ԶՍՊՈՂ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ
Երէկուան դրութեամբ Հայաստանի մէջ աշխատիլ սկսաւ Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը, որ կազմուած է 100 անդամէ։ Այս առաքելութիւնը սկսաւ՝ համընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ։ ԵՄ-ի խորհուրդի 23 յունուար 2023 թուականի որոշման հիման վրայ կը ծաւալուի ծառայութիւնը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եւրոմիութեան համապատասխան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հայկական կողմին տեղակայման նպատակն է նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններէն ներս կայունութեան, հակամարտութենէն տուժած շրջաններէն ներս կառուցել վստահութիւն եւ անվտանգութիւն, նաեւ ապահովել նպաստաւոր միջավայր Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման ջանքերուն համար»։ Մասնաւորապէս շեշտուած է, որ ԵՄ կ՚աջակցի այդ կարգաւորման։ Եւրոպական կողմը կ՚ընդգծէ, որ, ընդհանուր առմամբ, ԵՄ-ի առաքելութիւնը բացառապէս քաղաքացիական անձնակազմէ մը բաղկացած է։ Առաքելութիւնը կը բաղկանայ 100 հոգիէ՝ շուրջ 50-ը անզէն դիտորդ։
Առաքելութեան կեդրոնը կը գտնուի Հայաստանի Վայոց ձորի մարզի Եղեգնաձոր քաղաքին մէջ։ ԵՄ-ի արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական ծրագրաւորման ու վարման կարողութիւններու (CPCC) գործադիր տնօրէն Սթեֆանօ Թոմատ կ՚աշխատի որպէս հրամանատար, իսկ Մարքուս Ռիթեր՝ որպէս առաքելութեան ղեկավար։
Այս առաքելութիւնը կեանքի կը կոչուի շատ նուրբ ժամանակաշրջանի մը մէջ՝ երկու տարուան պայմանաժամով։ Արդարեւ, արդէն աւելի քան 70 օրէ ի վեր Արցախը պաշարման մէջ է, ինչ որ տարածաշրջանի հաւանական վտանգները կը բազմապատկէ։ Փակուղային այս վիճակի միակ լուծումը՝ Ատրպէյճանի կողմէ փակուած Լաչինի միջանցքի վերաբացումն է, սակայն, այս ուղղութեամբ առայժմ որեւէ ազդանշան չկայ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը հնարաւորինս կը խտացնէ դիւանագիտական ջանքերը՝ մինչ միջազգային յառաջատար դերակատարներն ալ կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղիլ այս տագնապով։ Այդ հետաքրքրութիւնը, անխուսափելիօրէն, տարածաշրջան կը տեղափոխէ նաեւ Ռուսաստան-Արեւմուտք առկայ մրցակցութեան ու լարուածութեան դրսեւորումները։ ԵՄ-ի առաքելութեան մեկնարկի նախօրեակին, Մոսկուայէն վերջին օրերուն տեղեկութիւններ հաղորդուեցան, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղեալ պատրաստութիւնները կ՚ընթանան։ Բաց աստի, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ պարբերաբար կը կրկնէ, որ Արցախի ռուս խաղաղապահներուն հրամանատարութիւնը կողմերու հետ կը շարունակէ բանակցութիւնները՝ Լաչինի միջանցքի վերաբացումը ապահովելու նպատակով։
Մոսկուայէն հնչած այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ Երեւանի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւ։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչն է՝ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գծով։ Ռուս դիւանագէտի Երեւան այցելութեան եզրափակիչ փուլը բնորոշուեցաւ Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած տեսակցութիւնով։ Նոյն օրը Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Լաւրովի հետ։ Այդ նոյն օրը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ հեռաձայնի վրայ զրուցեց Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, բարձր մակարդակի այս խօսակցութիւններուն ժամանակ միշտ շօշափուեցան Լաչինի միջանցքի վերաբացման, Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ տարածաշրջանի ընդհանուր իրադրութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Խտացեալ այս քննարկումներու մթնոլորտին մէջ, իր կարգին, Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինն ալ յայտարարեց, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի ռուս խաղաղապահներու հասցէին հնչեցուած քննադատութիւնները անարդար կը համարուին։
