ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կը ծագի հպարտութենէն:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի» (Առ 13.10):

Յաճախ անդրադարձ կը կատարուի Առակաց գիրքին մէջ հպարտութեան մասին, եւ այս համարն ալ այդ անդրադրաձներէն մէկն է: Ըսուած է, թէ հպարտութիւնը չարիքներուն մայրն է:

Տարբեր տեսակի հպարտութիւններ կան: Օրինակի համար, Ղուկասի Աւետարանին 8-րդ գլուխին 9-14 համարներուն մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի պատմած առակը՝ փարիսեցիին ու մաքսաւորին մասին: Այդ առակին մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս փարիսեցին կը հպարտանայ իր ունեցուածքով, իր հարստութեամբ, իր օրինապաշտութեամբ, այլ կերպով ըսած՝ իր «հաւատացեալ» ըլլալով, իր աւանդապաշտութեամբ, նախնիներուն օրէնքները պահպանութեամբ, ողորմած ըլլալով, եւ այլն, եւ այլն, ու այս բոլորէն ետք անարգանքով կ՚արտայայտուի իրմէ մի քանի քայլ անդին կանգնած մաքսաւորի մը նկատմամբ, որ գիտակցելով իր մեղաւոր վիճակին, չէր համարձակեր իր աչքերն իսկ երկինք բարձրացնել… Փարիսեցիին ըրածը հպարտութեան գերագոյն օրինակներէն մէկն է, ինքզինք բարձր համարել քան ուրիշները, պարծենալ իր ըրածներով ու չըրածներով, մեծամտիլ ուրիշներուն նկատմամբ: Մեր Տէրը սակայն ազդու եզրակացութիւն մը կու տայ այս տեսակի հպարտներուն՝ երբ կ՚ըսէ. «Մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 18.14):

Այլ տեսակի հպարտութիւն է իր ուսումուվ, իր ունեցած գիտելիքներով պարծենալը, որ մեր օրերուն դժբախտաբար շատ տարածուած է: Մարդիկ իրենց ջանքերով կամ իրենց վճարած գումարներով վկայականներու կը տիրանան, եւ այդ վկայականները կը դառնան իր մեծամտանալու առարկան: Բան չիմանալով իսկ, այդ վկայականները դրօշակ կը դարձնեն իրենց տգիտութիւնը յայտարարելու եւ իրենց չիմացածով պարծենալու:

Հպարտութեան ուրիշ տեսակ մըն է կրած ոսկեղէն, արծաթեղէն եւ այլ տիպի զարդեղէններով ու իրենց հագուստներով ուրախանալն ու գոռոզանալը: Այս խումբին պատկանող մարդիկ այնքա՜ն կը հպարտանան իրենց ունեցած ու կրած զարդեղէններով, որ այն տպաւորութիւնը կը կազմուի, թէ իրենց այդ ունեցած ու կրած զարդեղէնները այդ մարդոց համար շա՜տ աւելի արժէքաւոր են, քան նոյնինքն իրենց անձը, իրենց հոգին, իրե՛նք իսկ: Այս խումբին պատկանող մարդիկը երեւի չեն կարդացած հետեւեալը. «Կամ, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար: Օրինակ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն: Հաւատացէ՛ք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ» (Մտ 6.28-29): Հետեւաբար, մարդ պէտք է իր նախըտնրութիւններուն մէջ յստակ առաջնահերթութիւններ ունենայ, որովհետեւ մարդը չէ՛ ստեղծուած աշխարհիկ այս տեսակի մտահոգութիւններով ապրելու, այլ՝ ստեղծուած է, որպէսզի ժառանագէ յաւիտենական երջանկութիւնն ու յաւիտենական հարստութիւնը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ալ որդը կրնան մտնել ու փճացնել զայն: Վերը մէջբերուած համարին շարունակութեան մէջ Տէր Յիսուս այսպէս կ՚ըսէ, մատնանշելով թէ մարդուն առաջնահերթութիւնը ի՛նչ պէտք է ըլլայ. «Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր: Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. "Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հանգնինք": Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են: Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն, թէ այդ բոլորին պէտք ունիք: Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք Իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի:

Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին: Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք: Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է» (Մտ 6.30-34):

Հպարտութեան մերօրեայ ժամանակներուն այլ տեսակ մըն է ունեցած ինքնաշարժներով, հեռախօսներով ու համակարգիչներով հպարտանալը…: Սին ու փուճ մեծամտութիւն: Այս բոլորը ստեղծուած են մարդուն ծառայելու համար, մարդուն կեանքը դիւրացնելու համար: Մարդ արարածը փոխանակ այս բոլորը իր բարիքին ու բարօրութեան համար ծառայեցնելու, ինք դարձած է այդ իրերուն ծառան, այլ խօսքով այդ իրերը իրեն համար կուռքի վերածած է: Պահ մը մտածեցէք սակայն, ձեր այդ հեռախօսները որոնցմով կը հպարտանաք, քանի՞ ամիս կամ առաւելագոյնը քանի՞ տարի կը գործածէք, նոյն հարցումը տուէք ինքնաշարժներու ու համակարգիչներու պարագային… չէ՞ որ ատոնք տարբեր նիւթերէ ստեղծուած իրեր են, որ այսօր կան, վաղը սակայն ենթակայ են փճացումի, մինչ մեր հոգին անմահ է, յաւիտենական է, հետեւաբար ժամանակաւոր բաներով հպարտանալն ու մեծամտիլը յիմարութեան ու տգիտութեան արդիւնք է, ուրիշ ոչինչ: Մենք մեզ պէտք չէ գերին դարձնենք որեւէ նիւթական իրի, ընդհակառակը բոլոր իրերը ծառայեցնենք մեր կեանքին ընթացքը թեթեւցնելու՝ ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան:

