ԻՄ ԵՒ ՄԵՐ ՏՂՈՑ ԱՐԵՒԵԼՔՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ -Դ-

Անդրադառնամ մեր Հայաստան այցելութեան եւս, որ զուգադիպեցաւ մեր մանուկ հասակին սովետական վերջին հանգրուաններուն: Հայաստան իբրեւ էոյթ, ինքնութիւն, պատկանելիութիւն, չափանիշ եւ շատ շատ բաներ, մեր մտքին մէջ նոյն արեւմտեան իտէալականացումի ոճով բայց ուրիշ դրսեւորմամբ ու չափով կար ու կը գործէր: Քանի որ մեծցած էինք շատ մեծ հայկական լիցքերով եւ մեր նոյնիսկ զգացական աշխարհը աւելի հայկականութեան լարերով կը նուագուէր եւ այդ մէկը իր հիմքով եւ եզրով Հայաստան մը ունէր իր մէջ ու անոր շուրջ կը թաւալէր, ինչքան ալ ենթակայական եւ շատ անգամներ անկապ ըլլար այդ թաւալում-պտտումը, ենթակայ՝ յարաբերաբար ո՛չ միայն Հայաստանէն, այլ նոյն Արեւելք-Արեւմուտք մեր ընկալումէն, մեր իրականութիւններէն, մեր կեանքի ընթացքէն, գաղափարներէն ու ծրագիրներէն: Եւ տեղ մը մանուկ ալ ըլլալով գիտէինք, որ այդ Հայաստանը, որ գծուած է վառօրէն մեր մէջ, մեզմէ աւելին է եւ պիտի չկարնանք «գլուխ ելլել հետը», բայց շատ հաճելի էր եւ առինքնող եւ այն ապագային ու միշտ պէտք է մնար երազային: Ես տեսակ մը այդ «հին մանուկներէն» էի եւ շուտ եղաւ հանդիպումս Հայաստանին հետ իր վերջին սովետական օրերուն, հոն իմ մանկական ընկալումով ալ տեսայ ու գտայ, որ մեծ տարբերութիւն կայ մեր գծածին ու իրականութեան միջեւ։ Կրնամ ըսել ետդարձով (քանի յաճախ երբ մանուկ ես եւ ապագային ալ կը յիշես մանկական ապրումներդ ու միտքերդ, կը զգաս յաճախ, որ անոնք անժամանակ ու անգերազանցելի են, չըսելու համար ճշմարիտ: Մարդը ինքնին իր բոլոր ժամանակներով ամբողջական է, ինչպէս կ՚ըսէր Հերման Հեսսէ) զգացի, որ ապագային ինծի համար ալ եղած սովետականն ու ուրիշը Հայաստաններուն պիտի վերածուէին «իրողախայթ իրականութիւններու», որոնք պիտի տանջէին ու տեղ մըն ալ վիրաւորէին երազային, պատմական, առասպելական ու իտէալական Հայաստանը մեր մէջ: Եւ այդ մէկը ապագային ակամայ պիտի վերածուէր ամենօրեայ մեծ բախումի եւ հոգեշետաւորման. յատկապէս Հայաստան հաստատուելէ վերջ, հակառակ մշտարթուն ձեւով պիտի փորձէր բերել այս գետնի վրայ մեր ունեցած մանկականէն, սփիւռքեանէն, իտէալականէն եւ միւս ունեցած Հայաստաններէն մեր բեկորները, յաջող կամ ձախող հունաւորումներով: Կարծես մեզի համար եւ մանաւանդ միջինարեւելեան սփիւռքի մէջ, հայկականութիւնն էր ամենաարժէքութիւնը, իսկ Հայաստանը իտէալական տարածք էր, որ նոյնիսկ եթէ իրականանար՝ հայկականութեան չէր հասներ եւ միշտ պիտի փորձէր պատմութեան հենքը օգտագործելով նմանիլ անոր:

