատու, հայատառ եւ լուսառատ 2023-ի մաղթանքով…

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

(Ֆիլատելֆիա)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022