ՄԵՆՔ ԵՒ 2023 ԱՅՍ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Մեծ յայտնութիւն մը ըրած չեմ ըլլար, եթէ ընդգծելի դարձնեմ հետեւեալ պարզ իրողութիւնը ըսելով, թէ իւրաքանչիւրս քիչ թէ շատ կը հետեւինք հայրենի, Արցախի եւ սփիւռքահայ կեանքի զանազան մանրամասնութիւններուն, անոնց բազմազան տեղեկութիւններուն, հեռանկարներուն, ստեղծագործութիւններուն, բազմերանգ դրսեւորումներով նորութիւններուն, ցաւերուն եւ հպարտալի երեւոյթներուն, դժբախտ կամ ուրախ իրականութիւններուն, եւ ինքնաբերաբար կ՚ուրախանանք կամ կը տխրինք, կը հպարտանանք կամ կը յուսահատինք ու երբեմն ալ կ՚անիծենք օտարն ու մեր ճակատագիրը:
Այս օրերուն, ինչպէս տարիներէ ի վեր, հայրենիք, Արցախ եւ սփիւռք անհրապոյր օրեր կ՚ապրին: Մեր քաղաքական, ընկերային եւ կամ տնտեսական դժուարութիւններն ու տագնապները նոր չեն: Այս բոլորը միջազգային ըլլալով հանդերձ, ազգային ալ են. եթէ կ՚ուզէք: Տագնապներ ըսի, թերեւս մեծագոյն մտահոգութիւնն ալ պէտք էր որ աւելցնէի: Այլ խօսքով՝ հայ ինքնութեան պահպանում: Բոլորս ալ ականատեսներն ենք եւ իրազեկ, թէ որչափ խոր է մեր այս դժբախտութիւնը: Մենք տառապած ժողովուրդ ենք եղած: Այս մէկն ալ նորութիւն մը չէ մեզի համար:
Իսկ հիմա, արդէն նոր տարի ենք եւ համաշխարհային, տնտեսական ու ընկերային անապահով ներկայ այս վիճակին մէջ, մեր ամէնօրեայ դժբախտութիւններուն զարնուող իրականութեան կողքին, կը փորձենք դրական մտածել, նոր լոյսի եւ յոյսի նշաններ որոնել, նոր «սիւներ» ծրագրել ու կառուցել՝ հայրենի մեր երդիքին:
Տեսանելի եւ նոյնքան ալ շօշափելի ու զգալի տագնապներ, տակաւին կան հայ կեանքին մէջ, որոնք անկասկած մէկական սուր եւ վտանգաւոր ազդանշաններ են մեզի համար:
Նոր տարի է: Կը կրկնեմ:
Ու կը կարծեմ, որ հինին մասին ալ խօսիլն իսկ աւելորդ է: Որովհետեւ բոլորս ալ իբրեւ մարդ եւ կամ հայ, անցեալ տարի միասնաբար դիմագրաւեցինք լուրջ եւ վտանգաւոր տագնապներ: Վկայ՝ ներկայ Արցախի իրավիճակը:
Ուստի, այս բոլորին կողքին էական է, որ ունենանք մեր ներկան յուզող հարցերը քաջաբար քննարկելու եւ մեր ցանկալի վաղուան հաշուոյն նոյնքան խիզախ եւ համապարփակ լուծումներ առաջադրելու գիտակից յանձնառութիւնը:
Դժուարին առաքելութիւն մը՝ անշուշտ: Բայց... միաժամանակ՝ էական:
Որովհետեւ, տեսանելի են մեր հարցերը եւ նոյնքան ալ՝ այրող: Յստակ է, թէ մեր կեանքը, հայրենիք, Արցախ եւ կամ սփիւռք, լի են շփոթութիւններով: Անոր համար յաճախ կորսնցուցած ենք մեր շրջագիծը: Նոյնպէս՝ մեր ոգին, մեր կամքն ու հաւատքը: Ահա հոս է մեր ցաւը: Թէեւ քիչ մը շատ ուշ, սակայն կարեւոր է որոնել դարման եւ բուժում: Մէկ խօսքով, արմատական դարման գտնելու ժամը հասած է արդէն: Նոյնիսկ՝ ուշացած ենք: Սերունդներուն ազգակերտ շաղախներ պէտք են: Մի՛ մոռնաք...:
