ԻՄ ԿԱՐՕՏԸ ՈՒՆԻ ԱՆՈՒՆ

Դուք երբեւէ վախցա՞ծ էք կարօտէն:

Դուք երբեւէ կարօտցա՞ծ էք մէկը:

Ես՝ այո: Իմ բովանդակ կեանքին մէջ առաջին անգամ սարսափեցայ կարօտէն: Իմ կարօտը այնքան ուժգին էր, որ քօղարկուեցաւ վախով: Կը վախնայի: Կը վախնայի նոյնիսկ մտածել քու մասին: Պարզապէս անհամբեր կը սպասէի մեր միացումին: Առաջին անգամ ես չհաշուեցի կարօտի օրերը՝ քանի օր մնաց: Լուռ կը կարօտնայի: Ամէն անգամ, երբ տեսակապով կը խօսէինք, իմ սիրտը կը պայթէր. կ՚ուզէր ճեղքել պաստառը եւ հասնիլ քեզի:

Կը նշանակէ՝ կարօտն ալ գիտէ վախցնել: Եւ այնքան ուժեղ, որ կարծես սիրտդ տեղէն կ՚ելլէ ու շունչդ կը կտրէ: Այնքան ուժեղ, որ կը վախնաս նոյնիսկ խոկալէ, երազելէ:

Այդքան կարօտցայ քեզ, ձեզ:

Իմ կարօտի անունն է երեսունութ երկար ու ձիգ օրեր...

Որքան ժամանակը կը սուղնար, այնքան արտայայտիչ կը դառնար իմ կարօտը: Վերջին օրերու իմ վախուորած կարօտը խօսուն էր: Անցեալ շաբաթ վերջին շաբաթն էր: Այլեւս մնացին համրուած ժամեր՝ կը վերադառնաք: Վախը յաղթեց կարօտին ու տիրացաւ իմ ուղեղին: Կը վախնայի նոյնիսկ երազել ամիս մը անց մեր հանդիպումի մասին: Կը վախնայի քեզ իմ մտքի մէջ գծել, երեւակայել: Այդքան շատ կարօտցայ քեզ իմ փոքրիկ:

Իմ կարօտի անունն է Զաւէն:

Այլեւս օդանաւին մէջն էք: Իսկ ես տակաւին կը վախնամ քու մասին խոկալ: Իմ մտքին միայն աղօթք կու գայ. «Տէր իմ Աստուած, կ՚աղաչեմ, արժանի դարձուր զիս՝ անարժանս, իմ զաւակի բոյրը զգալու, ան իմ գրկի մէջ ամուր սեղմելու, անհաշիւ համբուրելու»: Թռիչքը կէսգիշերին էր: Քունը փախաւ իմ աչքերէն: Անհամբեր կը սպասէի ձեզի, սակայն կը վախնայի խորհիլ ձեր մասին: Կէսգիշերն անց չորսին տունը պիտի ըլլայիք: Ժամը չորսն անցաւ, դուք չկաք: Տասնեակ անգամ հեռաձայնեցի, սակայն անհասանելի էիք: Ներքուստ զգացի հանգստութիւն, սակայն անհանգիստ էի մինչեւ հեռաձայնեցի օդանաւակայան.

-Բարեւ ձեզ: Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքը վայրէջք կատարա՞ծ է:

-Բարեւ ձեզ: Այո՛: Օդանաւը ժամանեց ժամը երեք անց քսանչորս վայրկեանին:

Փառքդ շատ Տէր Աստուած: Այստեղ կրցայ խորունկ շունչ մը քաշել: Կարծես թոքերս խցանումէ մը բացուած ըլլային: Երջանիկ եւ գոհունակ կը ժպտայի: Այլեւս մեր հողին վրայ են: Իսկ հողը ուժ կու տայ, կը սփոփէ, կ՚անէացնէ ամէն տեսակ վախերը. «Մի՛ վախնար մայրի՛կ, շուտով զաւակդ պիտի հասցնեմ քեզի», իմ սրտի ականջին շշնջաց հողն իմ հայրենի:

Բաղձալի ժամը եկաւ: Ահաւասիկ տունն էք: Դուն իմ գրկի մէջ, իմ սրտին շատ մօտ: Ահաւասիկ երջանկութեան համն ալ ճաշակեցինք: Այս մէկը ուրիշ էր: Որդիական էր: Ասոր համը տարբեր է՝ չկրկնուող: Դուն ալ մեզ, զիս շատ կարօտցած էիր: Աչքերդ կը փայլէին իմ փոքրիկ: Տուն մտնելուն պէս վազեցիր ննջասենեակ. Դանիէլը կը քնանար: Շտապեցիր արթնցնել: Կարօտը փոխադարձ էր: Դանիէլը արթնցաւ: Քեզ տեսնելուն պէս ի սրտէ խնդաց, աշխուժացաւ եւ միասին խաղալու սկսաք: Իսկ ես քովէն կը վայելէի ձեզ:

Մայր ու երեխայ յարաբերութիւնը այս ի՜նչ հուժկու, գերբնական կապ ու յարաբերութիւն մըն է: Կարծես Աստուած սիրոյ ամենամեծ չափաբաժինը զետեղած ըլլայ ծնողներու սրտին մէջ: Իսկ Արին ինչքա՜ն կարօտցած էր Դանիէլը: Ամուր փարեց իր կուրծքին, երկար պահեց:

Կարօտով արբեցած չորսով մտանք անկողին: Մտանք անկողին՝ անտեսելով ամէն տեսակ անյարմարութիւնները։

-Մա՛մ, մէկ հատ չէ, երկու հատ աղօթէ, որպէսզի քնանանք:

Սիրով կատարեցի իմ մանուկի ցանկութիւնը:

Սէր ու խաղաղութիւն բոլոր ընտանիքներուն: Թող որ բոլոր բաժանումները մերինին նման ըլլան ժամանակաւոր:

Իմ կարօտը վերածուեցաւ երջանկութեան:

Իմ կարօտի անունն է՝ երջանկութիւն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2023