Այս փուլին համայնքին վիճակածը

Ներկայ շաբթուան լուսաբացը ահաւոր ցնցում մը բերաւ երկրին. կարծես արշալոյսը խավարման վերածուած ըլլար։ Հանրապետութեան հիմնադրութեան դարադարձի տարուան սկիզբին միթէ արդա՞ր է այսպիսի ողբերգութիւն մը։ Նախախնամութիւն, անշուշտ, ըսելու բան չկայ։

Թէեւ ըսելու բան չկայ, բայց ընելիք իսկապէս շատ բան կայ այս փուլին։

Ողբերգութիւնները կ՚ուղղորդուին անխուսափելի հակասութիւններով։ Մէկ կողմէ թրավման կաթուածահար կացութիւն կը ստեղծէ, իսկ միւս կողմէ հրատապ կարիքները իրարու կը յաջորդեն։ Երկու ծայրայեղութեան խաչմերուկին դիւրին չէ կողմնորոշուիլը։

Անելի մէջ ճանապարհ գտնելը՝ մանաւանդ բնական աղէտի հետեւանքներու յաղթահարումը վիթխարի եւ չափազանց համբերատար գործ մըն է, որ կը պահանջէ նաեւ հաւաքական իմաստութիւն։ Այս կէտին վրայ կը բիւրեղանայ համախմբուելու եւ միասնականութիւնը ամրապնդելու նշանակութիւնը։ Պահը ինչքան որ ալ ծանր ըլլայ, կասկած չկայ, որ Թուրքիան ունի այս իրավիճակը յաղթահարելու ներուժը։

Հասարակութիւնները թէեւ միշտ հակուած կ՚ըլլան թեթեւութեան, բայց հասկնալիօրէն անոնց յիշողութիւնը կը պայմանաւորեն ծանր պահերը։ Թրքահայութիւնը, որ զանազան ձեւերով աղէտի ծանր ազդեցութեան ենթարկուած է, առկայ բարդ գործընթացի պայմաններով պէտք է այս շրջանակին մէջ գործէ նպատակասլաց՝ ըլլալով երկրի հարազատ տարրերէն մին։ Երկրաշարժի պատահած պահէն սկսեալ համայնքին կողմէ ցուցաբերուած վերաբերմունքը եւ արտայայտուած զօրակցութեան տրամադրութիւնները էական նշանակութիւն ունին։ Որդեգրուած այս առողջ գիծը պէտք է շարունակուի միանշանակ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2023