Յաճախ նման պատկերներ կ՚ուրուագծուին մեր աչքերուն դիմաց: Որովհետեւ, ներկայիս մեզ ազգովին դէպի համաշխարհայնացում տանող ճամբաներուն վրայ, խոցելի դարձած են հայը հա՛յ պահելու մեր ջանքերը:
Ու ազգովին շուարած ենք: Լուծում կը փնտռենք: Կը փնտռենք ելք ու դաշնակից: Բայց, իմ կարծիքով որեւէ լուծման մասին մտածելէ առաջ, նախապայման է մեր համախորհուրդ կամքը: Նախապայման է, որ մեր ներկայ կեանքի ու միջավայրի նեղ շրջագիծերէն ու դրուածքներէն դուրս գանք՝ համատեղ ուժերով:
Կը խօսինք եւ տարիներով ալ խօսած ենք հայկական դիմագիծի պահպանման մասին, առանց անդրադառնալու, որ նախ մեր մօտեցումները, մեր ազգային ըմբռնումներն ու մեթոտները պէտք է վերանայինք ու անպայմանօրէն վերարժեւորման ենթարկենք։ Կը կարծեմ, որ ունինք պէտք եղած կարելիութիւնները հետապնդելու բազկերակն ու միջոցները: Բայց առաջնորդ չունինք: Ազգային ղեկավար չունինք: Այս մէկուն մասին անցնող տարիներուն միշտ ու շատ առատ խօսած եւ անդրադարձած ենք:
Չենք կրնար եւ իրաւունք ալ չունինք հայ իրականութեան մօտենալ մեր պարզ աչքերով: Մեր «աղմուկով»: Մեր քմահաճութիւններով...: Տեսանելի է, թէ որչափ խոր է մեր դժբախտութիւնը: Որովհետեւ, անէծք չար սատանային, հիմնուելով նման միտքերու եւ համոզումներու վրայ, որոնք ամուր խարսխուած են հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքին, կրնանք հաստատել, թէ մեր չափանիշները խախտուած են: Անոր համար, դարձեալ այս օրերուն մենք մեզի կը փորձենք հարց տալ.-
«Արդեօք մենք ազգովին պատրա՞ստ ենք մեր պահանջատէրի իսկական դիմագիծը պարզելու: Արդեօք ունի՞նք որոշ ռազմավարութիւն մը, որ ծնունդ առած ըլլայ նոր պայմաններու աշխատանքի եղանակէն: Արդեօք ունի՞նք սփիւռքեան եւ հայրենի գիտակցութեամբ զուգուած յանձնառութիւն մը: Արդեօք իսկապէս ունի՞նք դաշնակից կամ զօրակից պետութիւն մը մեր կողքին, մեզի իսկապէս զօրավիգ կանգնող...»: Կը կասկածիմ:
Անոր համար յուսահատ ենք ու գրեթէ՝ անճրկած ու ճարահատ:
Բան մը արդարացնելու ճիգեր չեն այս բոլորը, այլ՝ կրկին անգամ զգաստութեան հրաւիրելու գեղեցիկ ու կենսական կոչ մը, «գործի անցնելու», գնահատելու, քաջալերելու, լաւն ու ճիշդը մատնանշելու դրական եւ անսակարկ կեցուածքով:
Չէ՞ որ նոր տարի ենք... ա՛լ սթափինք...: Հինը գնաց... ժամանակն է, որ նորոգուինք մտքով, կամքով եւ հոգիով: Որովհետեւ, բոլորս ալ կոչուած ենք որակ դառնալու հայրենիքին եւ ցեղին համար:
Մնացեալը, դուք գիտէ՛ք...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com