ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Մարդուն բերանը կրնա՞յ պտուղ տալ իրեն:

Պատասխան. Սողոմոն իմաստուն կը գրէ. «Մարդը իր բերնին պտուղէն բարիքներով պիտի լեցուի եւ իր գործերուն հատուցում պիտի ընդունի» (Առ 12.14): Ի՞նչ են բերանին պտուղները. աղօթք, փառաբանութիւն, քաղցր խօսք իր նմաններուն, մխիթարական խօսքեր, ներողամտութիւն, Աստուծոյ վկայ ըլլալ աշխարհի վրայ, բարեխօսութիւն, եւ կարելի է շարքը երկարել: Ասոր հակառակ, սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլալ բերանին պատճառող պատուհասներէն, որովհետեւ ըստ Տէրունական խօսքին՝ «Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի: Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի: Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ» (Մտ 5.22-24): Հետեւաբար, ո՛չ թէ միայն պէտք է մեր բերանը օրհնաբանութիւն ու փառաբանութիւն խօսի, այլեւ, մինչ այդ պէտք է զգուշանայ, որպէսզի չվիրաւորէ իր նմանը իր բերանէն ելած խօսքերով, որով իր բերանէն դուրս եկած բարի պտուղներով՝ բարի հատուցում պիտի գտնէ:

Հ. Ի՞նչ կ՚ընէ ճշմարտախօսը:

Պ. «Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւնը կը յայտնէ» (Առ 12.17). Ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը իրարմէ անբաժան են, մանաւանդ երբ խօսքը կը վերաբերի աստուածային ճշմարտութեան եւ արդարութեան: Մարդը, Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը ըլլալով, պարտաւոր է իւրաքանչիւր քայլափոխի ճշմարտութիւնը խօսիլ, որով արդարութեան քաջամարտիկ զինուորը կը դառնայ միաժամանալ: Արդարեւ, Աստուծոյ որդիները յայտնի կը դառնան իրենց ճշմարտախօսութեամբ, որով եւ արդարամտութեամբ:

Առակագիրը ճշմարտախօս մարդուն համար այսպէս կը վկայէ. «Ճշմարտախօս շրթունքը միշտ հաստատ կը մնայ» (Առ 12.19):

Հ. Ի՞նչ կ՚ընէ սուտ վկան:

Պ. «Սուտ վկան նենգութիւնը կը յայտնէ» (տե՛ս Առ 12.17). ինչո՞ւ, քանի որ սուտ վկաները, սուտ վկայութիւն տուողները ո՛չ թէ Աստուծոյ զաւակներն են, այլ նենգութեան ու ստութեան հօր՝ սատանային, եւ ի՛նչ որ կը սորվին իրենց հօրմէն, նոյնը իրենք կ՚ընեն:

Չմոռնանք նաեւ իններորդ պատուիրանը, որ կ՚ըսէ. «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.16):

Հ. Ինչպէ՞ս պէտք է ըլլայ մարդուն լեզուն:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններունը բժշկութիւն է» (Առ 12.18):

Հետաքրքրական նկարագրութիւն՝ սուրի նման խոցոտող, եւ՝ բժշկարար: Մեր լեզուն արդեօք ինչպիսի՞ն է: Իւրաքանչիւր մարդ ինքզինք լաւ կը ճանչնայ, ինք թող տայ այս հարցումին պատասխանը եւ առ այդ շարունակէ իր երկրաւոր ընթացքը:

Անմիտ խօսքերը ծնունդ են՝ նախանձի, բամբասանքի, ոխակալութեան, վրէժխնդրութեան, թշնամութեան, ատելութեան, չարութեան եւ առանց Աստուծոյ կեանք մը ապրելուն: Մինչ բժշկարար լեզուի ծնունդ են՝ զԱստուած փառաբանելն ու մեծարելը, Աստուծոյ խօսքը աւետարանելը, վկայելը Սուրբ Երրորդութեան մասին, իր նմաններուն մասին միշտ դրական խօսիլը, մխիթարելը, սփոփելը, քաջալերելն ու վկայելը:

Հ. Ինչի՞ կը հասնին խաղաղութեան մասին մտածողները:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Խաղաղութեան համար խորհուրդ ընողները ուրախութիւն կ՚ունենան» (Առ 12.20): Արդարեւ, Աստուած խաղաղասէր է, Քրիստոս խաղաղութեան Իշխան, իսկ Սուրբ Հոգին՝ խաղաղութիւն պարգեւող, հետեւաբար բոլոր անոնք որոնք կ՚ուզեն խաղաղութիւն գտնեն եւ այդ խաղաղութեան մէջ ուրախութիւն գտնեն, ապա իրենց երեսները պէտք է դարձնեն դէպի Սուրբ Երրորդութիւնը, ուր խաղաղութիւն պիտի գտնեն եւ այդ խաղաղութեամբ պիտի ապրին: Յիշենք Տէր Յիսուսի տուած երանին եւս. «Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՚աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտ 5.9):

Հ. Ինչպիսի՞ն է սուտ շրթունքներ ունեցողը Տիրոջ առջեւ:

Պ. Առակագիրը կը գրէ. «Սուտ շրթունքը Տիրոջ զզուելի է» (Առ 12.22): Աստուած, կը զզուի ստախօսներէն: Ստախօսութիւնը հակառակ է ճշմարտութեան, որով եւ Աստուծոյ, քանի որ Աստուած Բացարձակ Ճշմարտութիւնն է: Արդարեւ, Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կ՚ըսէ. «Ով որ մարդ կը խաբէ, զԱստուած կը խաբէ, եւ այդպիսով Անոր պատկերը խաբած կ՚ըլլայ»: Տաթեւացիի այս նախադասութիւնը բաւարար է, հասկնալու համար, թէ ինչու համար ստախօսները Աստուծոյ համար զզուելի են:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 28

15 յունուար 2023, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2023