ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ՓՈՒԼԸ ԴԵՌ ԵՐԵՒԵԼԻ ՉԷ
Խորագրիս միտք բանին կը պատկանի հմուտ վերլուծաբան Բենիամին Պօղոսեանին։ Իրաւացի է ան՝ երբ նկատել կու տայ, որ Արցախի շրջափակումը տակաւին կրնայ շարունակուիլ։ Ստեղծուած իրադրութիւնը պայմանաւորուած է կարգ մը կարեւոր դրոյթներով, որոնց հիմքին մէջ կան Պաքուի այս մարտավարութեան նպաստող մի քանի ուշագրաւ եղելութիւններ։ Անշուշտ, այդ եղելութեանց պսակը Ուքրայնայի պատերազմն է, որ դարձած է աշխարհի քաղաքական խաղացողներուն համար թիւ մէկ խնդիրը։ Ու հո՛ն է նաեւ, որ Ռուսաստան ստիպուած կ՚ըլլայ վերանայիլ իր կեցուածքները եւ նոյնպէս ծպտուն չհանել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր վիճակներուն դիմաց։ Անշուշտ, այստեղ հարկ է անկեղծ ըլլալ ու ճիշդ գնահատելով դրութիւնը բաժնել այն մտքին հետ, թէ այսօր Արցախի մէջ իրավիճակի աւելի վատթարացման երթալուն թիւ մէկ պատուարը դարձեալ Ռուսաստանն է։ Ան տարբեր միջոցներով ուտելիք եւ առաջին անհրաժեշտութեան կարիքներ կը հասցնէ Արցախ եւ այդպէս ալ կը նպաստէ, որպէսզի արցախցիք շարունակեն իրենց դիմացկուն պայքարը յառաջ տանիլ։ Այս բոլորին զուգահեռ՝ գաղտնիք չէ, անշուշտ, որ տեղի կ՚ունենան քաղաքական բաւականին բարդ գործընթացներ, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը տրուի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի վերջնական խմբագրման։ Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնց ժամանակ շահելու քաղաքականութիւնը ծանր վտանգներ կը պարունակէր իր մէջ, այսօր կերպով մը սկսած են օգուտներ քաղել այդ խաղաոճէն։ Այսինքն, ամէն ինչ ընել յետաձգելու համար որեւէ փաստաթուղթի ստորագրում՝ մինչեւ որ երեւելի ըլլան աւելի բարեյաջող պայմաններ։ Այլ խօսք, որ այդ պայմանները յառաջիկայ փուլերուն ալ կրնան երեւելի չդառնալ, բայց եւ այնպէս, աւելի քան յստակ է, որ Հայաստանի իշխանութիւններու մտքին մէջ արմատապէս տեղաւորուած է, թէ Արցախը արդէն ռուսական տարածք է։ Հետեւաբար, այնտեղ Մոսկուան շատ զիջելու տեղ չունի։ Միւս կողմէ, քննարկումի կը դրուի, հարկաւ, Հայաստան ժամանած Եւրոմիութեան դիտորդներուն խնդիրը, որմէ ամենաշատը զայրացած են ռուսերը։ Հայաստանի ընդդիմութիւնը, որ, իր կարգին, կը փորձէ ռուսական ջուրերով տեղ մը հասնիլ, դարձեալ շահարկումի առիթ դարձուցած է եւրոպացի դիտորդներուն հարցը՝ պահ մը մոռնալով, որ նոյն այդ դիտորդները եթէ նոյնիսկ գործնական քայլեր չեն կրնար ընել, ապա կերպով մը կրնան երկարաձգել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի ամբողջ երկայնքի այսօրուան անվտանգութեան պահպանումը։ Այս բոլորը դիտարկելէ ետք, անշուշտ, գոյութիւն ունի մեծ պայքար, որ կը մղուի մէկ կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, իսկ միւս կողմէ Ռուսաստանի միջեւ։ Այս երկու խաղացողներէն իւրաքանչիւրը կը շտապէ իր ուրոյն ծրագիրը դնելու սեղանին վրայ ու ստիպելու, որ Ալիեւ եւ Փաշինեան իրարու ձեռք թօթուեն ու ստորագրեն ինչ-որ փաստաթուղթ մը եւ ի վերջոյ վերջ տան երկար տարիներու ընթացքին կողմերը ծանրագոյն կորուստներու ենթարկած բարդ հակամարտութեան։ Այդ սպասուած խաղաղութեան առընթեր, սակայն, երկու կողմերը՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ունին ներհուն վախեր։ Հայաստանի պարագային այսպէս եւ, անշուշտ, Ատրպէյճանի պարագային չափազանցութեան հասած առաւելապաշտական նկտրումներ։ Ու այս երկու հակասական մօտեցումներուն դիմաց դժուար է պատկերացնել, որ մօտաւոր ապագային կողմերը վերջնական եւ ամբողջական խաղաղութեան մը հասնին։ Եւ այս արդիւնքով դարձեալ մենք կը հասնինք ժամանակ շահելու դրոյթ-մօտեցման ո՛չ միայն անոր համար, որ Հայաստան ունի բաւական թոյլ դիրքեր, այլեւ Ատրպէյճան ներկայ պահու դրութեամբ կարծես, թէ չունի խնդիրները ռազմական ճանապարհով լուծելու երեւելի կանաչ լոյս։ «Կարծես, թէ» կ՚ըսեմ, անշուշտ, հաշուի առնելով, որ Պաքու շատ անակնկալ կերպով կրնայ բոլոր խաղաքարտերը այրել (այս պարագային այրել պիտի ըլլայ հարկաւ) ու հատել բոլոր կարմիր գիծերը։ Այս վարկածը, ռազմական ճանապարհով հարցերը լուծելու ընտրանքը, կարծէք նաեւ մեծ հարուած ստացաւ Թուրքիոյ մէջ պատահած աղէտալի երկրաշարժէն ետք ու Հայաստանի հարեւան երկրին մէջ յետցնցումային բաւական բարդ վիճակներով պայմանաւորուած։
