Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, անցեալ կիրակի Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովսէփ Քհնյ. Կարապետեան, եկեղեցւոյ սարկաւագաց դասու անդամները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։

Նախքան Տէրունական աղօթքը հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակը՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ։

Օրուան քարոզին մէջ հայր սուրբը մասնաւորապէս շեշտեց, որ Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած էր Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի ջանքերով, երբ ան հոգեւոր հովիւի պաշտօն կը վարէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքէն ներս։ Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցին ունի կարեւոր պատգամ մը իր գոյութեամբ, որովհետեւ ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայութեան կոթողներէն մին կը համարուի։ Քարոզի տեւողութեան հայր սուրբը անդրադարձաւ նաեւ Մեծ պահոց Անիրաւ տնտեսի առակին։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի առթիւ ընդունելութիւն, որու ընթացքին հայր սուրբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց բոլոր հաւատացեալներուն հետ՝ մանաւանդ նախկին պոլսահայերու կողմէ ջերմօրէն շրջապատուելով։

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2023