ԱՄԱՆՈՐԸ ԱՄԷՆ ՕՐ

Յիրաւի, Ամանորը իմ ամենէն սիրելի տօնն էր:

2020 թուականի սեպտեմբերի քսանեօթէն սկսեալ ես կորսնցուցի իմ բոլոր տօները՝ ներառեալ Կաղանդը: Այլեւս երրորդ տարին է, որ ես չեմ սպասեր անոր:

Աւելի ճիշդ՝ մեզմէ խլեցին մեր բոլոր տօները: Մեզմէ խլեցին մեզ, մեր խիղճը, մեր կեանքը:

Ես այլեւս ես չեմ: Ամէն տարի նոր Արեւիկի մը հետ կը ծանօթանամ: Այդ Արեւիկը տակաւին շատ տխուր է, մտամոլոր: Արեւիկի տխրութեան անունը արիւնահոսող հայրենիք է:

Ախր, իմ սիրտը ինչպէ՞ս կրնայ ուրախ ըլլայ, երբ երկիրս կը մոխրանայ...

Մինչեւ 2020 թուականի սեպտեմբերի վերջը ես երեխայ էի: Չարաբաստիկ պատերազմը ստիպեց զիս մեծնալ: Իմ հոգին մեծցաւ: Ցաւն ու տառապանքը չեն ձգեր, որպէսզի հանգիստ շնչեմ: Կաղանդը ինծի համար այլեւս վերածուած է հասարակ օրուան:

Պատերազմի ուրուականը կը պտտի հայոց երկինքին վրայ, իսկ մոլորեալ ժողովուրդը կը ցնծայ քաղաքիս նախատօնական զարդարանքով: Օդին մէջ նկատելի է այն նոյն ուրախութիւնը, երբ զինուորներուն սկսան ելակ հրամցնել ծառայութեան հոլովոյթին: Յղփացած հասարակութիւնը, կորսնցնելով իր դիմանկարը, կամ դիմակազերծուելով կ՚ապրի իր անհոգ օրերն ու ժամերը: Անողնաշարներու թիւը երթալէն կը շատնայ:

Երկու տարուայ դադարէն վերջ, տակաւին երկու ամիս առաջ տեղի ունեցած սեպտեմբերեան պատերազմը արհամարհելով, ոտնահարելով անգերեզման մնացած հայոց հերոսներու յիշատակը՝ անողնաշար հայն ու իր կառավարութիւնը որոշեցին ուրախ սրտով տօնել Ամանորը: Հրաշքի սպասումը այնքան մեծ էր, որ դեկտեմբերի 1-ին Հանրապետութեան գլխաւոր տօնածառը զարդարել սկսելու փոխարէն, դեկտեմբերի 5-ին ան այլեւս զարդարուած էր: Այդ օրը վառուեցան քաղաքիս գլխաւոր տօնածառի լոյսերը:

Հայուն համար այս տարի ամանորեայ շունչը կանուխ եկաւ:

Երկրիս սահմաններու անվտանգութիւնը բարձիթողի վիճակի մը մատնած, Երեւանը կը զարդարեն աւելի քան կէս միլիոն տոլարով: Հրաժարելով ամէն հինէն, իշխանութիւնը գերադասեց վատնել հարիւր հազարաւոր տոլարներ՝ միայն նոր լոյսերու ձեռքբերումին վրայ:

Մոլորեալ ժողովուրդը սրտատրոփ կը սպասէ Ամանորի հրաշքին։ Անտեսելով նոյնիսկ մշակութային վանտալիզմը՝ այդ նոյն հայերու հոգին կը փառաւորուի տօնական լոյսերով ու տրամադրութեամբ: Իրենց հոգիներու լոյսերը կորսնցուցածները կ՚երջանկանան արհեստական լոյսերով: Մինչդեռ Թամանեանի անզուգական ճարտարապետութիւնը, մեր մշակութային գլուխգործոցներէն մին հանդիսացող Հանրապետութեան հրապարակի յուշարձան-կոթողները ենթարկուեցան վանտալիզմի։ Վաթսուն-ութսուն հազար անցք բացուեցաւ մեր մշակութային ժառանգութեան վրայ: Աւա՜ղ, այդ կառոյցները այլեւս երբեք պիտի չվերադառնան իրենց նախնական փառաշուք տեսքին: Յիրաւի, մեր գլխաւոր թշնամին, թշնամիները բազմած են Երեւանի սրտին վրայ, Հանրապետութեան հրապարակը ժամանակաւորապէս զաւթուած է ներքին թշնամիներու կողմէ, իսկ ժողովուրդը ցնծութեան մէջ է:

Այսուհետ Ամանորը ինծի համար խոկումի շրջան մըն է: Ինքզինքս պէտք է ենթարկեմ քննութեան: Փորձեմ հասկնալ իմ բոլոր թերացումները, ձախողումները եւ ջանամ զանոնք շտկել գալիք տարիին:

Իսկ Զաւէնը կը սպասէ Կաղանդ պապուկին, տօնածառին.

