ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լաչինի միջանցքը արդէն երկու ամիսէ ի վեր փակ է։ Արցախը պաշարուած վիճակի մէջ՝ կտրուած է Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն։ Միջանցքը կ՚օգտագործուի շատ սահմանափակ՝ միայն Կարմիր խաչի կողմէ հիւանդներու տեղափոխութեան եւ շատ սահմանափակ մարդասիրական բեռներու համար։ Սա, անշուշտ, չի նշանակեր, որ Լեռնային Ղարաբաղը շրջափակման մէջ չէ եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ո՛չ միայն մարդասիրական կացութիւնը կը մնայ կայուն, այլ հետզհետէ կը վատթարանայ, ինչ որ կը տագնապեցնէ ամբողջ հայաշխարհը։ Միջազգային ընտանիքն ալ անտարբեր չէ այս իրադրութեան եւ բոլոր ուժային կեդրոններէն յաճախ կոչեր կը հնչեն, որպէսզի Ատրպէյճան վերաբանայ Լաչինի միջանցքը։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Մոսկուայի կողմէ երէկ տեղեկացուեցաւ նոր շփումի մը հաւանականութեան մասին։ Այսպէս, կազմակերպչական աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում մը ունենան Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարեվերջին արդէն այս եռակողմանի ձեւաչափով ժամադրութիւն մը խնդրոյ առարկայ էր Մոսկուայի մէջ, սակայն, Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով հայկական կողմը ձեռնպահ մնացած էր այդ հանդիպման մասնակցելէ։ Այժմ, ուրեմն, այդ շփումը իրականացնելու համար ջանքերը կը վերակենդանանան։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Ռիապքով երէկ ԹԱՍՍ գործակալութեան յայտարարեց, որ նախարարներու եռակողմանի հանդիպման կազմակերպման հարցը մշակման փուլի մէջ կը գտնուի։ «Այդ հարցը մշակման փուլի մէջ է։ Մենք չենք հրաժարած այդ մտադրութենէն։ Մենք կը փափաքինք առաւելագոյնս օգտագործել այն պաշարները, որոնց կը տիրապետենք հարթակներ տրամադրելու եւ կայունութեան միտուած պայմանաւորուածութիւններու յառաջ մղման ձեւաչափի առումով», ըսաւ ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը։

Եռակողմանի այս նոր ժամադրութեան հաւանականութեան հրապարակման զուգահեռ՝ Ճէյհուն Պայրամով երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Բաց աստի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ զրուցակիցները քննարկած են Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան գործընթացը։

Միւս կողմէ, երէկ, Երեւանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւը։ Այս վերջինը, ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու հարցերով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Իկոր Խովաեւ օրուան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Խովաեւ անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ անոր յաղթահարման ուղղեալ քայլերուն։ Փաշինեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան հերթական խախտման փաստը։ Ան համոզուած է, թէ այդ յայտարարութիւնով ստանձնուած պարտաւորութիւններու լիարժէք իրականացումը անհրաժեշտութիւն մըն է։ Փաշինեան եւ Խովաեւ քննարկեցին նաեւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւորութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Արմէն Գրիգորեանն ալ Իկոր Խովաեւի հետ քննարկեց Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական տագնապի բարդ դրսեւորումները։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023