ՕՐՈՒԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Միշտ հաւատարիմ մնալով էութեանս՝ կրկին ներքին հանդարտութեամբ կու գամ շարել այն բոլոր մտահոգութիւնները, որոնք կը պատկանին մեզի: Արդարեւ, ազգովին կանգնած ենք նոր եւ բազմաշերտ վտանգներու առջեւ: Անոր համար է, որ ամէն տեղ մեր դարաւոր ինքնութիւնը պահելու հարցն ունինք: Մեր դիմաց բախտորոշ օրեր ցցուած են: Տեսանելի է:
Տխուր է այս իրականութիւնը: Նոյնիսկ կը վախնամ, որ եթէ մենք շարունակենք մեր այս ընթացքը, ապա օր մըն ալ մեր դարերու երազը կրնանք կորսնցնել: Մեր երկիրը ցնցուած է ու կը գտնուի ժխտական իրադարձութիւններու հոսքին մէջ: Մինակ ենք ու մինակ ալ կ՚ապրինք այս անիծեալ հարցերու ողբերգութեան հետ: Այս հին ու նոր բոլոր դէպքերն ու դէմքերը ո՛չ միայն մեզ կազմալուծած են, այլեւ՝ մեր կռուելու եւ պաշտպանուելու կամքը անկարելիութեան մատնած: Հայրենի մեր ժողովուրդը ամէն օր հաւատք կ՚աղերսէ: Յոյս եւ լոյս կը փնտռէ, որովհետեւ, անհանգիստ խաղաղութեամբ կ՚ապրի, որովհետեւ վտանգաւոր կացութիւններ իրարու կը յաջորդեն անսպասելիօրէն: Ու հակառակ այս իրողութիւններուն, տակաւին մեզմէ շատեր չեն անդրադառնար: Կարծես իրենց երազը վերջացած է ու կեանքը կը շարունակէ իր ընթացքը՝ փշրուած հայելիի կտորներուն մէջ: Ներշնչող իրականութիւնը բացակայ է:
Այս բոլորը ամէն օր եւ ամէն առիթով կը լսենք, կը տեսնենք եւ կը կարդանք: Մեզ մեր արմատներէն կը փորձեն հեռացնել: Ահա թէ ինչո՛ւ կը մտահոգուինք: Մենք մեզի կը մտածենք, թէ այնքան նահատակներէ ետք, տակաւին անկեղծ դաշնակից մը իսկ չունինք: Ու ամէն օր դաշնակից մը կը փնտռենք, որպէսզի անոր վրայ մեր յոյսերը բեռցնենք: Ալ յոգնեցանք առատօրէն ու ձրիաբար մեզի հասցէագրուած եւ առաքուած սին խոստումներէն:
Յիշենք, որ դարերու ընթացքին մեր երկրէն ներս հազար տեսակ դէպքեր տեղի ունեցած են: Հազար տեսակ ժողովուրդներ եկած ու անցած են մեր հողերէն, բայց մենք չենք ընկրկած: Իսկ այս օրերուն ահա՛, ինչ որ մերն էր, այլեւս մերինը չէ: Պէտք է նաեւ յիշենք, որ լաւ չէ միշտ թերութիւններու մասին խօսիլը: Չմոռնանք, որ ունեցած ենք բախտաւոր ժամանակներ ու մեր ներուժը հասած է իր ամբողջութեան եւ մեր ճակատագիրը մեր ձեռքը եղած է: Արդ, ինչպէ՞ս ազատիլ այս վտանգաւոր հեղեղներէն, որպէսզի յանկարծ «ուրիշ» չդառնանք:
Պէտք է նաեւ գիտնանք, որ ժամանակը մեզի կր պարտադրէ, որպէսզի այս օրերուն տարբեր տեսակի ինքնապաշտպանութեան դիմենք: Ուստի, նախ մեր երկրին ուժ պէտք է, խելք եւ կամք սեփական հնարքներու։ Յատկապէս ազգային ոգիով լիցքաւորուած ղեկավարներու կարիքն ունինք: Մենք անմիջական պահանջն ունինք ստեղծագործ միտքերու եւ կամքերու, ստեղծագործ բազուկներու, որոնք կ՚ենթադրեն յաւելեալ ճիգ, զոհողութիւն ու նուիրում եւ յատկապէս՝ սէր, որովհետեւ գործ մը սիրելով կ՚ընենք, ոչինչ կը խնայենք անոր համար եւ հազար պատճառ կը մէկտեղենք՝ զայն իրագործելու եւ յաջողցնելու։ Այլապէս սա պիտի նմանի առանց դերձանի կար կարելու:
