ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ՝ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ -Գ-

Մեր յօդուածը կը շարունակենք արեւմտահայերէնի դժուարութիւններու եւ անոնց յաղթահարման հեռանկարներու շուրջ։

գ.-Միջազգային կամ համաշխարհայնացած իրավիճակին ազդեցութիւնները:

Ներկայ ժամանակներուն բաց հասարակութիւնները, սահմանները եւ մշակութային կամ զուարճանքի ահռելի առատութիւններու առաջարկութիւնները՝ մեծ վնաս կը հասցնեն փոքր մշակոյթներուն ու անոնց լեզուներուն, նաեւ անոնց գոյատեւման հարցերը կը բարդացնեն: Համաշխարհայնացումը, որ իր էոյթով ու գործուղման աշխուժութեամբ արեւմտեան է (ինչքան ալ զանազան ազգեր-մշակոյթներ տարուած կամ ներդրող-ներդրուած ըլլան այդ «ծրագիր»ին մէջ) եւ իր ակամայ դրսեւորած քաղաքակրթական-մշակութային կենդանի իրականութիւններով, համաշխարհայնացումը յատկութիւն ունի առարկայ ըլլալու իմաստով՝ վերարտադրուելու։ Ճիշդ այս կէտին է, որ այն մշակոյթները, որոնք կ՚օգտագործեն այս հասկացողութիւնը, կը յաջողին ստեղծել՝ մեծ արեւմտա-ամերիկեան համաշխարհայնացման կողքին. ուրիշ փոքր ու միջին մշակութային աշխարհներ, յաճախ կրօնական գործօններն ալ յառաջ մղելով: Արեւելքը, որ թուաքանակային հսկայ աճ կ՚ապրի, առաւելապէս կ՚օգտուի այս իրականութենէն եւ եթէ նօսրացող Արեւմտեան Եւրոպային ու տակաւին անոր հետ համարկում ապրող Արեւելեան Եւրոպայի մշակոյթները կը թաւալին արեւմտա-ամերիկեան աշխարհին մէջ (ամբողջացնելով դասական համաշխարհայնացման կազմագործումը), արեւելեան կարգ մը քաղաքակրթա-մշակութային միաւորներ, որոնց ենթարկուածութեան ապահովագրման կը ձգտի նոյնինքն արեւմտա-ամերիկեան համաշխարհայնացումը, գոնէ իր տնտեսա-քաղաքական երեսակով, արդէն յաջորդ հանգրուանին անցած՝ օգտագործելով համաշխարհայնացումի վերարտադրուող առարկան։ Անոնք կը տարածեն իրենց մշակոյթները, ինչ որ անկառավարելի կը դառնայ հետզհետէ ու ակամայ լաբիւրինթոս մը յառաջացնելու ընթացք կը պարզէ: Համեմատաբար փոքր կամ միջակ արեւելեան մշակութային միաւորներու «ինքնահամաշխարհայնացումները» ընդհանրումներ կ՚ունենան թէ՛ իրենց չորս կողմի մշակութային աշխարհներուն հետ ու վերադաս կամ այսպէս ըսած վերջնական համաշխարհային առաքելութեամբ, տուեալ զարգացող որեւէ մշակոյթներէն մէկը կ՚ուղղուի դէպի ճակատում արեւմտա-ամերիկեանին հետ, կեղեքուածի-պակասաւորի բարդոյթէն կամ նոյնինքն ուժային տրամասանակութեան իրականութիւններէն մեկնած:

Համընդհանուր հայ մշակոյթը (արեւմտահայ կամ արեւելահայ) ըլլալով շատ փոքր ածու, իր ենթակապակցութեամբ ու աշխարհագրութեամբ եւրոպականին հետ համարկուելու անջրպետին մէջ կ՚իյնայ, ինչ որ ազգային ճիշդ համադրումով համեմատաբար կ՚ապահովէ արեւելեանի (հիմա իսլամականի) դիմաց անոր կենսունակութիւնը (չանտեսելով թէ նոյնինքն եւրոպականը հսկայ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ), միաժամանակ հայկականը ունի արեւելեանն ալ սանձաւորող յատկութիւններ:

Արեւմտահայերէնը իր մեծ կոչումով՝ ունի կրկնակի առաքելութիւն. նախ այն իրաւագիտականօրէն պէտք է վերատիրանայ իր խլուած մշակոյթին ու բնականաբար իր քոյր արեւելահայերէնին հետ շարունակէ հայ մշակոյթին բարձր ռահվիրայ հանդիսանալը: Երկու յանձնակատարումներն ալ Միջին Արեւելքի քարտէս ունին եւ անկախ արեւմտահայերէնին տարածուած ըլլալէն, Եւրոպայի, Ամերիկայի մէջ արեւմտահայերէնի դիամագրաւած խորքային վտանգը կու գայ արեւելքէն, ոչ թէ անմիջական «դասական որակաւորում»ով արեւմտեան համաշխարհայնացումէն:

Արեւելեան կազմաւորուող մշակութային աշխարհները ազգ-պետութիւններու սահմանագիծէն անդին աւելի թունդ տրամադրուած են սրբելու բոլոր փոքր մշակոյթներն ու անոնց լեզուները, քան թէ հեռաւոր համաշխարհայնական մեծ անջրպետը: Միջին Արեւելքի գալիք մշակութային քարտէսը չի հաւաստիացներ պատմահայաստանեան մշակոյթի զարգացման գործընթացը, ինչ որ կ՚ածանցուի ի սկզբանէ Մեծ եղեռնի հետեւանքներու չվերացման հետ: Այո՛, արեւմտահայերէնը ԱՄՆ-ի, Լատին Ամերիկայի կամ Եւրոպայի մէջ ենթակայ է նահանջի, աւելի քան Միջին Արեւելքի մէջ, բայց հակասաբար նոյն արեւմտահայերէնի ազատ ու ակադեմական յարաշարժութիւնը այդ զարգացած երկիրներուն մէջ տեղի կ՚ունենայ, մինչ խորքային կենսունակութեան ու խմորումներու արտը կը մնայ Միջին Արեւելքը, ինչպէս թուեցինք:

Պատմականօրէն անդրադառնալով արեւմտահայերէնի կազմաւորման, ան անկախ իր բարբառներէն չունեցաւ ռամկաբանութեան համընդհանուր ծիր եւ ներկայ մեր ժամանակներուն պարզած հաղորդակցութիւններու ոճին ու լեզուներու ժողովրդացումին ի դիմաց, ան մնաց ձեռնակապ: Ներկայ պայմաններուն մէջ արեւմտահայերէնը կը տուժէ թէ՛ համաշխարհայնացումէն, թէ՛ անոր վերարտադրողական ընթացքէն հաւասարապէս, եւ մէկ-մէկ կամ բոլորը միասին՝ անգլերէնը, արաբերէնն ու թրքերէնը կը մաշեցնեն զայն: Արեւմտահայերէնի պայքարը ուրիշ փոքր ու նօսրացող լեզուներու պայքարէն կը տարբերի այն բովանդակութեամբ, որ մշակոյթի եւ լեզուի մէկ թեւն է ան եւ անոր առաքելութիւնը համամասնական է, այսինքն երբ կը խաթարուի արեւմտահայերէնը, լայն ֆոնի վրայ կը խաթարուի հայ մշակոյթը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2023