ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն միջեւ հանդիպում մը։ Այս մրցումը կը զուգադիպի՝ երկու երկիրներու միջեւ սկիզբ առած յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ժամանակաշրջանին։ Ճիշդ է, որ 2008 թուականի ֆութպոլի դիւանագիտութեան կրկնութիւնը այս անգամ տեղի չ՚ունենար, սակայն, Անգարա-Երեւան առանցքի վերջին շրջանի աշխուժութիւնը արդէն արտասովոր նշանակութիւն կը վերագրէ այսօրուան հանդիպման։ Հայաստան-Թուրքիա խաղը տեղի կ՚ունենայ 2024 թուականի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումներու շրջանակին մէջ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականները վիճակահանութեան արդիւնքով մաս կազմած են «Եւրօ-2024»ի որակաւորման D խմբակին։ Ուստի, այսօր երկու խումբերն ալ կ՚ունենան իրենց առաջին հանդիպումը։ Երեկոյեան, Թուրքիոյ ժամով 20.00-ին, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ նախատեսուած է հանդիպումը։

Հայաստան-Թուրքիա այսօրուան հանդիպման ընդառաջ, երէկ արդէն Երեւանի մէջ երկու խումբերու մարզիկները եւ մարզիչները սարքեցին մամլոյ ասուլիսներ եւ կատարեցին իրենց վերջին պարապմունքները։ Թուրքիոյ ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ Շտեֆան Քունց այս առթիւ յայտնեց, որ հաւաքականի նպատակն է «Եւրօ-2024»ի որակաւորման փուլի խաղերու առաջին քայլափոխին յաղթանակ մը ապահովել։

Երկու խումբերուն միջեւ պատասխան հանդիպումը նախատեսուած է յառաջիկայ աշնան՝ այս անգամ Թուրքիոյ մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023