Դառնալով արեւմտեան իտէալին՝ պէտք է նշել, որ այն կիրառելի էր, իսկ հայաստանեանը ո՛չ: Արեւմտեան իտէալը տեսանելի ու շօշափելի էր եւ ինքզինքին չհակասող, իսկ հայաստանեանը ու նոյնիսկ տեղ մը հայկականը (մանաւանդ հայաստանեանով) աւելի հակասող էր մեր իտէալականով: Հայաստանեան մանկական այցելութիւնը ինչքան ալ առատ ու մեծ զգացական պոռթկումներ ու «արարատեան սիրոյ» պայծառացուած թեւեր տուաւ, ներքին ու մարդկային ընկերաբանութեամբ մը (ինչ որ նոյնպէս տարիք չի ճանչնար), առանցքուեցաւ Արեւելք-Արեւմուտք բախումներու, դաշնակցութեանց, կայացումներու, փոխգերազանցութեանց եւ այլնի մէջ: Հայաստանի մէջ ակամայ մանկական ալ կերպարով ես (մերիններուն հետ) վերածուեցայ «արեւմուտքցի»ի, հակառակ որ կու գայինք իսլամական ու տեսականօրէն «խոր արեւելք» համարուող Հալէպէն, Սուրիա: Անկեղծօրէն այդ մէկը հաճելի էր եւ հաճելի մնաց ու կարծեմ նոյնը կայ չինացիին, ճաբոնցիին, արաբին եւ բոլորին համար, այսինքին ան, որ արեւմտեան կ՚ըլլայ կամ ակամայ արեւմուտքցիի կը վերածուի արեւելքի նոյն իր հայրենակիցին դիմաց (կեղծաբար կամ իրականօրէն): Եւ տեղ մը գոհացուցիչ է, ինչո՞ւ, որովհետեւ շատ կամ քիչ արեւելեան պակասութեան զգացումի մը հետ արեւմտեանի տեսակ մը կատարելութիւնը կը հոսի, այն կը մտնէ նոյն գիտութեան, մշակոյթի բերած նորարարութեան ու վերելքի մէջ, որոնք արեւմտեանով կը կատարուին արեւելքի մէջ: Եւ այդ մէկը յաճախ յառաջադէմ խաղացողին՝ արեւելքի մէջ կրնայ նիշեր շահեցնել, բայց միեւնոյն ատեն չդրժելով, որ իրական յառաջադէմն ու արդիականն ալ բնականաբար Արեւմուտքի հետ կապի մէջ պէտք է ըլլալ եւ անոր «ներկայացուցիչ» ըլլալը իր վատ ու լաւ իմաստներով տեսակ մը առաւելութիւններու կը տանի: Անշուշտ, իսլամական աշխարհին մէջ այս մէկը, մանաւանդ իր պահպանողական ու քիչ մըն ալ արմատական իմաստով, ուրիշ մարմնաւորումներ ունի, քանի կրօնքի հանգամանքը կայ հոն:

Հայաստանի մէջ «արեւմուտքցի»ն այդ օրերէն ի վեր մէջս բացաւ սովետականի եւ Արեւմուտքի, յետոյ անկախ Հայաստանի դաշտով ալ եղած Արեւելք-Արեւմուտք խնդիրները: Մեծ սովետական ֆոնով, որ կը ներփակէր 15 երկիր եւ Արեւելեան Եւրոպան, կ՚աշխատէր արեւմտեանի մը հետ դարձեալ արժէքաբանութեան ու թերարժէքութեան ալ ուրիշ բախում մը, որ փաստօրէն ռուսականով կ՚ուզէր ձախող ու խաբող գերազանցութիւններ ապրիլ, աւելի ապաւինելով աթոմական ու բանակային ուժերուն: Չմոռնանք, որ ռուսականը պատմականօրէն ուզած էր Արեւելքէն մաս մը ձեռքին տակ առնել կամ եւրոասիականով Արեւմուտքը նուաճել: Սովետականը իր ամէն ինչով պարտուած էր՝ ինչպէս ռուսականը, խնդիրը Պերլինի պատէն անդին էր եւ իմ մանուկի մազի սանտրուածքով ու հագուստով, երբ Հայաստանի մէջ արդէն արեւմտեանով կը փութար, արդէն մէկ երեւոյթով եւ անոր պէս հազար երեւոյթներով արեւմտեանը ահռելիօրէն ցանկալի-ձգտելի ու չափանիշային կ՚ըլլար ամէն ինչով: Այն ժամանակներուն զգացականօրէն քիչ մը հայաստանեան Արեւելք-Արեւմուտք ընկալումը կը կապէի մեր սփիւռքահայութենականութեան եւ արեւմտահայերէն խօսելնուս հետ եւ տեսակ մը անգիտակցօրէն կամ հակադիր մօտեցմամբ Հայաստանին այդքան ալ իր չունեցած առաքինութիւն մը տալու մղումէն ելած կ՚ընէի այդ մէկը: Մանաւանդ երբ հեռու էի Հայաստանէն, անոր դրականութիւն մը տալու ու կարօտի աղբիւրներ ստեղծելու համար այսպէս ըսած դիտաւորեալ ինքնաբերական ու ենթագիտակից մաքրագործում մը պարգեւելու: Ու մանաւանդ օտար եւ ոչ-հայկական միջավայրերու մէջ բնականաբար այդ տեսակ մը կառուցուած եւ չինքնաբուխ առաքելութիւնը տալով համոզուածօրէն կը կազմէինք պայծառ ու շատ փափաքելի, առաքինի, ծանուցուող եւ ապրեցնող Հայաստան մը:

