ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւը յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան պի­տի հրա­տա­րա­կէ «Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­լուած­նե­րը Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մէջ» օս­մա­նե­րէն եւ հա­յե­րէն աշ­խա­տու­թիւ­նը։ Ե­րէկ, Երե­ւա­նի մէջ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան, որ իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձաւ այս երկ­լե­զու ծրագ­րին։ Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, սոյն աշ­խա­տու­թեան մէջ ամ­փո­փուած են Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քու­թեան եւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան պատ­կա­նող եւ Թուր­քիոյ տա­րած­քէն ներս գտնուող կա­լուած­նե­րու ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը։ Ար­խի­ւի տնօ­րէ­նը նշեց, թէ աշ­խա­տու­թիւ­նը ապա­գա­յին պի­տի թարգ­մա­նուի նաեւ անգ­լե­րէ­նի։ «Կան նաեւ սե­փա­կա­նու­թեան վկա­յա­կան­ներ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կին տրուած են Օս­մա­նեան Թուր­քիոյ մէջ ե­կե­ղե­ցա­կան հո­ղե­րու եւ կա­լուած­նե­րու հա­մար», ը­սաւ Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան։

Այս բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ Վի­րա­բեան կա­րե­ւո­րեց փաս­տա­թուղ­թե­րու հրա­տա­րակ­ման ար­դիա­կա­նու­թիւ­նը՝ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեան ներ­կա­յա­ցուած դի­մու­մի հա­մա­տես­քին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ այդ դա­տա­կան դի­մու­մով կը պա­հան­ջուի Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին վե­րա­դար­ձը։

Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց, որ կը շա­րու­նա­կուի ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղ­թե­րու թուայ­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ 2010 թուա­կա­նէն ի վեր կը տա­րուի այս աշ­խա­տան­քը, իսկ այս տա­րի թուայ­նա­ցուած է շուրջ 100 հա­զար փաս­տա­թուղթ։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ՝ ցայ­սօր 1 մի­լիոն փաս­տա­թուղթ թուայ­նա­ցուած է։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի ար­խի­ւին մօտ ի պահ դրուած նիւ­թե­րուն քա­նա­կու­թիւ­նը կը հաս­նի շուրջ 350 մի­լիո­նի։ Վի­րա­բեան դի­տել տուաւ, որ ա­ռաջ­նա­հերթ ու­շադ­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յուի այն փաս­տա­թուղ­թե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնք մեծ հե­տաքրքրու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նան։ Ա­նոնց շար­քին կը գտնուին մար­դա­հա­մար­նե­րու տուեալ­նե­րը, մար­դոց ծագ­ման, տոհ­մա­ծա­ռե­րու մա­սին նիւ­թե­րը, ե­կե­ղեց­ւոյ չա­փա­բե­րա­կան մա­տեան­նե­րը՝ ծնունդ, կնունք։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւը նոյն շար­ժա­ռի­թով պի­տի հրա­պա­րա­կէ նաեւ իր մօտ գտնուող բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րը, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ այդ գլխա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու տե­ւո­ղու­թեան Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան մատ­նան­շեց, որ այ­սօր ա­ռա­ւել հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած նիւ­թե­րը ո՛չ քա­ղա­քա­կան բնոյթ ու­նին, ո՛չ ալ մի­ջազ­գա­յին փաս­տա­թուղ­թեր են։ Ըստ ի­րեն, Ազ­գա­յին ար­խի­ւէն մար­դիկ այ­սօր ա­մե­նէն շատ կը հե­տաքրք­րուին ի­րենց տոհ­մա­ծա­ռին հետ։ «Ա­նոնք մար­դոց ծագ­ման, տոհ­մա­ծա­ռի վե­րա­բե­րեալ փաս­տա­թուղ­թերն են։ Այ­սինքն, ե­թէ կը հե­տաքրքրուի, թէ ո՛վ ե­ղած է իր մեծ մեծ մեծ­հայ­րը, փաս­տա­թուղ­թե­րու մի­ջո­ցաւ կրնայ ճշդել», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս ուղ­ղու­թեամբ ա­պա­ցոյց կը դառ­նան մար­դա­հա­մար­նե­րու տուեալ­նե­րը, ո­րոնք 1817 թուա­կա­նէն սկսեալ Հա­յաս­տա­նի մէջ պար­բե­րա­բար ի­րա­կա­նացուած են ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, յե­տոյ՝ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու տա­րի­նե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցուած են երկ­րի տա­րած­քին, նաեւ Ար­ցա­խի մէջ ապ­րած մար­դոց տուեալ­նե­րը։ Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան ա­ւել­ցուց, թէ տուեալ­նե­րը դուրս կը բե­րուին նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ չա­փա­բե­րա­կան մա­տեան­նե­րէն, ուր ար­ձա­նագ­րուած են մար­դոց կե­ցու­թեան մա­սին փաս­տեր՝ ծնունդ, կնունք, ա­մուս­նու­թիւն, մահ ե­ւայլն։ Ի դէպ, տնօ­րէ­նը մատ­նան­շեց, թէ ըստ էու­թեան կնուն­քը ար­ձա­նագրուած է, այն ժա­մա­նակ, երբ ե­րա­խան կնքած են՝ մին­չեւ քա­ռա­սուն օ­րուան դառ­նա­լը։

Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան ընդգծեց, որ վերջ ի վեր­ջոյ քա­ղա­քա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րը կը փո­խուին, իշ­խա­նու­թիւն­ներ կու գան կ՚անց­նին, բայց մար­դոց պատ­մու­թիւ­նը կը մնայ նոյ­նը, թե­րեւս միայն կը կորսնց­նեն տոհ­մա­կան տիտ­ղոս­նե­րը։ «Հի­մա կը դի­մեն, որ­պէս­զի վե­րա­կանգ­նեն օ­րի­նակ՝ Տէր կամ Մե­լիք տիտ­ղոս­նե­րը», ը­սաւ ան։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2015