Մոսկուայէն նախարարներու եռակողմանի հանդիպման մը կազմակերպչական աշխատանքներու վերակենդանացման վերաբերեալ յայտարարութիւնները զուգադիպեցան այն ժամանակաշրջանին, երբ արդէն Եւրոմիութեան քաղաքային առաքելութիւնը երկու տարուան պայմանաժամով մը կը պատրաստուէր հաստատուիլ Հայաստանի մէջ՝ Ատրպէյճանի սահմանին երկայնքով։ Միջազգային ներկայ իրադրութիւնը, հասկնալիօրէն կը դժուարացնէ Արցախը պաշարումէ դուրս բերելու ուղղեալ աշխատանքներէն շօշափելի արդիւնք մը քաղելը։ Արդարեւ, Մոսկուայի եւ Արեւմուտքի առկայ լարուածութիւնը եւ անոնց որեւէ համագործակցութենէ խուսափիլը շատ կը սահմանափակէ՝ Ատրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելու հնարաւորութիւնը։ Յամենայնդէպս, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ Արցախի հիմնախնդրին հետամուտ արեւմտեան դերակատարները եւս կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ պահել Հարաւային Կովկասը։ Այս իմաստով կարեւոր նշանակութիւն ունէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցը։ Բարձր մակարդակի այս շփումէն վերջ տեղեկացուեցաւ, որ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ անհրաժեշտ կը համարեն Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի անյապաղ վերականգնումը։ Պլինքըն եւ Քոլոննա զրոյցի ընթացքին անդրադարձան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ իրադրութեան եւ հակամարտութեան լուծման ուղղեալ ջանքերուն։ «Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման հետեւանքով ի յայտ եկած մարդասիրական լրջագոյն հետեւանքները անընդունելի են։ Ֆրանսա եւ ԱՄՆ, վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի հետ շփումներու միջոցաւ, կը համատեղեն իրենց ջանքերը՝ վերջ տալու համար այս իրադրութեան», հաղորդուեցաւ այս հեռախօսազրոյցէն վերջ։
Պլինքըն-Քոլոննա քննարկման զուգահեռ՝ Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյցներ ունեցած էր ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյի հետ։ Այսինքն, որքան որ ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափը գործնականօրէն դադրած ըլլայ գոյութիւն ունենալէ՝ Արարատ Միրզոյեան նոյն օրը հեռաձայնով զրուցած էր թէ՛ Ռուսաստանի, թէ՛ ԱՄՆ-ի եւ թէ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս նոյն համայնապատկերին վրայ հնչած էին նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբերներէն Վետանթ Փաթելի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատումը կը շարունակէ անփոփոխ առաջնահերթութիւն մնալ Ուաշինկթընի տեսակէտէ։ Ան այս ուղղութեամբ ապացոյց համարած էր Էնթընի Պլինքընի ուղիղ շփումները Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարութիւններուն հետ։ Բանբերը շեշտած էր, որ ԱՄՆ կը շարունակէ բոլոր տարբերակներով ներգրաւուիլ այս առաջնահերթութեան։ Ամերիկեան կողմը կը ջանայ խաղաղութիւնը յառաջ մղել թէ՛ երկկողմանի ձեւաչափով եւ թէ ԵՄ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի դրութիւններուն միջոցաւ։
Ի շարունակութիւն այս խտացեալ շփումներուն, Էնթընի Պլինքըն վերջին օրերուն, Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութեան սկսելէն անմիջապէս առաջ, Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի շրջանակէն ներս միջնորդեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշիւնեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին հանդիպման կազմակերպման համար։
ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի կողմէ ջանքերու համադրման վերաբերեալ կատարուած յայտարարութենէն եւ ԵՄ-ի առաքելութեան սկիզբէն առաջ, հայկական կողմը արեւմտեան ուղղութեան վրայ բազմակողմանի աշխատանք տարած էր։ Արարատ Միրզոյեան Պերլինի մէջ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ահազանգ հնչեցուցած էր, որ ամբողջ աշխարհի հայեացքներուն ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղ կանգնած է մարդասիրական աղէտի դէմ յանդիման։ Ան անդրադարձած էր նաեւ ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի մէջ երկամեայ մշտադիտարկման առաքելութիւն տեղակայելու որոշման։ «Համոզուած ենք, թէ այս առաքելութիւնը էական դերակատարութիւն կ՚ունենայ մարդկային անվտանգութեան եւ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ առկայ իրավիճակը փութով ու հաւաստի ձեւով ԵՄ-ի անդամ երկիրներու մեր գործընկերներուն ներկայացնելու ուղղութեամբ», ըսած էր Միրզոյեան։
Իր կարգին, Պերպոքն ալ յայտնած էր հետեւեալը. «Կարեւոր է, որպէսզի Լաչինի միջանցքի շրջափակումը աւարտի եւ կը կարծենք, թէ այստեղ Ատրպէյճանն ու Ռուսաստանը պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները»։ Պերլինի մէջ Միրզոյեան տեսակցած էր նաեւ Գերմանիոյ վարչապետի արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով խորհրդական Եէնս Փլիւթների եւ շարք մը խորհրդարանականներու հետ։
Միրզոյեանի Պերլին այցելութեան հետ գրեթէ նոյնաժամանակ Երեւանի մէջ էր Խրուաթիոյ արտաքին գործոց նախարար Կորտան Կրլիչ Ռատման։ Այս վերջնոյն հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արարատ Միրզոյեան հանդէս եկած էր հերթական զգուշացմամբ. «Հակառակ Հայաստանի բոլոր ջանքերուն՝ տարածաշրջանէն ներս իրավիճակը կը մնայ փխրուն եւ լարուած, զգալի է նոր մագլցման հաւանականութիւնը»։ Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ ԵՄ-Հայաստան համատեղ ծրագրի մը բացման հանդիսութեան ընթացքին ալ նախարարը կրկնած էր, որ Պաքուի կողմէ նոր մագլցման մը հրահրման հաւանականութիւնը կը մնայ մեծ։
Մօտաւոր անցեալին՝ մանաւանդ Պերլինի մէջ կատարուած յայտարարութիւնները այժմու փուլին տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներ-կայացնէին։ Արդարեւ, ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ ներգրաւուած են նաեւ Գերմանիայէն ոստիկաններ։ Գերմանիան այն երկիրն է, որ առաքելութեան կազմին մէջ ներգրաւուած է առաւելագոյն թիւով անձնակազմով՝ 15 ոստիկանով։ ԵՄ-ի առաքելութիւնը կը գլխաւորէ Գերմանիոյ ոստիկանութենէն սպայ մը։ Երկամեայ առաքելութեան նպատակն է հրադադարի դրութեան դիտարկումը, Հայաստան-Ատրպէյճան վստահութեան ամրապնդման աջակցիլը։ Առաքելութիւնը հետամուտ կ՚ըլլայ նաեւ սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն տեսակէտէ ռիսքերու նուազեցման։
ԵՄ-ի առաքելութեան մեկնարկով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Լաչինի միջանցքի վերաբացման ուղղեալ սպասումները կը մեկնաբանուին նաեւ Արարատ Միրզոյեանի կողմէ վերջին օրերուն տեղեկացուած այլ կարեւոր լուրի մը համայնապատկերին վրայ։ Այսպէս, վերջերս Հայաստան Ատրպէյճանէն ստացած է՝ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ արձագանգներն ու նոր առաջարկները։ «Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու բանակցութիւնները շարունակական գործընթաց են։ Հայաստան հաստատակամօրէն ներգրաւուած է այդ բանակցութիւններուն։ Մենք նպատակ ունինք շարունակել մեր աշխոյժ ջանքերը մեր տարածաշրջանէն ներս կայուն ու երկարատեւ խաղաղութիւն կառուցելու համար», ըսաւ Միրզոյեան։
Միեւնոյն ժամանակ, ան յիշեցուց, որ Մոսկուայի մէջ անցեալ տարեվերջին նախարարաց եռակողմանի հանդիպումը ջնջուած էր, երբ Լաչինի միջանցքը փակուած էր։ Հակառակ այս բոլորին՝ հայկական կողմը Ատրպէյճանին փոխանցած է իր նոր առաջարկները խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ։ Հիմա անոնց արձագանգը եկած է Ատրպէյճանէն։ Ըստ Միրզոյեանի, սա շարունակական գործընթաց մըն է, թեքստերու վրայ աշխատանքը կը շարունակուի։ Լաչինի միջանցքը թէեւ փակ է ու մնացեալ բոլոր մարտահրաւէրները կը մնան առկայ, սակայն բանակցային գործընթացը կանգ չէ առած։ Ատրպէյճանի ընթացքը չի նպաստեր այդ բանակցութիւններու աւելի յաջող ու հարթ ընթացքին։
