ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ
Պայծառակերպութիւն կամ Այլակերպութիւն՝ «Վարդավառ»ը՝ հինգ Տաղաւարներու երրորդն է։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ Պայծառակերպութեան տօնը՝ Քրիստոսի աստուածութեան բացայայտման տօնախմբութիւնն է։
«Սրբեա Տէր, զմեղուցեալ Քո ծառայիցս եւ շնորհեա տեսանել զՔեզ եւ լսել զհայրական զձայնն, եթէ դա՛ է Որդի իմ սիրելի…»։
Թարգմանաբար շարականագիրը կ՚ըսէ.- Սրբէ, ո՜վ Տէր, մեղուցեալ Քու ծառաներու զգայարանները եւ շնորհէ տեսնել Քեզ ու լսել Քու Հայրական ձայնը, թէ՝ դա՛ է իմ սիրելի Որդին։ Շարականագրի այս խօսքերը կը յիշեցնէ մեզի տաղաւար այն տօնը՝ Պայծառակերպութիւնը, որ Հայ Եկեղեցւոյ գլխաւոր տօներէն է եւ կը տօնուի Զատիկէն 14 շաբաթ յետոյ։
Ամէն մէկ հաւատացեալ ունի իր սեփական մեղքերը եւ որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ կարենայ տեսնել ու հասկնալ Քրիստոսի աստուածութեան լո՛յսը, պէտք ունինք շարականագրի նման ըսելու. «Ո՜վ Աստուած իմ, մաքրէ մեր զգայարանները, որպէսզի մենք ալ կարողանանք տեսնել ու լսել…»։
Արդարեւ Աստուածը տեսնելու եւ Աստուածը լսելու համար արտասովոր աչքերու չի կարօտիր մարդ, ինչպէս զԱյն լսելու համար տարբեր ականջներու պէտք չունի, հապա պէտք են սրբուած եւ մաքուր զգայարաններ՝ մեղքի կեղտէն մաքրուած զգայարաններ, որպէսզի կարողանայ տեսնել, լսել ու զգալ՝ ապրիլ այնպէս, ինչպէս երեք առաքեալներ տեսան, լսեցին ու ապրեցան Թաբոր լերան վրայ։
Ուստի ո՛վ որ չի խոստովանիր իր մեղքը, ով որ չի հրաժարիր մեղքէն, բացարձակապէս իրաւունք չունի՛ մօտենալու Աստուծոյ եւ տեսնելու Անոր դէմքը, լսելու Անոր ձայնը։
Ուստի Յիսուս Թաբոր լերան վրայ իր աշակերտներուն ցոյց տուաւ իր աստուածային փառքը՝ պայծառակերպելով կամ այլակերպելով, լոյսերու մէջ լոյսի նման երեւելով անոնց։ Արդարեւ Աստուած լո՛յս է. Աստուծոյ փառքը կը յայտնուի լոյսով…։
Նոյն ձեւով իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր ողջ կեանքով, իր հաւատքով, իր գործով, իր ապրելակերպով պէ՛տք է, պատասխանատո՛ւ է՝ մաքրագործուիլ, սրբուիլ մեղքերէ՝ ցոյց տալու իր աստուածանման էութիւնը, աստուածային կերպը։ Չէ՞ որ մարդ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ…։
Իւրաքանչիւր անհատ իր մէջ ունի աստուածային մասնիկ մը, շունչ մը, նշոյլ մը եւ կենդանութեան նշան մը։ Ահաւասիկ մարդ պէտք է անդրադառնայ այդ աստուածային մասնիկին, անդրադառնայ իր էութեան, իր արժէքին ու արժանաւորութեան եւ հաւատարիմ մնայ իր կոչումին՝ սրբութեա՛ն։
Այս իմաստով Պայծառակերպութեան տօնը հրաւէր մը, առիթ մըն է նիւթապաշտ եւ աշխարհասէր մարդկութեան, որ ամբողջ մարդկային մտքի սահմանափակումներէն եւ կուրութիւններէն, անտարբերութիւններէն բարձրանան դէպի աստուածգիտութեան լո՛յսը։ Թող հասկնան ու անդրադառնան վերջապէս նիւթապաշտները, աշխարհասէրները, որ սպաննելով ու անտեսելով Աստուծոյ երկիւղը՝ կը մեռցնեն նաեւ իմաստութիւնը։ Իսկ երբ կը լռէ Աստուծոյ երկիւղէն սկիզբ առած իմաստութիւնը՝ ապա կը մնայ միա՛յն զիրար յօշոտող՝ բզիկ բզիկ ընող «գայլացած մարդիկ»՝ հաստատելով այն խօսքը, թէ մարդը մարդուս գա՛յլն է…։
Ուստի Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը, այլակերպութիւնը պէտք է պայծառակերպութիւն կամ այլակերպութիւն ըլլայ ամէն մէկ քրիստոնեայ անհատի համար, որպէսզի ան հեռո՛ւ մնայ մեղքերէն եւ ամէն տեսակ չար խորհուրդներէն, որպէսզի անոր հոգին պայծառանայ, լուսաւորուի եւ փայլի։