Այժմ մեր ընթերցողներուն ներկայցնենք փունջ մը մտածումներ հպարտութեան մասին, գրուած Սուրբ Եկեղեցւոյ վարդապետներուն եւ հայրապետներուն կողմէ.

Սուրբ Անտոն Անապատականը կը գրէ.

- Իր երկնային դիրքէն՝ հպարտութեան պատճառով վար ինկած սատանան, անդադար կը ջանայ ողջ սիրտով Տիրոջ մօտենալ ցանկացողներուն դէպի կործանում տանիլ այն նոյն ճամբայով, որով ինք ինկաւ, այսինքն՝ հպարտութեամբ եւ ունայն փառքի սիրով։ Դեւերը մեզի ճիշդ ատով է որ կը յաղթեն, ճիշդ ատով եւ ատոր նման ուրիշ բաներով կը մտածեն մեզ Աստուծմէ հեռացնել։ Տակաւին, գիտնալով որ իր եղբայրը սիրողը կը սիրէ նաեւ զԱստուած, անոնք մեր սիրտերուն մէջ այնքան ատելութիւն կը դնեն իրարու նկատմամբ, որ ոմանք իրենց եղբայրը չեն կրնար տեսնել կամ անոր հետ մէկ բառ իսկ չեն կրնար փոխանակել: 

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.

- Հպարտութիւնը, նկատի ունիմ ինքզինք տեսնելը, աւելի զօրաւոր է քան անմարմին զօրութիւնները, այսինքն՝ սատանան, մինչ խոնարհ հոգին եւ մարդուն գիտակցումը իր գործած մեղքերուն, այնպէս ըրին, որ աւազակը առաքեալներէն առաջ դրախտ հասնի:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.

- Հպարտութիւնն ու նախանձն էր, որ սատանային մղեցին աստուածանալու ցանկութեան, ու հիմա ալ կը ջանայ բոլոր մարդոց կողմէ երկրպագուիլ:

Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը կը գրէ.

- Ով որ աշխարհային հարստութեամբ, իշխանութեամբ, շնորհով մը կամ առաքինութեամբ մը փքուելով կը հպարտանայ՝ կարծես ամպերուն վրայ որոտալով, այդպիսիին վրէժխնդիրն ու թշնամին Աստուած է՝ անոր պարտութեան մատնելու եւ անդունդները նետելու համար։ Որովհետեւ, մեր բնութեան համար ամբարտաւանութենէն աւելի չար եւ վնասակար բան չկայ։ Ինչ մեղք եւ մեծագոյն չարիք ալ ներկայացնես, ամբարտաւանի դատաստանին հաւասար դատաստան չունի, քանի որ միւս բոլոր մեղքերը, մօտենալով մարդուն, անոր միայն մեղաւոր կը դարձնեն, իսկ ամբարտաւանութիւնը՝ մարդուն ամբողջովին սատանայ կը դարձնէ:

Պօղոս Ատրիանապոլսեցի Պատրիարքը կը գրէ.

- Հպարտութենէն աւելի մեծ մեղք չկայ, որովհետեւ իր հետ շղթայուած ունի բոլոր մեծամեծ մոլութիւնները։ Որովհետեւ, հպարտը չ՚ուզեր, որ ուրիշ մէկը իրմէ աւելի բարձր ըլլայ, այդ պատճառով նախանձոտ կ՚ըլլայ եւ ուրիշներուն յաջողութիւնները չտանելով՝ բարկութեամբ կը վարուի, չկարողանալով անոնց յաջողութիւններուն արգելք ըլլալ՝ կը յուսալքուի եւ ծուլութեան մէջ կ՚իյնայ։ Իսկ որովհետեւ ծոյլը այլեւս շահելու յոյս չունի, ագահ կը դառնայ։ Ագահութեամբ ձեռք բերուած դրամը, կը գրգռէ անոր ուտելու-խմելու եւ անիկա որկրամոլ կը դառնայ։ Եւ շատ կերակուրներէն ու խմելիքներէն ցանկութեան ախտը կը բորբոքի եւ ան բղջախոհ կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, հպարտութիւնն է բոլոր մոլութիւններուն մայրն ու դայեակը, անկէ կը յառաջանան մեղքերու անհաշուելի ծնունդները, որոնցմէ մէկն իսկ բաւարար է մարդը կորուստի հասցնելու։ Ուստի, պէտք է փախչիլ հպարտութենէն, քան՝ մահաբեր թոյնէն: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 31

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 28, 2023