ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄՈԼՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդ կը կարծէ, որ իր ետին կը թողէ ամբողջ կեանք մը, երբ կը մահանայ: Ան այնքան կը հաւատայ «ես» կոչուածին, թէ աշխարհէն հեռանալու ժամանակ կ՚ափսոսայ կեանքի կարճութեան համար։ Ան կը կարծէ, թէ ժամանակը կ՚անցնի-կ՚երթայ անդառնալիօրէն։ Կ՚ենթադրէ, որ պատմութիւն մը մնացած է իրմէ: Ան իր կերպարը կը բաժնէ ժամերու, տարիներու, տարիքի։ Ան նաեւ անուններ կու տայ օրերու եւ ժամանակաշրջաններու… Այնուամենայնիւ, ո՛չ անցեալը, ո՛չ ալ ապագան հնարաւոր է բաժնել եւ ամենակարեւորը՝ ժամանակը չի վատնուիր, չի սպառուիր.։
Կեանքը չ՚անցնիր, մենք կ՚անցնինք անոր ճամբէն։ Մեր համոզումը, որ ժամանակը կը վատնուի, կու գայ մեր եսակեդրոն ախտերէն: Մահը նոյնպէս ժամանակի պատրանքի մէկ մասն է: Մահը միայն ստորակէտի նման է: Այդ մէկը պարզապէս մեր ընթացիկ խաղի աւարտն է: Քանի որ ո՛չ ոք կ՚ուզէ վաղաժամ հեռանալ այս խաղէն, ապա մերձաւորներու եւ մեր տրտունջները անխուսափելի են։ Այսինքն՝ յաճախ կը տխրինք, կը յուզուինք, թէ երազ մը կ՚աւարտի անսպասելիօրէն։ Այստեղ ժամանակը շատ փոքր տեղ կը գրաւէ ամբողջութեան մը մէջ՝ ինչպէս խաղը կամ երազանքի ընթացքը:
Տարիները, ժամերը, դարերը եւ ամբողջ պատմութիւնը կարծես յօրինուածքի արդիւնք են։ Մարդկային կեանքն ու մարդկութեան պատմութիւնը նոյնպէս այստեղէն կը բխի։ Թերեւս մարդ արարածը թոյլ ձայն ունի, ձանձրոյթ կ՚արտայայտէ յաճախ ու կը փորձէ ինքնուրոյն գործել ու գոյատեւել: Նման սխալ պատկերացումն ու անոր տարածութիւնը միայն տարօրինակութիւն կրնան ըլլալ։ Քիչ մը տարօրինակ է նաեւ, որ մեր «ես»ը կը գերազանցէ ամբողջութիւն մը։
Ինչո՞ւ ժամանակը կայ: Աւելի ճիշդ՝ ինչպէ՞ս կրնայ գոյութիւն ունենալ տիրոյթ մը, որ մենք կրնանք բաժնել եւ կառավարել՝ ինչ որ գոյութիւն ունի մեզմէ առաջ եւ պիտի ունենայ յետոյ: Մենք կ՚ուզենք կապ հաստատել անցեալի եւ ապագայի միջեւ եւ կ՚ուզենք բացատրել ժամանակի սխալ ընկալումը։
Ժամանակի սպառելիութիւնը ներկայ ժամանակներու համոզումն է: Բոլոր ենթադրութիւնները՝ ներառեալ ժամանակը, երազանքը կառավարելու մեր ջանքերն են: Այնուամենայնիւ, մենք չենք կրնար կառավարել երազանքը, մենք միայն կ՚ազդենք անոր վրայ։ Կեանքը կ՚անցնի երազի մը պէս, կարծես կը տեւէ քանի մը վայրկեան եւ երբ արթննանք, բան մը կը հասկնանք. երազը ինքնին պատճառ մը ունի։ Նոյնիսկ եթէ երազը անհեթեթ է, մենք ամենեւին կ՚ուզենք տեսնել այդ երազային աշխարհը։ Մենք կապ կը ստեղծենք սկիզբի եւ վերջի միջեւ։ Երբ կ՚ըսենք կեանք, այս կապը հաստատելու փոխարէն կ՚իյնանք առօրեայ իրադարձութիւններու անփութութեան մէջ։ Մենք կ՚անտեսենք այն փաստը, որ անցեալն ու ապագան կարծէք ընդամէնը քանի մը վայրկեանի կապ կ՚ունենան: Մեր համոզումը, որ ժամանակը կը վատնուի մեր փոքրիկ կեանքի խաղին մէջ կամ մեր ափսոսանքները, միեւնոյն ժամանակ, պայմանաւորուած են ժամանակի պատրանքով: Մենք այս բոլորը չենք կրնար տեսնել որպէս ամբողջութիւն, չենք կրնար կապուիլ այդ ամբողջի հետ։
Ըստ իս, ժամանակը այն աւանդութիւններէն, ժառանգութիւններէն մէկն է, որ մենք չենք կրնար լիովին ըմբռնել: Փաստ է, որ մենք երբեմն կը յօրինենք այն, ինչ որ չենք հասկնար։ Կարելի է ըսել, որ ժամանակը վերածած ենք առարկայի մը, որ կը սպառուի՝ զայն յարմարեցնելով մեզի։ Կը կարծենք, որ ժամանակը կ՚անցնի, բայց իրականութեան մէջ այդպէս չ՚ըլլար։ Կը կարծենք՝ մեր ետին կը մնայ ամէն ինչ։ Թէեւ մենք կը կարծենք, որ կը մեռնինք ժամանակի ընթացքին, բայց ո՛չ ժամանակը կը սպաննէ մեզ, ո՛չ ալ մահը…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