-Մա՛մ, Հանրապետութեան հրապարակի տօնածառի լոյսերը վառեցի՞ն:

-Այո՛, որդիս, օր մը պիտի երթանք ու տեսնենք:

Թէպէտ բնաւ ցանկութիւն չունիմ, սակայն, պարտաւոր եմ՝ երեխան կը սպասէ:

2022 թուականը կորուստներու եւ ձեռքբերումներու տարի մըն էր: Հայրենիքս կրկին պզտիկցաւ: Մենք՝ բուռ մը հայերս, ամուր ու անկոտրուն կեցած ենք մեր սրբազան հողին վրայ: Յոյսով կը սպասենք բաղձալի օրուան: Եւ այդ օրուան շուտափոյթ գալուստի համար պատրաստ ենք ամէն զոհողութեան:

2022 թուականին մեր ընտանիքի մէջ լոյս մը ծագեցաւ՝ ծնաւ Լուսէն: Իր ծնունդով ան լոյս սփռեց մեր սրտերուն մէջ: Նոր արարչագործութիւն մը, նոր մարդուկ մը, նոր կեանքի աղբիւր: Լուսէն տակաւին շատ պզտիկ է: Շարունակ կու լայ, չի ձգեր, որ իր մայրիկը քիչ մը հանգչի:

Ո՞վ է Լուսէն:

Ես Լուսէի երկրորդ մայրիկն եմ: Այլեւս ես եռամայր եմ: Զաւէնը շատ կը սիրէ վերջինս: Ամէն անգամ իմ փոքրիկը սրտատրոփ կը սպասէ, թէ երբ նորածինը պիտի այցելէ մեզի:

Բերձոր քաղաքը, Աղաւնոյ եւ Սուս գիւղերը յանձնելէ վերջ, մեր ընտանիքը սկսաւ ճաշէն առաջ եւ ետք փառք տալ Տիրոջը, մեզի ընծայած հանապազօրեայ հացին համար: Բերձորի յանձնումը ես շատ ծանր ընդունեցի, նոյնիսկ հիւանդացայ: Այդ ժամանակ ալ անգամ մը եւս համոզուեցայ, որ իւրաքանչիւր օր փառք պիտի տանք Տիրոջ:

Նոր տարի:

2023 թուական:

Թէպէտ իմ ակնկալիքները լաւագոյնս չեն գալիք տարիէն, սակայն կ՚ուզեմ պահ մը երազել: Կ՚ուզեմ, որ Աստուած ներէ մեզ մեր մեղքերը եւ շնորհէ դարձի, ապաշխարութեան հնարաւորութիւն: Մենք ինքնակամ դարձի եկողը չենք, անհրաժեշտ է Տիրոջ միջամտութիւնը: Թող որ այդ օգնութիւնը, ողորմածութիւնը շատ չուշանայ: Գալիք տարուընէ այս է իմ մեծագոյն փափաքը: Երկրորդ՝ կ՚ուզեմ այս տարի ձերբազատուիլ բարկութենէ, անհանդուրժողականութենէ, փոխարէնը, Տիրոջ օրհնութեամբ՝ օժտուիլ համբերութեամբ ու հանդուրժողականութեամբ: Կ՚ուզեմ այս տարի իմ մէջ աւելնայ սէրը: Կ՚ուզեմ այս տարի աւելի շատ ճանչնալ Բարձրեալը, սիրել զինքը ու մօտենալ անոր: Փափաքներս շատ են: Հայրենիքիս համար խաղաղութիւն չեմ փափաքիր: Սին խօսքեր: Կը փափաքիմ ազատագրում՝ ներքին ու արտաքին: Կը տենչամ հայրենքիս վերադարձը, այնուհետեւ խաղաղ երկինքն ու ծաղկունքը:

Հայաստանի համար տակաւին երփներանգ գարուններ պիտի բացուին:

Հայոց երկինքը տակաւին խաղաղութիւն պիտի բուրէ:

Հողը հայկական պիտի ամբողջանայ:

Նորէն խորունկ շունչ պիտի քաշենք եւ մեր մարմնի իւրաքանչիւր բջիջով զգանք մեր պաշտպանուածութիւնը: Պիտի զգանք, թէ ինչպէս այդ սէգ սարերը կը պաշտպանեն մեզ:

Յոյսի կիսաբաց դուռն ու պատուհանը նորէն պիտի բացուի մեզի համար:

Օր մը պիտի ցնծանք ուրախութենէն:

Պիտի արբենանք յաղթանակէն ու վերականգնենք մեր բոլոր տօները, աւելցնելով նորերը: Այդ օրը ինծի համար պիտի կենդանանայ Ամանորը: Նորէն պիտի զգամ տօնի ջերմութիւնն ու խորհուրդը: Պիտի զգամ նորովի: Վստահ եմ՝ այդ օրը պիտի գայ: Ան սարերուն ետեւը չէ: Իսկ մինչեւ իմ բաղձանքներու իրականացումը, ես կ՚ամչնամ սուգի մէջ ուրախանալ տօնածառի լոյսերով, խաղալիքներով: Այսօր փայլքով ուրախանալու ատենը չէ, այլ գործելու ժամանակն է: Օր ու գիշեր պիտի տքնինք, որպէսզի փրկուինք, արժանանանք Տիրոջ ողորմութեան: Որպէսզի կարենանք մեր ունեցածը պահել, կորսնցուցածն ալ ետ բերել:

Ամանորը ամէն օր է:

Օրհնեալ ու բարի Ամանոր կը մաղթեմ համայն աշխարհին:

Աստուած օգնական ու պահապան իւրաքանչիւրիս:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

(Երեւան)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022