ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ «ՇՈՒՇԻ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Նիւ Եոր­քի Ս. Վար­դան մայր տա­ճա­րի «Շու­շի» պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լեն Ե­րե­ւան։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց այս պա­րա­խում­բի ազ­գա­նուէր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ «Շնոր­հա­կալ եմ պա­րա­խում­բի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն հայ­կա­կան պա­րա­րուես­տը, ազ­գա­յին մշա­կոյ­թը պահ­պա­նե­լու, զար­գաց­նե­լու եւ աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար։ Հա­յա­պահ­պա­նու­թիւ­նը մեր ազ­գի գլխա­ւոր խնդիրն է։ Այ­սօր աշ­խար­հի վրայ 7 մի­լիոն մարդ խնդիր ու­նի հայ մնա­լու։ Մենք  պէտք է պայ­քա­րինք մեր ար­մա­տի, ինք­նու­թեան, տե­սա­կի, մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման հա­մար։ Աշ­խար­հի վրայ գո­յու­թիւն ու­նի ա­ւե­լի քան 30 հա­զար հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն, ո­րու գլխա­ւոր խնդիրն է հա­յա­պահ­պա­նու­թիւ­նը։ «Շու­շի» պա­րա­խում­բը հիա­նա­լի կը լու­ծէ հայ ե­րի­տա­սար­դը հայ պա­հե­լու կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդի­րը։ Հայ մնա­լու ա­մե­նա­կա­րե­ւոր բա­նա­լի­նե­րէն մէ­կը ազ­գա­յին պարն է։ Յատ­կա­պէս Սփիւռ­քի մէջ պա­րը հա­յա­պահ­պա­նու­թեան հզօր զէն­քե­րէն մին է։ Պա­րը կը կա­րո­ղա­նայ ոչ միայն լա­ւա­գոյնս պահ­պա­նել ազ­գա­յին ո­րակ­նե­րը, այլ նաեւ օ­տար մշա­կու­թա­յին մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ ճա­նա­չե­լի ու սի­րե­լի դարձ­նել հայ­կա­կան ա­րուեստն ու ա­նոր պատ­մու­թիւ­նը», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին։

Ա­ւե­լի վերջ, բարձր գնա­հա­տե­լով պա­րա­խում­բի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Սե­դա Քան­թար­ճեա­նը՝ ա­րուես­տի ու մշա­կոյ­թի բնա­գա­ւա­ռէն ներս իր ազ­գա­նուէր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, անմ­նա­ցորդ նուի­րու­մը հայ­կա­կան պա­րա­րուես­տի պահ­պան­ման ու տա­րած­ման գոր­ծին մէջ՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան զին­քը պար­գե­ւատ­րեց նա­խա­րա­րու­թեան «Կո­մի­տաս» մե­տայ­լով։ Բաց աս­տի շնոր­հա­կա­լագ­րեր յանձ­նուե­ցան պա­րա­խում­բի աշ­խոյժ տար­րե­րէն Թա­լին Կու­պէ­լեա­նին եւ Սօ­սի Սեդ­րա­կեա­նին։ «Շու­շի» պա­րա­խում­բը հիմ­նուած է 1992 թուա­կա­նին եւ 2013 թուա­կա­նին ընտ­րուած է ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի կող­մէ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցուած Մի­ջազ­գա­յին պա­րա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին «Շու­շի»ն հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի բե­մին վրայ, 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Պա­րա­խում­բի վաթ­սուն­հինգ երկ­սեռ ան­դամ­նե­րը այս առ­թիւ ի­րենց ա­րուես­տը ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­րե­նի գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2015