ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ԼՈՆՏՈՆ ԱՅՑԸ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան այս օ­րե­րուն այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Լոն­տոն։ Իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն ու­նե­ցած է բազ­մաբ­նոյթ շփում­ներ։ Անգ­լիա­հայ հա­մայն­քը ջերմ վե­րա­բեր­մունք ցոյց տուած է Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րին նկատ­մամբ։ Լոն­տո­նի Ս. Ե­ղի­շէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Բա­կօ Սա­հա­կեան եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը տե­սակ­ցե­ցան անգ­լիա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Ար­ցա­խի կեան­քին, ձեռք­բե­րում­նե­րուն եւ առ­կայ խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Ներ­կայ էին Լոն­տո­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­մէն Սարգ­սեան եւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Անգ­լիոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան։

Լոն­տո­նի մէջ Բա­կօ Սա­հա­կեան այ­ցե­լեց նաեւ Անգ­լիոյ խորհր­դա­րա­նը, ուր հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը։ Այս առ­թիւ ան խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան, ըն­կե­րատն­տե­սա­կան զար­գաց­ման եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։ Սա­հա­կեան պա­տաս­խա­նեց նաեւ ի­րեն ուղ­ղուած հար­ցում­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, Ար­ցա­խի մէջ Անգ­լիոյ նկատ­մամբ գո­յու­թիւն ու­նի յա­տուկ վե­րա­բեր­մունք։ Այս­պէս, Անգ­լիան կը դի­տար­կուի որ­պէս մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ազ­դե­ցիկ դե­րա­կա­տար, որ նաեւ կը հան­դի­սա­նայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան բնօր­րան­նե­րէն մին։ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բնուա­թագր­մամբ՝ Ար­ցախ շա­հագրգ­ռուած է խորհրդա­րա­նա­կան կա­պե­րու խո­րաց­մամբ, գի­տա­կան ու մար­դա­սի­րա­կան ո­լորտ­նե­րէ ներս Անգ­լիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­մամբ։ Իր խօս­քով, նման լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը ա­ռա­ջին հեր­թին պայ­մա­նա­ւո­րուած է Անգ­լիոյ խորհր­դա­րա­նէն ներս Ար­ցա­խի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կեղծ ու հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­կամ­նե­րու գո­յու­թեամբ։

Ե­րէկ Բա­կօ Սա­հա­կեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Անգ­լիոյ Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ար­քու­նի կա­ճա­ռին՝ Chatham House-ի եր­դի­քին տակ։ Ան նոյն­պէս անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խի պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան, ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման եւ տա­րած­քաշրջա­նա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րուն։ Սա­հա­կեան պա­տաս­խա­նեց նաեւ ի­րեն ուղ­ղուած հ2ար­ցում­նե­րուն։ Ան դի­տել տուաւ, թէ Ար­ցախ հո­գե­հա­րա­զատ կը զգայ Chatham House-ի կար­գա­խօ­սը, որն է՝ «Օգ­նել՝ կա­ռու­ցե­լու անվ­տանգ, բա­րե­կե­ցիկ եւ ար­դար աշ­խարհ»։ Սա­հա­կեան ա­ւել­ցուց, որ այս գա­ղա­փար­նե­րը կը գտնուին նաեւ ի­րենց աշ­խար­հըն­կալ­ման մէջ։ Ըստ ի­րեն, այս­պի­սի հան­դի­պում­նե­րը օգ­տա­կար են թէ՛ Ար­ցա­խի եւ թէ զա­նա­զան պե­տու­թիւն­նե­րու կամ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու հա­մար։ Սա­հա­կեա­նի այս ե­լոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան օ­տա­րերկ­րեայ դի­ւա­նա­գէտ­ներ, գիտ­նա­կան­ներ եւ վեր­լու­ծա­բան­ներ։

Նոյն­պէս ե­րէկ Լոն­տո­նի մէջ Բա­կօ Սա­հա­կեան մէկ­տե­ղուե­ցաւ հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այս­պէս, ան շրջա­պա­տուե­ցաւ Հայ օգ­նու­թեան միու­թեան, Հա­մազ­գա­յի­նի, Հայ մարմ­նա­մար­զա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ։ Շօ­շա­փուե­ցան Ար­ցա­խի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Բա­կօ Սա­հա­կեան բարձր գնա­հա­տեց հա­մա­հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը Սփիւռ­քի մէջ հա­յոց ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման, հայ­րե­նի­քի հետ կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման եւ ազ­գա­յին խնդիր­նե­րու լուծ­ման ա­ռու­մով։

Լո­տո­նի շփում­նե­րուն շրջագ­ծին մէջ Բա­կօ Սա­հա­կեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի Անգ­լիոյ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ան­դամ­նե­րուն հետ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ սոյն զրոյց­նե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուած են Ար­ցա­խի պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան, ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, Սփիւռ­քի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Սա­հա­կեան կա­րե­ւո­րեց ա­ւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խին սա­տա­րե­լու, հա­մազ­գա­յին կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րու լուծ­ման եւ Հայ­րե­նիք-Սփիւռք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման ա­ռու­մով։

Բաց աս­տի, Բա­կօ Սա­հա­կեան բարձր գնա­հա­տեց «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի Անգ­լիոյ մաս­նա­ճիւ­ղին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, գլխա­ւո­րու­թեամբ տնօ­րէ­նու­հի Ար­մի­նէ Կա­րա­պե­տեա­նի։ Ան ը­սաւ, թէ մաս­նա­ճիւ­ղին ջան­քե­րը ուղ­ղուած են Ար­ցա­խի շէ­նաց­ման։ Ըստ ի­րեն, հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով ի­րա­կա­նա­ցուած ծրագ­րե­րը մե­ծա­պէս կը նպաս­տեն Ար­ցա­խի զար­գաց­ման ու զօ­րաց­ման գոր­ծին։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2015