Ամէն պարագայի աւելի քան յստակ է, որ ներկայ փուլը վճռորոշ լուծումներու ժամանակը պիտի չըլլայ ու ինչպէս վերլուծաբան Պօղոսեանն ալ կը հաւատայ, յստակ է, որ այսօր յատկապէս Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը երկար ատենով շարունակուի։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Բենիամին Պօղոսեանի դիտարկումները։
*
-Աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր Արցախը Հայաստանին միացնող Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ մնալ փակ։ Ինչպիսի՞ ելք մը կը նախատեսէք այս կացութեան համար։
-Ատրպէյճան յստակ յայտարարած է, որ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը դադրեցնելու համար պէտք է բաւարարուին իր պահանջները, որոնցմէ հիմնականը միջանցքին մէջ հսկիչ անցագրային կէտի տեղակայումն է: Շրջափակման դադրեցման միւս հաւանական տարբերակը Ատրպէյճանի դէմ յստակ միջազգային ճնշումն է, որ պէտք է ուղեկցուի պատժամիջոցներու կիրառման սպառնալիքով: Սակայն, ո՛չ Եւրոմիութիւնը, ո՛չ ալ արեւմտեան առանձին պետութիւնները առայժմ կը դիտարկեն Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու հարցը: Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանին, ապա ան չի պատրաստուիր ուժ կիրառել միջանցքի բացման նպատակով: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ շրջափակումը կրնայ շարունակուիլ:
-Եւրոպացի դիտորդները արդէն իսկ Հայաստանի սահմաններուն վրայ են։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց օգուտը։
-Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը ինչ-որ չափով կը նուազեցնէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ նոր ռազմական յարձակումներու հաւանականութիւնը, սակայն, չի բացառեր զայն: Միեւնոյն ժամանակ, պէտք է յստակ հաստատել, որ առաքելութիւնը չի ժամաներ Հայաստան սառեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, այլ նպաստելու բանակցութիւններու աշխուժացման եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման:
-Նոյն դիտորդական առաքելութեան հետ կապուած, ինչքա՞ն արդար կը համարէք Ռուսաստանի կողմէ հնչած մտահոգութիւնները։ Կա՞ն հիմքեր մտածելու համար, որ այս բոլորը կը կատարուին Ռուսաստանը Հայաստանի տարածքէն դուրս մղելու նպատակով։
-Կը կարծեմ, թէ այս մտահոգութիւնները չափազանցուած են: Դժուար թէ պատկերացնեմ, որ 103 հոգիէ բաղկացած անձնակազմը, որմէ շուրջ 70-ը դիտորդ է, ի վիճակի է յանգեցնելու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութեան եւ Ռուսաստանը դուրս մղելու երկրէն:
-Արցախի մէջ կա՞ն քաղաքական ներքին խմորումներ։
-Արցախի պետական նախարարի պաշտօնանկութիւնը կը վկայէ ներքին քաղաքական լարուածութեան մասին: Կը մնայ յուսալ, թէ Արցախի քաղաքական վերնախաւը կարողանայ խուսափիլ լարուածութեան ապագայ սրումէն, ինչ որ կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ՝ լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած Արցախին համար:
-Գալով Հայաստանին, նկատելի է, որ ընդդիմութեան թափը կոտրուած է եւ ասոր դիմաց իշխանութիւնները սիստեմաթիք քայլերու կը դիմեն հարուածներ հասցնելու համար տկարացած ընդդիմութեան։ Այս վիճակը երկար կը շարունակուի՞։
-Իմ գնահատմամբ, 2021-ի յունիսի արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ ձեւաւորուած ընդդիմութիւնը հիմա բաւականաչափ թուլացած է եւ ես նախադրեալներ չեմ տեսներ այս իրավիճակի փոփոխութեան համար: Միեւնոյն ժամանակ, առայժմ չկան քայլեր նոր ընդդիմութիւն մը ձեւաւորելու ուղղութեամբ: Կը կարծեմ, թէ այս իրավիճակը կրնայ շարունակուիլ քանի մը տարի եւս։
-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումները եւ այդ առումով ակնկալելի՞ է, որ Միացեալ Նահանգները Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ կարեւոր եւ բեկումնային առաջարկ-քայլերու ձեռնարկէ։
-Միւնիխի մէջ որեւէ էական յառաջընթաց չէ արձանագրուած: Ատրպէյճան կը շարունակէ յառաջ տանիլ իր առաւելագոյն պահանջները, որոնց բաւարարումը կը նշանակէ Հայաստանի անձնատուութիւնը: ԱՄՆ շահագրգռուած է խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմամբ՝ յոյս ունենալով, որ այդ մէկը կրնայ առաջին քայլը ըլլալ Ռուսաստանը Արցախէն եւ Հայաստանէն դուրս մղելու ուղղութեամբ, սակայն, չեմ կարծեր, թէ կողմերը մօտ են խաղաղութեան:
Երեւան