Ուստի, ի՞նչ պէտք է ընել… Ժամանակն է վերականգնել մեր ամբողջութիւնը: Թէեւ թիւով քիչ ենք, բայց գոնէ ըլլանք միաբան: Կայուն եւ հաստատ պետութիւն ստեղծենք եւ պահենք: Վերագտնենք հիմնականը: Այլ խօսքով՝ ունենանք ա՛յն բանալին, որ բոլորիս գիտակցութեան դռները կրնայ բանալ: Աշխարհը մրրիկներով ցնցուած է ու մեր հայրենիքի հորիզոնին վրայ կուտակուած ծանր եւ գորշ ամպերը նոր փոթորիկներ «կ՚աւետեն»: Այս բոլորը կարծես չենք տեսներ: Անակնկալ մեծ ու փոքր դէպքերը կարծես մեր ժողովուրդի գիտակցութիւնը կը փորձեն մարել:
Միշտ վտանգաւոր կեանք ապրած ենք: Կարծես մեր կամքը աւերուած է եւ մեր քննելու ու կողմնորոշուելու կարողութիւնը սրբուած, քանդուած: Նոյնիսկ մեր նայուածքը շուարած է: Կը լողանք մթութիւններով լեցուն քաոսի աւազանի մը մէջ: Մեզմէ հողեր կը պահանջեն: Բայց չէ՞ որ շատ արիւն թափած ենք այդ հողերուն վրայ. հողեր, տարածքներ, որոնք Հայաստան եւ Արցախ կը կոչուին: Բայց լաւ պէտք է գիտնանք, որ եթէ թափուած արիւնը չի ճառագայթեր, ուրեմն նշանակութենէ զուրկ է ամէն բան:
Թէ ի՞նչ պէտք է ընել. ամէն առիթով կրկնած ենք…
Ճիգ եւ կամք պէտք է: Մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար մեր ներքին ուժերու միացումը հարկաւոր է: Վերջ ի վերջոյ բոլորս ալ կ՚ուզենք մեր երկրի սահմանները ամրապնդել: Վերաշինել երկիրը: Վերականգնել մեր լիութիւնը: Վերագտնել մեր հոգին եւ անոր ռիթմը: Մեր ախտերն ու փոշիները պէտք է մաքրել: Մեր ուժերը հաւաքենք, մեր վէրքերը բուժենք, սխալները շտկենք, տարակարծութիւնները հարթենք եւ մեր երկրի անկախութիւնը յարգել տանք:
Մէյ մը նայեցէ՛ք աշխարհի քարտէսին: Բոլորն ալ պատրաստ են մեզ կրկին ծախելու, յօշոտելու: Հայաստանը մինակ է ու ամբողջ մարմնով կը դողայ: Հայաստանը մինակ է՝ իր լեռներուն, ժայռերուն եւ կտոր մը երկինքին հետ: Աշխարհի մեծերը պարզապէս անօթի գայլեր են եւ կ՚ուզեն բաժնել Կովկասի իրենց այս «աւարը»:
Ամբողջ մեր պատմութեան ընթացքին միշտ եւ անդադար սկսած ենք այս բոլորին, սակայն չենք վերջացուցած: Անհրաժեշտ է տունը շինել, մաքրել, նորոգել: Այս բոլորը իրականացնելու համար էական է ըլլալ արթուն, կայտառ, պայքարող, երազով լեցուն աչքերով, խօսքի փոխարէն գործով արտայայտուող, միութեան գիտակցութիւնը չկորսնցնող ժողովուրդ եւ ղեկավար:
Հետեւաբար, հարկ է բանալ մեր մտքի դրական բոլոր պատուհանները՝ աշխարհը տեսնելու համար, առանց բառերէն եւ անիմաստ ու խաբուսիկ խոստումներէն խաբուելու, մենք զմեզ լաւ ճանչնալու եւ մանաւանդ՝ գիտակցելու նպատակով մեր իսկութիւնը:
Մաղթանքս է՝ շուտով վերականգնել մեր ամբողջութիւնը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