Անցած է 30 տարի Հայաստանի անկախութենէն եւ տակաւին հոս (աւելի քան Ռուսաստանի եւ կարծեմ միւս սովետական երկիրներուն) մեծ ծարաւ կայ Արեւմուտքի հանդէպ, ինչքան ալ ձեւականօրէն ու ինքնախաբէութեամբ հին սերունդը սովետականը կը կարօտնայ (ինչ որ անզօրութեան-անկարողութեան ու տկարութեան նշան է՝ քան գաղափարախօսութեան կամ իրապաշտութեան): Հայաստանը սովետական երկիրներուն մէջ ամենաշրջափակուածն է, անոր կը գումարուի մեծ վախերը Թուրքիայէն (այսինքն միշտ աշխարհին բացուելու գործը սահմանները խորտակելով կամ շրջանցելով կը կայանայ), ինչ որ ենթագիտակցօրէն անկարելիութիւն մը կը պարզէ եւ ժողովուրդին կու տայ աւելի ընչաքաղցութեան կապուելու կամ այդ պարագային ալ «փրկուելու սահմաններէն», արեւմը-տեանին հանդէպ յայտնուած կամ չյայտնուած սէրը շատ աւելի մեծ ու յարաբերականօրէն չտեսաբար ու ահռելի աստիճանով ինքզինք կը դրսեւորէ: Անշուշտ, պաշտօնական ու ժողովրդային ալ պարզ մակարդակով Հայաստանի համար տակաւին Արեւմուտքը ռուսականով կ՚անցնի եւ, ցաւօք, տեղ մըն ալ կը մաղուի, իսկ անոր պատճառը ռուսերէնի, ռուսական գերակայութեան եւ անվտանգութեան ալ լծակներէն կու գայ: Բայց զարգացած անձը գիտէ, որ այդ բռնատիրական է ու կեղծ եւ Արեւմուտքի «միջնորդուած ըլլալը» (մանաւանդ ռուսականով) աւելի կեղծ է եւ վտանգաւոր՝ քան արեւելեան դատն ու այսպէս ըսած արեւելականութիւնը: Ինծի համար ալ կար հեռուէն սովետականի իտէալական տարբերակ մը, քանի համայնավարութիւնը մարդկային առումով չի կրնար չյուզել, ինչքան ալ տարբեր տեսքեր ունենայ ան: Եւ Սովետական Միութեան պարագային չմոռնանք, որ ուժականութիւն մը եւ մեծ քարտէս մըն ալ ունէր, որ չէր շրջանցուեր դիւրաւ: Բայց երբ տեսայ Հայաստանը, յետոյ Պուլկարիան, Վրաստանը, Ռումանիան եւ նոյնինքն Ռուսաստանը (առանց մոռնալու որ նոյն Սուրիան ալ սովետական պլոքին անդամ էր)՝ զգացի, որ ներդաշնակ չեն այդ երկիրները եւ ամենակարեւորը՝ ազատութիւն չկար, իսկ ամերիկեանը, ֆրանսականը, անգլիականը, նոյնիսկ արաբականը ուղղակի մշակող ըլլալու չափ հերկող էին եւ տակաւին են այդ երկիրներուն մէջ:

Եւ հոս պէտք է ըսենք, որ հակառակ մեծ սփիւռքին՝ Հայաստան մնաց հին Սովետական Միութեան երկիրներու ամենասովետականը՝ դարձեալ փակ սահմաններով:

Հետաքրքրական է ըսել արաբականը իր 500 միլիոնով (կրօնականէն անդին) մեծ նուաճումներ չէ կրցած ստեղծել՝ հակառակ մեծ բացուածութեան Արեւմուտքին հետ, բայց արեւմտեանով հմայուածութեան մեծ ու կլանող բեռէն չէ կրցած ազատիլ ան: Իսկ եթէ պատկերացնենք հայկականը ստեղծելը, ինչ որ շատ դժուար գործ է (ողբասացութենէն անդին), բնականաբար պիտի անցնինք ամերիկեանի, եւրոպականի, արաբականի եւ նոյնիսկ պարտուած ռուսականի ալ մեծ կարօտներու ու անոնցմով կայացումներու ընդմէջէն ինչպէս որ է վիճակը յատկապէս արեւելեան փոքրիկ պետութիւններուն մօտ:

Մանկական այցելութեանս ընթացքին երբ ռուս գեղեցիկ աղջիկ մը ինձմէ ուզեց «թի-շըրթ»ս, Սովետական Հայաստանի մէջ պահ մը անսահման ուրախութեամբ կարծեցի, որ «Նիւ քիտզ օն տը պլոք»ի անդամ եմ եւ մտածեցի, թէ անոնք ուրեմն ի՛նչ են…

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2023