ԿԱՄՈՒՐՋ… -Բ-
Կեանքը կապուիլ է: Ամէն ինչ գոյութիւն ունի միանալով։ Կապը գոյութիւն ունի ինչպէս հոգեկան, այնպէս ալ նիւթական աշխարհէ ներս: Թէեւ նիւթի հիմքերը փոխկապակցուած են, մարդիկ, որոնք հասարակութեան կառուցման տարրերն են, նոյնպէս փոխկապակցուած են: Մինչ մարդ ըլլալը կախեալ է այլ մարդոցմէ, մարմինը կազմող նոյնիսկ ամենափոքր մէկ բջիջը նշանակութիւն կը ստանայ այլ բջիջներու հետ: Որեւէ նիւթի իմաստը կ՚որոշուի այլ նիւթերու հետ: Իրերու վիճակը կը բնութագրուի անոր ինչ բանի կապուած ըլլալով։ Թէեւ կապը գոյութեան հիմքն է, իմաստն ալ զերծ չէ անկէ: Կեանքի մէջ ամէն ինչ յղում է այլ բաներու:
Մարդու տարօրինակ առանձնութիւնը կեանքի հետ մեր կապերու խզման ախտանիշն է։ Կը կարծենք, թէ տիեզերքի մէջ առանձին ենք։ Կը կարծենք, որ միայն մենք արժանի ենք բնութեան ծոցին։ «Իւրայատուկ» ենք ո՛չ թէ առանձնութեան պատճառով, այլ կ՚անտեսենք ուրիշները: Տիեզերքի մէջ միայն մեր գոյութեան մասին խորհիլը դարձած է ժամանակակից մարդու համոզումներէն մին։
Մենք կ՚ապրինք իբր թէ տէր մեր մոլորակին, որ փոշիի կտոր մըն է ամբողջ տիեզերքին մէջ: Այնուամենայնիւ, նոյնիսկ այս մոլորակի վրայ մենք ընդամէնը փոշիի մասնիկ մըն ենք: Մենք կը փնտռենք խելացի արարածներ տիեզերքի մէջ: Այն, ինչ որ մենք կը փնտռենք, մեր մէջի եսասէր մարդն է: Մենք խելք չենք փնտռեր, այլ կը փնտռենք մէկ բան, որ կը կարծենք, թէ կը հասկնանք։ Մենք չենք կրնար ըմբռնել այն իրողութիւնը, թէ չենք կրնար կատարելապէս բացայայտել կեանքը։
Ոեւէ մէկու մասին չմտածող եսասէր անհատը ինքնզինք կ՚առաջնորդէ դէպի անդունդ։ Մտածենք այլ անհատներու գոյութիւնը չյարգող մէկը։ Մենք չենք վարանիր այդ մարդը վատ որակելէ։ Մարդու մարմինը կը շնչէ՝ ծառերու արտադրած թթուածինէն։ Անոր կեանքին սկիզբ կու տան անոր ծնողները։ «Ես» ըսող մարդկութիւնը չի կրնար տեսնել պատկերի ամբողջութիւնը: Երբ ան խզէ իր կապերը, ո՛չ ողջ կը մնայ, ո՛չ ալ կը հեռանայ կեանքէն։
Երբ ծառը խնձոր կու տայ, այդ մէկը կը դառնայ խնձորենի, երբ միջատ մը մեղր կը պատրաստէ, ան կը դառնայ մեղու: Կենդանի էակը կ՚իմաստաւորուի՝ աշխարհին ներկայացուցածներով։ Մենք կ՚անուանենք տեղ, առարկայ կամ նոյնիսկ անձ մը այն հանգամանքով, թէ ի՛նչ կը ստանանք անոնցմէ։ Ամէն ինչ արտադրանքով իմաստ կը ստանայ։ Արդարեւ, ի՞նչ կու տայ մարդը բնութեան: Եսակեդրոն մարդը կը փակէ իր աչքերը, կը խզէ իր կապը կեանքի հետ։ Կեանքի կապերը քանդելով՝ մարդ իրականութեան մէջ կ՚ոչնչացնէ ինքզինք։
Ջուրի կաթիլները սարեր կը շարժեն։ Քամին կը դառնայ փոթորիկ։ Ձեր արհամարհած երկիր մոլորակը ձեր ամբարտաւանութիւնն ու լեռները կը կրէ միասին: Մարդը չի գիտակցիր, որ անզօր է բնութեան ուժերուն դէմ եւ հետաքրքրական է, որ ան ամենէն շատ կը վախնայ ինքնիրմէ։ Եւ մինչ ան ամէն ինչ կը քանդէ, կարծես անտեղեակ է, թէ ինքզինք կը քանդէ։ Ան ոչինչ կը հասկնայ՝ յատկապէս ինքն իր մասին։
Քանի որ մարդիկ չեն ճանչնար իրենք զիրենք, չեն կրնար իմաստաւորել իրենց շրջապատը: Կեանքի հետ մեր կապերը կը բխին նախ մենք մեզ ճանչնալով: Ինքզինքին անծանօթ մարդը կը փորձէ ճանչնալ տիեզերքը, բայց եւ այնպէս, երբ չի կրնար կապուիլ ինքն իր հետ, ի հարկէ, չի կրնար կամրջուիլ ուրիշներու հետ։ Մարդիկ, որոնք հոգ չեն տանիր իրենց մասին, կը փորձեն ուղղել այլ բաներ։ Հասկնալի է, որ կեանքի հետ մեր կապը խզելէ առաջ մենք մեզ կ՚անտեսենք ու կը շարունակենք մեր սխալը։
Խնդիրը սովորաբար մեր մէջն է։ Ինչպէս մարդկութեան խնդիրները կը բխին պատասխանատուութեան բացակայութենէն, այնպէս ալ անհատի խնդիրները՝ ինքն իր հետ հաստատած կապերը չհասկնալէն։ Ամէն ինչ հնարաւոր է ընդունիլ, եթէ կեանքի հետ կապ հաստատենք՝ սկսեալ մենք մեզ ճանչնալէ։ Ոչ մէկ դժուարութիւն կը վախցնէ այն աձնը, որ կապ հաստատած է ինքն իր հետ: Կեանքի մեր հայեացքը կը կազմէ մենք մեզի եւ արտաքին աշխարհին հետ ունեցած կապերով եւ այն մարդը, որ ինքնըստինքեան խնդիրներ կը լուծէ, մեծ չափով լուծած է նաեւ կեանքին առեղծուածը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շարունակելի…
Ընկերամշակութային
- 05/14/2025