Որպէսզի քրիստոնեան իր երկրաւոր, աշխարհային կեանքը ապրի մաքուր զգայարաններով, արժանանայ Աստուածտեսութեան ու Աստուածճանաչութեան ու լսէ Աստուծոյ ձայնը, թէ՝ «Դա՛ է Իմ սիրելի Որդին»։
Եւ մերօրեայ Եկեղեցին մարդոց աչքը կ՚ուղղէ դէպի Աստուծոյ օրէնքին բարձունքը՝ որպէսզի անոր կեանքը շաղախուի աստուածային անայլելի մշտնջենաւոր սկբունքներով. ապաշխարին մարդիկ՝ ազատին մեղքերու կապանքներէն, չպաշտեն իրենք զիրենք, այլ դառնան դէպի լոյս, դէպի Աստուած, դէպի ճշմարտութի՛ւն եւ իրենց կեանքի ճանապարհը լուսաւորեն Անոր լոյս պատուիրաններով՝ որոնք մաքուր ոսկիի նման փայլուն կ՚ընեն իրենց հոգին…։
Պայծառակերպութեան այս տօնը հրաւէր մըն է՝ անդրադարձ մը ժողովուրդին՝ հաւատարիմ մնալու իր հաւատքին, իր սրբութիւններուն եւ իր Եկեղեցիին մանաւա՛նդ։
Նայինք ու տեսնենք մեր հաւատքի կեանքին մէջ մեր արժանաւորութեան, ուշադրութիւն դարձնենք պատմութեան ընթացքին լեռներու բարձունքներուն վրայ կանգնած մեր վանքերուն՝ որոնք սրբավայրեր են եղած եւ գանձատուն՝ մեր հայրենի հաւատքին…։
Հոգիի աչքով դիտել փորձենք բլուրներու եւ դաշտերու վրայ ցանուած ու տարածուած խաչքարերուն եւ անոնց միջոցով յիշենք մեր հայրապետները, մեր սուրբերը, նուիրուած վարդապետները, ծառայասէր քահանաները՝ որոնք մեզի համար հրաշալի՜ բարձունք կառուցեր են, հաստատուն շէնք մը՝ որ կը կոչուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի։
Եւ այդ հոյակապ, վիթխարի կառոյցին վրայ, այդ բարձունքին վրայ մեր տէր Յիսուս Քրիստոսի լուսապայծառ պատկերն է, որ կը փայլի եւ պիտի շարունակէ փայլիլ յաւիտեա՜ն…։
Աղօթենք, սիրելինե՜ր, եւ աղօթքի մէջ պիտի գտնենք մեր մխիթարութիւնը։
Հաւատա՜նք, սրտակիցներ, եւ հաւատքի մէջ պիտի գտնենք մեր կեանքի ճշմարտութիւնը։
Բարձրանա՜նք, ազնիւ բարեկամներ, եւ հոգեկան այդ բարձունքի մէջ պիտի գտնենք աստուածային պայծառ լո՛յսը։
Ժողովուրդին համար Պայծառակերպութեան տօնը, «Վարդավառ» է նաեւ։
Պայծառակերպութիւն եւ Վարդավառ ցոյց կու տան Աստուծոյ փառքը։
«Վարդավառ»ով Յիսուս կը նմանցուի վարդի՝ որ կը վառի իր ամբողջ գեղեցկութեամբ եւ կ՚ազնուացնէ հոգիները։
Այս իմաստով, մեր նախնիները, նախահայրերը չեն մոռցած ժողովուրդին «նախաքրիստոնէական»ը, զայն միահիւսեցին միաստուածութեան ճշմարիտին հետ՝ որպէսզի Հայ Եկեղեցին ճշմարտապէս դառնայ «հայկակա՛ն» ե՛ւ «քրիստոնէակա՛ն»։
Ուստի հայ-քրիստոնեային համար Մայր Եկեղեցին է միա՛կ հոգեւոր բարձունքը։
Իւրաքանչիւր հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալի համար «Պայծառակերպութիւն» կամ «Վարդավառ», այս տաղաւար տօնը առիթ մը թո՛ղ ըլլայ անդրադառնալու իր լուսապայծառ, լուսաշող էութեան եւ լուսաւորուի ու լուսաւորէ իր ներկան, իր ապագան՝ որ իրեն փոխանցուած է լոյս անցեալէ մը…։
Ուստի Պայծառակերպութեան կամ Վարդավառի տօնին, Սուրբ Էջմիածինը ըլլայ Թաբոր լեռը՝ դառնայ ժամանակակից Թաբոր լերան ժողովուրդին համար, որպէսզի ամբողջ ժողովուրդը պայծառակերպուի, լուսաւորուի՝ լեցուի աստուածային լոյսով։ Պայծառակերպութիւնը թո՛ղ աստուածճանաչութեան առիթ մը ըլլայ բոլորիս համար, քանի որ անով միա՛յն կարելի է այլակերպիլ, պայծառակերպուիլ եւ «լոյս աշխա՜րհ» մտնել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 30, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024