Միրզոյեանի յայտարարութիւնները եկած էին համալրել նաեւ Փաշինեանի վերջին օրերու խօսքերը։ Վարչապետին վստահեցումով՝ Հայաստան տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութիւններու բացումով ամենէն աւելի շահագրգռուած երկիրն է։ Ուրիշ որեւէ երկիր այդ ճանապարհներուն կարիքը Հայաստանէն աւելի չունի։ Ըստ Փաշինեանի, քանի Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը հասկնան, որ Հայաստան բոլորէն աւելի այդ ճանապարհներուն կարիքը ունի՝ ուրեմն զանոնք բանալու գինը կը բարձրացնեն։ Արդարեւ, անոնք այլընտրանքներ ունին իրենց բոլոր ճանապարհներուն համար։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան եւս վերահաստատած էր խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վերաբերեալ հայկական կողմի հերթական առաջարկներու Ատրպէյճանին ներկայացուած ըլլալը։ Ան աւելցուցած էր, որ նոյն փաստաթուղթը ուղարկուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն։ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայոց դէմ ցեղասպանութեան սպառնալիքի ահազանգը ամբողջ աշխարհի մէջ պէտք է աւելի ու աւելի ահագնանայ», նշած էր վարչապետը։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ խօսած էր խաղաղութեան պայմանագրի քննարկումներուն շուրջ հայկական կողմի մօտեցումներուն մասին։ Ըստ իրեն, միջազգային տեսանելի դրութիւն մը պէտք է ստեղծուի, որպէսզի Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ քննարկումներ տեղի ունենան՝ անվտանգութեան եւ իրաւունքներու շուրջ։ Ըստ Գրիգորեանի, հայկական կողմի պատրաստած փաստաթուղթերուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մասին կան յիշատակումներ, բայց այդ փաստաթուղթերը վերջնական չեն, բանակցութիւններ կ՚ընթանան։ Գրիգորեան պատասխանեց նաեւ Արեւմուտքի կողմէ Երեւանի վրայ բանեցուած ճնշումներու վերաբերեալ պնդումներուն։ Իր խօսքով՝ այժմու անվտանգութեան երաշխիքները չեն գործեր եւ Հայաստան ԵՄ-ի քաղաքացիական առաքելութիւնը հրաւիրած է՝ անվտանգութեան որոշ երաշխիքներ ստեղծելու նպատակով։ Ան յայտնեց, որ Երեւան չի կրնար Մոսկուայի փոխարէն պատասխանել անոր մտահոգութիւններուն։ Ուստի, արեւմտեան կողմն ալ որեւէ բան չէ պարտադրած հայկական կողմին։ Այդ առաքելութեան տեղակայումը հայկական կողմի որոշումը եղած էր։
Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ Միւնիխի վերջին հանդիպումէն վերջ մամուլին յայտարարած էր հետեւեալը. «Երեք օր առաջ մենք մեր առաջարկներուն վերաբերեալ Հայաստանէն նոր պատասխաններ ստացանք։ Մենք անոնք վերջնական տեսքի կը բերենք։ Առաջին հայեացքով՝ Հայաստանի դիրքորոշման մէջ յառաջընթաց կայ, բայց սա բաւարար չէ»։ Հարցումի մը պատասխանելով ան հերթական անգամ պնդած էր, որ Լաչինի միջանցքի շրջափակման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։ Բաց աստի, Ալիեւ նշած էր, որ Պաքու պատրաստ է քննարկել Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը։ Ան այս ուղղութեամբ նախապայման կը համարէ, որ բանակցողը չըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, որ Մոսկուայի դրածոն է։
Այժմ այս բարդ հաւասարակշռութիւններու պայմաններուն ներքեւ, արեւմտեան դերակատարները կը ջանան ներազդել Հարաւային Կովկասի ընդհանուր իրադրութեան վրայ։ ԵՄ-ի երկարաժամկէտ նոր առաքելութեան ընդառաջ, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար եւս հանդէս եկած էր յայտարարութիւններով։ Ան համոզուած է, թէ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հանդիպումները տեղի կրնան ունենալ Թիֆլիզի մէջ, որ աշխարհագրականօրէն շատ յարմար վայր մըն է։ Քլաար տրամաբանական համարած էր, որ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրները փորձեն համագործակցութեան եզրեր գտնել։ Վրաստան կրնայ կամրջող դերակատարութիւն մը ունենալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Ան Թիֆլիզի ղեկավարութեան հետ քննարկած էր Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու մէջ հաւանական միջնորդի դերը։
