ԱԿՆԱՐԿ - 1 - ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԿԵԱՆՔԻՆ ԿԱՌՉԵԼՈՒ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ

Մեր սիրելի ընթերցողներու ազնիւ ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, որ յունուար 2023-էն սկսեալ, թերթիս պատուարժան խմբագիրին՝ տիար Արա Գօչունեանին կարծիքը առնելէ եւ քաջալերանքը ստանալէ ետք, նոր յօդուածաշարքի մը պիտի սկսինք, որ պիտի կրէ ԱԿՆԱՐԿ ենթախորագիրը, ուր պիտի փորձենք անդրադառնալ հայկական իրականութիւնը՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ յուզող հարցերու եւ երեւոյթներու: Առաջին գրութիւնը երեւի Նախախնամութեան մղումով պիտի նուիրեմ վերջերս ծննդավայրիս՝ Քէսապ հայկական աւանէն ներս կատարուած Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան համերգի մը: Յոյսով եմ, որ այս յօդուածաշարքը մեր յարգելի ու սիրելի ընթերցողներուն համար օգտակար ու պիտանի կը հանդիսանայ:

*

Սուրիական Արաբական պետութիւնը վերջին աւելի քան տասն տարիներու ընթացքին պատերազմական իրավիճակներու մէջ կ՚ապրի: Ճիշդ է, որ վերջին տարիներուն գետնի վրայ պատերազմական գործողութիւնները թեթեւցած են, սակայն տնտեսական ծանր եւ խիստ պայմանները օր օրի կը դժուարացնեն տեղացի ժողովուրդին կեանքը:

Գաղտնիք չէ, որ Սուրիոյ մէջ կ՚ապրին նաեւ բազմաթիւ հայեր, որոնք անմասն չմնացին Սուրիոյ պատերազմին պատճառած վնասներէն, կորուստներէն ու արհաւիրքէն եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն կրել պատերազմին հետեւանքները, սակայն չեն յուսահատիր, եւ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ կեանքի դաժան պայմաններու, կը շարունակեն հայաբար ապրիլ, հաւատարիմ մնալով մեր հայկական աւանդութիւններու եւ սովորութիւններուն, իսկ միւս կողմէ ամուր կառչելով սուրիական հայրենիքին:

2022 տարուան վերջին օրերուն՝ 28 դեկտեմբերին, Սուրիոյ տարածքին մէջ գտնուող Քէսապ հայկական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը, որ համացանցով սփռուած ըլլալուն՝ առիթը ունեցայ հետեւելու, ինչ բանի արդիւնքով այս տողերը կը գրեմ: Համերգը կազմակերպուած էր Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթներով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քէսապի Համօ Օհանջանեանի մասնաճիւղի վարչութեան: Համերգին գաղափարը յղացած է գիւղի երիտասարդ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վարդապետ Քիւրիմեանը, որու խմբավարութեամբ տեղի ունեցաւ համերգը: Համերգը իր ներկայութեամբ պատուուած էր Բերիոյ հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանը:

Համերգը պատրաստուած էր ընդամէնը մէկուկէս ամսուան ընթացքին, իրողութիւն մը, որ Քէսապի նման փոքրիկ աւանի համար եւ Սուրիայէն ներս տիրող ներկայ ծանր ու դժնդակ պայմաններուն՝ կարելի է հրաշքի համազօր երեւոյթ մը նկատել, նկատի ունենալով այն համարձակութիւնը, ինքնավստահութիւնը, որով «Կիլիկիա» երգչախումբին անդամներն ու անդամուհիները հանդէս եկան:

Այս համերգին երբ կը հետեւէի՝ համոզուեցայ, որ մեր մայր հայրենիքին ներկայ անկայուն եւ թշուառ վիճակին պատճառով, աւելի քան երբեք մեր սփիւռքը պէտք է հայաբար շնչէ ու հայաբար ապրի, կառչած իր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն:

Քէսապի մէջ կատարուած այս համերգը, արդարեւ, խօսող ու թնդացող վկայութիւն մըն է այդ կառչածութեան: Խումբ մը քէսապցիներ՝ ղեկավարութեամբ գիւղի երիտասարդ հոգեւոր հովիւին, սեղմ ժամանակուան մէջ պատրաստած իրենց համերգով, կարծէք մեր բոլորին ըսել ուզէին, որ այնքան ատեն որ Մեսրոպաշունչ տառերը կը հնչեն մեր շրթունքներէն, այնքան ատեն որ Մանուկ Յիսուսը մեր Ապաւէնն ու Պաշտպանն է, ապա մեզ ո՛չինչ կրնայ ընդգրկել, այնքան ատեն որ յանուն վսեմ նպատակի մը գիտենք գլուխ գլուխի հաւաքուիլ եւ մէկ բռունցք դառնալ, ապա կրնանք վերականգնիլ, վերապրիլ եւ վերատիրանալ մեր իրաւունքներուն:

Առաջնորդ Մակար Սրբազան Հայրը ձեռնարկի աւարտին բարձր գնահատելով այս համերգը, իր խօսքին մէջ ի միջի այլոց, ըսաւ. «Մէկուկէս ամսուան ընթացքին այսպիսի համերգ մը տալը, իսկապէս որ նախ՝ քաջութիւն կը պահանջէ, երկրորդ՝ զոհողութիւն, երրորդ՝ սէր եւ չորրորդ՝ գիտակցութիւն, պատասխանատուութիւն եւ նուիրուածութիւն»: Սրբազան Հօր մատնանշած այս կէտերը, արդարեւ, մեր ներկայ ժամանակներուն ա՛յնքան անհրաժեշտ են մեր ժողովուրդին. քաջութիւն, իմա՛ խիզախութիւն դժուարութիւններ դիմագրաւելու: Զոհողութիւն, իմա՛ մեր շրջապատին մեր համայնքին, մեր քաղաքին մեր երկրին համար աշխատելու ընդունակութիւն ձեւաւորելը եւ աշխատիլը յանուն մեր երկրի բարօրութեան ու զարգացումին: Սէր, արժէք մը, աւելի ճիշդ հարստութիւն մը, որ վերջին այս տարիներուն այնքան ծարաւի ենք անոր, որովհետեւ կարծէք թէ ատելութիւնը սկսած է տնաւորուիլ մեր մէջ եւ իր հանգիստը վայելել: Գիտակցութիւն, պատասխանատուութիւն, նուիրուածութիւն. երբ որ սորվինք եւ սկսինք իւրաքանչիւրս իր աշխատանքին, իր պարտականութեան, իր ոլորտին մէջ գիտակցութիւն, պատասխանատուութիւն եւ նուիրուածութիւն դրսեւորել, առանց խառնուելու մեր չհասկցած ու չըմբռնած եղելութիւններուն, ապա հաւատացէք, որ մօտիկ ապագային մեր ժողովուրդը կը վերագտնէ իր նախկին փայլքը, իր նախկին կենսունակութիւնը՝ մարդկութեան պատմութեան հոլովոյթին մէջ արդարօրէն շարունակելու իր ընթացքը:

Շնորհակալութիւն սիրելի՛ «Կիլիկիա» երգչախումբ ձեր խիզախութեան եւ նուիրումին համար: Ձեր վարձքը կատար, ինչպէս նաեւ ձեր ղեկավարին՝ Հայր Անդրանիկին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1 յունուար 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023