ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԿԷՏԵՐ
2023-ի տարեմուտին համաշխարհային օրակարգը ծանրաբեռնուած է լուրջ մարտահրաւէրներով։ Վերլուծաբանները կը մատնանշեն աշխարհի վրայ բարձր ռիսքով 10 գօտի։ Ըստ NTV-ի արտաքին հաղորդումներու բաժանմունքին, այդ լարուածութեան կէտերու շարքին կը գտնուի Հարաւային Կովկասը, ուր Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ բարդ խնդիրները խորապէս մտահոգիչ կը համարուին միջազգային բեմահարթակի վրայ։
Թէեւ Երեւանի կեդրոնը Ամանորի առթիւ յարդարուած է շողշողուն ձեւով, սակայն, մեկնաբանները համոզուած են, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տակաւին խաղաղութեան համաձայնութեան մը ստորագրուած չըլլալը հակադրութիւնը հետզհետէ կը խորացնէ։ Կացութիւնը կը վատթարանայ եւ ռիսքերը կը դառնան բարձր՝ մանաւանդ, որ Իրանն ալ Ատրպէյճանի սահմանի երկայնքով զօրավարժութիւններ կատարած է։ Այդ ռազմափորձերը պատճառ դարձած են, որ տարածաշրջանէն ներս ձգտեալ վիճակը ամրապնդուի։ Թուրքիա, Իրան եւ Ռուսաստան տարածաշրջանի սահմաններուն վրայ կը սպասեն՝ հաւանական հակամարտութիւններու դէմ։
Ըստ նոյն վերլուծութեան, տարեմուտին լարուածութեան միւս գործօնները կը հանդիսանան՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը, ուժանիւթի ճգնաժամն ու համաշխարհային տնտեսութեան հաւասարակշռութիւնները, Թայուան-Չինաստան-Արեւմուտք առանցքի իրադարձութիւնները, Քորէական թերակղզիի վիճակը, Սերպիոյ, Քոսովայի եւ Պալքաններու կտրուածքով ապրուածները, Իսրայէլն ու Մերձաւոր Արեւելքը, Հարաւային Ամերիկայի կտրուածքով Պրազիլն ու Փերուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ եւ Եւրոպայէ ներս կացութիւնն ու ծայրայեղութիւններու հակումները եւ ի վերջոյ Իրանի իրադրութիւնը։