Յամենայնդէպս, Մոսկուա խիստ վերապահութիւն ունի Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութեան տեղակայումէն։ Պաքուի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Պոչարինքով այս կապակցութեամբ բոլորովին վերջերս ըսած էր. «Պէտք չէ խաբուինք քաղաքացիական առաքելութեան եզրոյթէն։ Արդէն կը խօսուի, որ Ֆրանսայէն ոստիկան զօրքեր պիտի ընդգրկուին Եւրոմիութեան առաքելութեան կազմին մէջ»։ Բաց աստի, ռուս դեսպանը բորբոքեց նաեւ հայկական կողմին տեսակէտէ գերզգայուն ուրիշ հարց մը։ Ըստ իրեն, այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի ծրագիրը, որով Ատրպէյճան կը փափաքի Հայաստանի տարածքով անխափան կապ ունենալ Նախիջեւանի հետ, ունի իրագործման բոլոր հիմքերը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ արձագանգած էր Թոյվօ Քլաարի վերոյիշեալ առաջարկին։ «Իւրաքանչիւր պետութիւն իրաւունք ունի մասնակցութիւն ունենալու միջազգային այն ձեւաչափերուն, որոնք կը համապատասխանեն իր շահերուն, որոնք ուղղուած չեն երրորդ երկիրներու դէմ եւ որոնք հաշուի կ՚առնեն ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Եթէ Պաքու-Երեւան-Թիֆլիզ եռակողմանի հարթակը նպաստէ Հարաւային Կովկասէ ներս հակասութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման, ապա մենք միայն կրնանք ողջունել. բան մը, որու մասին բազմիցս խօսած ենք եւ այդ մասին գիտեն նաեւ մեր գործընկերները։ Իսկ եթէ այս նախաձեռնութեան ետին կը գտնուին Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի ուրուագծերը, ապա սա բոլորովին այլ պատմութիւն մըն է։ Անոնք կը ձգտին խափանել Ռուսաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի համաձայնութիւններու իրականացումը», ըսած էր բանբերը։ Արդարեւ, Զախարովա համոզուած է, թէ այդ համաձայնութիւնները հիմք կը հանդիսանան Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման։
ԵՄ-ի առաքելութեան Հայաստանի մէջ տեղակայման ընդառաջ Մարիա Զախարովա պնդած էր, որ արեւմտեան երկիրները խաթարած են Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աշխատանքը վիժեցնելով։ «Հաշուի առնելով այս հանգամանքը՝ մենք կեդրոնացած ենք եռակողմանի ձեւաչափերու շրջանակէն ներս Երեւանին եւ Պաքուին օգնութիւն տրամադրելու վրայ՝ հիմնուելով ամենաբարձր մակարդակով համապատասխան փաստաթուղթերուն վրայ. բան մը, որու մասին բազմիցս խօսած ենք։ Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման հարցին մէջ ԱՄՆ-ի միջնորդութեան, ապա Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չի նկատեր, որ ան յագեցած է իրական քայլերով եւ որեւէ յաւելեալ արժէք կ՚ապահովէ», նշած էր բանբերը՝ շեշտելով, որ ռուսական կողմը հաստատակամ է իր պատրաստակամութեան մէջ՝ Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։
ԻՐԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Թեհրանն ալ կը շարունակէ ուշի ուշով հետեւիլ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Զոհուրի վերջին օրերուն յայտնեց, որ իր երկիրը դէմ չէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման։ «Այլ երկիրներ կրնան իրենց նպաստը բերել տարածաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովման առումով։ Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանի երկիրներու մասնակցութեամբ խնդիրներու լուծման, ապա սա կրնայ ապահովել անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը, որ հիմնուած կ՚ըլլայ երկխօսութեան եւ քննարկումներու վրայ։ Հայաստանի եւ Իրանի հիմնական շահերու համընկնումը նոր իրավիճակ մը ստեղծած է մեր յարաբերութիւններուն մէջ։ Իրանն ու Հայաստանը թոյլ չեն տար միջանցքի ստեղծման», ըսաւ Զոհուրի։